Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանին ուսումնական 68-րդ տարեշրջանի առաջին զանգը հնչեց Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, իր յարկին տակ համախմբելով աշակերտները, ազդարարելով ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբը:
Հայ աշակերտին երկրորդ տունը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանը, միշտ եղած է ու կը մնայ հայ կրթութեան, լուսաշող ապագայի կերտման դարբնոցը: Հոս գիտութիւն ամբարելու կողքին նաեւ կը ծանօթանայ մեր լեզուին ու զայն ստեղծող ժողովուրդի գաղտնիքներուն, մշակոյթին՝ դարաւոր պատմութեան ծալքերուն հետ միատեղ, ու անկասկած նաեւ կը ներշնչուի անոնցմով ու վերջապէս կը ջերմացնէ իր հայու հոգին:
Վերամուտի բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ միջն. Գ. կարգի աշակերտ Յակոբ Պէքարեան, ուր իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս գեղակերտ շէնքին մէջ այսօր կեանքը կը սկսի Սրբ. Մեսրոպ Մաշտոցի լոյս ճառագայթով: Տարիներու ընթացքին, նորանոր յաջողութիւններով պսակուած ուսումնական տարիները, այս տարի եւս ուսումնատենչ ոգիով պիտի շարունակենք մեր գոյերթը»: Ապա աւելցուց ըսելով. «Տուն եւ դպրոց միակամ պիտի գործակցին՝ ամբողջացնելով զիրար ու ստեղծելով ներդաշնակ միջավայր սիրալիր փոխյարաբերութեամբ ու հաճելի մթնոլորտով, ուր պիտի տիրէ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը»:
Ասմունքի միջոցով աշակերտին ուխտը ներկայ աշակերտութեան փոխանցեց միջն. Բ դասարանի աշակերտ Գէորգ Գէորգ՝ արտասանելով Յովհաննէս Թումանեանի «Մեր ուխտը» բանաստեղծութիւնը՝ կոչ ուղղելով յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, զինուելու գիտութեան լոյսով եւ աչքերը սեւեռած պահելու «Միշտ դէպի վեր՝ դէպի լոյսը մեր ուխտի»: Այնուհետեւ միջն. Ա դասարանի աշակերտուհի Ռիթա Մարտիրոսեան դաշնամուրի վրայ գեղեցկօրէն մեկնաբանեց Ալ. Ալեքսանդրեանի «Նազ պար»-ը: Ապա նախ. Զ դասարանի աշակերտուհի Ալին Գէորգեան թովիչ ձայնով մեկնաբանեց «Հարազատ դպրոց» երգը:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք վարժարանիս տնօրէնուհի տիկ. Կալինա Նաճարեանը բարի եւ ուրախ վերամուտ մաղթելէ ետք ըսաւ. «Նոր ուսումնական տարեշրջանը պիտի ըլլայ վերանորոգ ու հաստատակամ ոգիով ազգային արժէքներ փոխանցելու տարի մը, որպէսզի աշակերտներն ալ իրենց կարգին, զինուելով արդի գիտելիքներով, կարենան ապագային դիմագրաւել իրենց դիմաց ծառացած բոլոր դժուարութիւնները՝ կազմաւորուելով դառնալ լաւ մարդ ու լաւ հայ, թրծուիլ հայեցի շունչով, ինչպէս նաեւ հարստանալ մեր հարուստ գանձերով՝ հայ լեզուով ու Հայոց պատմութեամբ: Մենք ձեզմով է որ պիտի հպարտանանք ու ձեզմով է որ ապահով պիտի զգանք եւ ունենանք յոյս հայ ազգի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման»: Ապա յետադարձ ակնարկ մը նետելով արժեւորեց անցնող տարիներու վարժարանիս դիմակալած բազում դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրախութեամբ մատնանշեց զանազան նուաճումներն ու յաջողութիւնները: Հետեւաբար, իր եւ աշակերտութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անհատ բարերարներուն, անձնուիրութեամբ գործող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինին, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմին, ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն եւ Սանուց միութեան, որոնք աչքի լոյսի պէս կը պահպանեն վարժարանին գոյատեւումն ու բարձր վերելքը:
Յայտագրի աւարտին, աշակերտները իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ ունեցան խմբանկարներ, որմէ ետք խրոխտ եւ ուրախ քայլերով ուղղուեցան իրենց դասարաններն ու Վահան Թէքէեանի շունչով եւ ոգիով թրծուած սկսան իրենց նոր տարեշրջանը:
Իսկ մանկապարտէզի 2018-2019 կրթական տարեշրջանը ընթացք առաւ Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 7։00-ին, երբ ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ միասին ժամանեցին մանկապարտէզի զարդարուած բակը, ուր իրենց կը սպասէին ուսուցչուհիներն ու «Պայուսակէ» կերպարը։
Տարեշրջանի բացումը կատարեց մանկապարտիզպանուհի տիկ. Վերա Հաննա, ուր, դիմաւորելով վարժարանիս մանկապարտէզի 68-րդ վերամուտը, յայտնեց, թէ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը պիտի շարունակէ իր սուրբ առաքելութիւնը՝ պատրաստելով պարկեշտ հայ անհատներ, անոնց սորվեցնելով փոխադարձ յարգանք, ընկերասիրութիւն, ճշմարտախօսութիւն եւ աշխատասիրութիւն։
Ապա փոքրիկները մաս կազմեցին պարերու, խաղերու եւ անակնկալներու, ինչպէս նաեւ ծնողներուն առիթ տրուեցաւ արտայայտելու իրենց տեսակէտը վարժարանիս կրթութեան եւ կրթադաստիարակչութեան նկատմամբ։
Երբ հնչեց զանգը, անոնք, ցտեսութիւն մաղթելով իրենց ծնողներուն, բարձրացան դասարանները՝ շարունակելու համար իրենց համար պատրաստուած յատուկ յայտագիրը։
Տուն վերադարձին աշակերտները իրենց գլխուն վրայ ունէին վերամուտը խորհրդանշող թագեր, տոպրակ մը լեցուն վերամուտի յարմար պիտոյքներ՝ նուիրուած ազգային բարերարի մը կողմէ:
Թող Ս․Մեսրոպի ոսկեզօծ տառերով սնանող իւրաքանչիւր հա՛յ աշակերտ հպարտ զգայ իր պատկանելիութեամբ ու ազգային բարձր ոգիին:
Բարի, յաջող եւ ուրախ վերամուտ: