Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ճարտարապետ Գայիանէ Մահրէճեան. «Ռիատի Մեթրոյի Ծրագիրը Այսօր Կը Համարուի Աշխարհի Ամենամեծ Շինարարութեան Նախագիծը»

Վարեց՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Գայիանէ Մահրէճեանի անունը կը լսէի պատահմամբ։ Կարճ այցով մը Երեւան եկած հայուհին ներգրաւուած էր Սէուտական Արաբիոյ կառուցման բաւական հսկայական ծրագիրին մէջ։ Հայրենի «Նիուզ» լրատուական կայքը Գայիանէին մասին կարճ լրատուութիւն մը ըրած էր ու ես կարգ մը ընկերներու օգնութեամբ յաջողեցայ «հասնիլ» հայուհիին։

Լիբանանի մէջ ընթացք առած մասնագիտական աշխատանք, Արաբական ծոցի երկիրներու մէջ ճարտարապետական գործունէութիւն, Սէուտական Արաբիա, Հայաստանի հետ կապ եւ կապուածութիւն։ Մէկ խօսքով՝ Գայիանէ  Մահրէճեան ճարտարապետ հայուհիին անցած ճանապարհը, անշուշտ միշտ նայելով դէպի հեռուն եւ կանգնելով նոր յաջողութիւններու տանող բարձրոտ ճանապարհի սեմին

Ռիատի «տիտանական» համարուող գետնուղիի (մեթրօ) կառուցման ծրագրին մէջ աշխատաող միակ հայուհին՝ Գայանէ Մահրէճեան Երեւանի մէջ պատասխանեց «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի հարցումներուն։


*

Սկսինք ձեր մականունով. ի՞նչ կը նշանակէ Մահրէճեան:

-Մեր բուն մականունը եղած է Մահսէրէճեան: Ատանայի մէջ հօրս մեծ հայրը զբաղած է գինեգործութեամբ եւ կոչուած է մահսարճի, որ արաբերէնով կը նշանակէ ձէթ կամ գինի «քաշելու» վայր, գործարան։ Ու վստահաբար արաբերէն գրութեան ժամանակ սխալ գրուած եւ եղած է Մահրէճեան:

Կը պատմէ՞ք ձեր մասին։ Ի՞նչպէս սկսաք այս ոլորտին մէջ ձեր աշխատանքին, ի՞նչպէս ընթացաւ ձեր ուղին:

-Ես ուսանած եւ աւարտած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB)՝ դառնալով շինարարական ճարտարապետ (civil engineer)*: Այդ ժամանակահատուածին Լիբանանի մէջ շատ մեծ թափով սկսած էր շինարարութիւնը: Սկզբնական շրջանին, աշխատեցայ հայկական հաստատութեան մը մէջ, որուն տնօրէնն էր Անդրանիկ Խաչատուրեանը: Կրնամ ըսել, որ ես շատ բան սորվեցայ այնտեղ։

Հայրս ուսումի համար մեկնած է Երեւան, ուր սիրահարուած է մօրս ու ամուսնացած: Ես ծնած եմ Երեւան, հետեւաբար մինչեւ վեց տարեկան ապրած եմ ծննդավայրիս մէջ: Անկէ ետք տեղափոխուած ենք Պէյրութ:

Ես մեծցած եմ հայկական շրջանակի մէջ, յաճախած եմ հայկական դպրոց, հետեւաբար շատ շփում չունէի տեղացիներու հետ: Սակայն երբ աշխատանքս փոխեցի եւ արաբական շրջանակի մէջ մտայ, աւելի սերտ շփում ունեցայ տեղացիներուն հետ եւ այդ մէկը շատ օգնեց, որ ես աւելի զարգանամ մասնագիտութեանս գծով:

Նախքան Սէուտական Արաբիոյ մասին խօսիլը, կ՚ուզեմ անդրադառնալ ձեր գործած տարիներուն Լիբանանի մէջ, ուր, ինչպէս նշեցիք, վաղ 90-ականներուն շատ մեծ թափ առած էր շինարարութիւնը եւ այդ մէկը անշուշտ փոխառնչուած էր յետպատերազմեան Լիբանանի իրավիճակին։ Սակայն ներկայիս Լիբանանի շինարարական ոլորտը այդքան ալ փայլուն չէ։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ է պատճառը:

-Պատճառը տնտեսական է: Ըստ իս՝ Լիբանանի մէջ շինարարութիւնը այդքան մեծ թռիչք չէ ունեցած, ինչ որ ունեցաւ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրօք, այսինքն՝ 1995-2005 ժամանակամիջոցին։ Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ Լիբանանը արաբական աշխարհի տնտեսական-քաղաքական գլխաւոր կեդրոնը հանդիսացաւ:

Այդ շրջանին էր, որ ես հայկական հիմնարկէն անցայ արաբական ընկերութիւն ու կարծես նոր ուղի մը բացուեցաւ իմ առջեւս։ Ես այդ ընկերութեան մէջ աշխատեցայ եօթը տարի՝ թէ՛ վաճառք եւ թէ շինարարական նիւթերու պատրաստում: Այդ մէկը ինծի համար հիանալի առիթ էր, որովհետեւ գործիս բերումով ստիպուած էի Լիբանանը ծայրէ- ծայր շրջիլ։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ես շատ մեծ փորձառութիւն ձեռք բերի:

Իսկ ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայաստանի ճարտարապետութեան մասին։ Լիբանանը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խառնուրդ է, իսկ հայկականը բոլորովին տարբեր է։ Ի՞նչ տպաւորութիւն ունիք հայաստանեան ճարտարապետութեան մասին։

-Հայկական ճարտարապետութիւնը շատ գեղեցիկ է, մանաւանդ Հայաստանի գիւղական շրջանները շատ մեծ տպաւորութիւն թողած են վրաս։ Կարծես ես քիչ մը աւանդապահ եմ՝ հինը կը սիրեմ: Իսկ, եթէ անդրադառնանք նորաձեւ շինութիւններուն, ըստ իս, տակաւին իրենց վերջնական ձեւը չեն գտած եւ դեռ որոնումի մէջ են: Անշուշտ նորարար շինարարական նիւթերն ալ տակաւին կը պակսին, բայց կը կարծեմ, որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ:

Անցնինք Սէուտական Արաբիաինչպէ՞ս հասաք Ռիատ:

-2005 թուականին, երբ Հարիրին սպաննուեցաւ եւ իր ներդրումը դադրեցաւ Լիբանանի մէջ, բազմաթիւ հարցեր յառաջացան։ Երկիրը մտաւ անորոշ փուլ մը եւ այդ տարին ես որոշեցի Լիբանանէն հեռանալ… Կը զգայի, որ աշխատանքի առումով ալ Լիբանանը իմ երազներուս գոհացում չէր կրնար տալ…: Նախ մեկնեցայ Քաթար, ուր աշխատեցայ օդակայանին մէջ: Քաթարէն անցայ Ապու Տապի, ուր աշխատեցայ «Պէկթէլ» ընկերութեան մէջ: «Պէկթէլ»-ը Քաթարի յառաջատար ընկերութիւններէն մին է եւ հոն տնօրէնս ալ ամերիկահայ՝ Գաբրիէլ Նազարեանն էր: Մէկուկէս տարի Ապու Տապի մնալէ ետք անցայ Տուպայ: Հոն ալ ֆրանսական ընկերութեան մը մէջ աշխատեցայ երկուքուկէս տարի: Բայց 2008 թուականին, երբ ամբողջ Տուպայի տարածքին ֆինանսական ճգնաժամ սկսաւ՝ ըս-տիպուեցայ վերադառնալ Ապու Տապի, «Պէկթէլ» ընկերութիւն, ուր ստանձնած էինք նաւահանգիստի կառուցումը, որ տեւեց երկու տարի:

Անկէ ետք գացի Մասքաթ, ուր երկու տարի կրկին օդակայանին մէջ աշխատեցայ: Իսկ վերջին հանգրուանս եղաւ Ռիատը: Արդէն երեք տարիէ ի վեր կ՚աշխատիմ Ռիատի մէջ:

Ինչպէ՞ս յաջողեցաք Ռիատ երթալ, որովհետեւ շատեր այն տպաւորութիւնը ունին, թէ Սէուտական Արաբիան «փակ» երկիր է եւ հոն ապրիլը դժուար է:

-Այո՛, Ռիատը փակ քաղաք է, սակայն այնքան չէ, ինչպէս շատեր կը պատկերացնեն: Ամէն ինչ բնականոն ձեւով կ՚ընթանայ, մարդիկ այնտեղ լաւ կ՚ապրին: Բնիկ ժողովուրդը շատ յարգանքով եւ սիրալիր է: Ես տեղացի բազմաթիւ ընկերներ եւ ընկերուհիներ ունիմ. բնաւ դժուարութիւն չունեցայ հոն ապրելու եւ շատ արագ մերուեցայ այդտեղի շրջանակին ու կենսակերպին։

Անոնք իրենց աւանդական կենցաղը պահած են: Անշուշտ ունին օրէնքներ, որոնց պէտք է ենթարկուիս, ինչպէս ուրիշ երկիրներու մէջ: Ինծի շատեր հարց կու տան. ի՞նչպէս կ՚ապրիս այդտեղ, կամ շատ չարչարուեցա՞ր հոն եւ այլն… Ո՛չ, ես չեմ չարչարուիր, ես իմ յօժար կամքովս գացած եմ եւ ուրախ եմ:

Կը յուսայի՞ք, որ կրնաք այսքան շուտ ընտելանալ եւ հանգիստ ապրիլ այդ քաղաքին մէջ:

-Ոչ, անշուշտ ես ալ նախապաշարումներ ունէի եւ չէի պատկերացներ, որ այսքան հանգիստ եւ լաւ կրնամ զգալ Ռիատի մէջ: Երբ առաջին անգամ ոտք դրի Ռիատի օդակայանը, քիչ մը մտահոգ էի եւ տագնապի մէջ, սակայն ամէն ինչ եղաւ իմ պատկերացուցածին հակառակը։ Շատ սիրալիր ընդունելութիւն գտայ եւ ամէն ինչ հեզասահ ու արագ ընթացաւ։

Այնտեղ հայեր կա՞ն։ Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այդ մասին։

-Կը կարծեմ, որ այսօր Սէուտական Արաբիոյ մէջ կ՚ապրին շուրջ 5 հազար հայեր։ Բայց որովհետեւ եկեղեցի չունինք, դժուար թէ կարողանաս «հայկական միջավայր»-ի մը հանդիպիլ։ Վերջերս լուրեր տարածուեցան, որ Ռիատի մէջ եկեղեցի մը պիտի վերաբացուի, բայց ցարդ յայտնի չէ, թէ ո՛ր համայնքին կը պատկանի։

Կը նկատեմ, որ երկիրը արագ ձեւով կը զարգանայ: Երկրի բնակչութեան 70 առ հարիւրը երեսուն տարեկանէն վար է եւ կիներու մեծամասնութիւնը շատ զարգացած եւ ուսեալ են: Գահաժառանգ իշխանը նոյնպէս զարգացած երիտասարդ է եւ կը փորձէ քայլ պահել նորութիւններուն հետ եւ բացուիլ աշխարհին: Որովհետեւ նաւթի «ոսկիի դարաշրջանը» կամաց-կամաց կարծես իր աւարտին կը հասնի եւ պէտք է նոր ձեւ՝ նորարարութիւն: Տեսէ՛ք, օրինակ, Միացեալ Էմիրութիւնները, որ Սէուտական Արաբիոյ հարեւան ու դաշնակից է, նախազգալով յառաջիկայ շրջանի տնտեսական հետաքրքրութիւնները՝ սկսած է փնտռել եւ գտնել նաւթը փոխարինող յենարաններ, որոնցմէ ամէնէն «գրաւիչն» ալ զբօսաշրջութիւնն է։

Իսկ զբօսաշրջութեան համար գեղեցիկ վայրեր կա՞ն Սէուտական Արաբիոյ մէջ։

-Սէուտական Թագաւորութեան համար տակաւին նոր է այդ ոլորտը։ Մինչեւ հիմա ալ Ռիատ մուտք գործելու վիզա ունենալը բաւական բարդ գործընթաց է, սակայն մօտիկ ապագային այդ հարցն ալ կը լուծուի։ Երկիրը շատ արագ կը զարգանայ եւ շատ գեղեցիկ վայրեր կան զբօսաշրջութեան համար: Ներկայիս նոր քաղաք մը պիտի կառուցուի Կարմիր ծովու հիւսիսային մասը՝ Նէոմ անունով, որ պիտի ըլլայ շատ բարձր արհեստագիտութեամբ օժտուած քաղաք։

Ներկայիս ի՞նչ նախագիծի վրայ կ՚աշխատիք:

-Ներկայիս մաս կը կազմեմ հսկայական նախագիծի մը, որ Ռիատի գետնուղիի (մեթրօ) նախագիծն է։ Ծրագիրը կը կրէ «package one» անունը։ Անշուշտ քանի մը ընկերութիւններ միացած են այս նախագիծին համար: Ինչպէս մօտիկ անցեալին այս ծրագրին մէջ եւս ներգրաւուած եմ «Պէկթէլ» ընկերութեան մէջ եւ ստանձնած՝ վտանգները համակարգող մարմնի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը։

Աւարտին, ի՞նչ կ՚ուզէք փոխանցել մեր ընթերցողներուն։

-Պիտի ըսեմ, որ մեր հայ կիները ամէն ինչ ընելու կարողութիւն ունին եւ ես համաձայն չեմ այն միտքին, ո՛չ միայն ես, այլեւ բոլոր կիները, որ հասարակութեան մէջ իգական սեռը կ՚անտեսուի եւ հաւասար իրաւունքներ չունի: Ես այդ յաղթահարած եմ վաղուց եւ, ըստ իս, տղամարդը իր դերը ունի, իսկ կինը՝ իր դերը: Ես երբեւէ այդ խտրականութիւնը չզգացի Ռիատի մէջ: Ես իմ գործս կ՚ընեմ եւ ապրուստս կ՚ապահովեմ ու, ինչպէս ըսի, ես դժգոհ չեմ Ռիատ ապրելուս համար, ինծի համար բնաւ խնդիրներ չեն կենցաղային հարցերը (նկատի ունի հագուկապ), որովհետեւ ես կը հաւատամ, որ հանրութեան համար օգտակար գործ մը կ՚ընեմ: Ներկայիս այս նախագիծի համար կ՚աշխատիմ եւ գիտեմ, որ երբ վերջանայ, մարդիկ պիտի գործածեն ոչ թէ տասը-քսան տարի, այլ հարիւրաւոր տարիներ: Ես շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի մեծ նախագիծի մը մաս կը կազմեմ:

Կրնա՞նք ըսել, որ մինչեւ այսօր ձեր աշխատած գործերուն մեծագոյնն է:

-Միայն իմ մեծագոյն գործս չէ, այլ աշխարհի ամենամեծ շինարարական նախագիծն է:

Մեր հարցազրոյցը կ՚ուզեմ փակել ՀայաստանովԱյսօր մենք կ՚ապրինք նոր Հայաստանի մէջԻ՞նչ տպաւորութեամբ պիտի մեկնիք Հայաստանէն:

-Ես հոս չեմ ապրիր, սակայն ամէն առիթով Հայաստան կ՚այցելեմ: Վերջին այցելութիւնս Հոկտեմբերին էր եւ պիտի ըսեմ, որ այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին բաւական բարելաւում նկատեցի: Ժողովուրդը շատ աւելի լաւատես դարձած է, գանգատները նուազած են, մարդիկ յոյսով սկսած են նայիլ դէպի ապագայ: Իմ կարծիքով՝ ժողովուրդն է, որ առաջ կը տանի երկիրը, կամ հակառակը: Ես մտադրութիւն ունիմ հետագայ ծրագիրներս Հայաստանի մէջ իրականացնելու, բայց յարմար առիթը պէտք է համընկնի: Մեծ թիւով երկիրներ գացած եւ ապրած եմ, անշուշտ որոշ ձեռքբերումներ ունեցած եմ եւ այդ բոլորը կ՚ուզեմ տալ, ցանել այստեղ եւ անշուշտ նպատակ ունենալով ծաղկեցնել իմ հայրենիքս:

 «Ժամանակ», Պոլիս

Նշենք, որ Գայիանէն իր եղբօր Սահակին հետ շրջանաւարտներն են Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին, յետագային նաեւ ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն – «Խմբ.»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին