Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուած Է «ՀՀ 2019-ի Պետական Պիւտճէի Մասին» Օրէնքի Նախագիծին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 27-ին  տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ գործադիրը հաւանութիւն տուած է «ՀՀ 2019-ի պետական պիւտճէի մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծին  վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Ըստ այնմ  ՀՀ 2019-ի համախմբուած պիւտճէն կը գնահատուի  եկամուտներու գծով` 1.533,7 միլիառ դրամ (առանց միջպիւտճէական փոխանցումներէ ստացուող մուտքերու), ծախսերու գծով՝  1.685,3 միլիառ դրամ (առանց միջպիւտճէական փոխանցումներու), պակասուրդը՝ 151,6 միլիառ դրամ: ՀՀ համայնքներու 2019 թուականի պիւտճէները կը գնահատուին՝ եկամուտներու գծով՝ 138,9  միլիառ դրամ (ներառեալ` պետական պիւտճէէն ստացուող պաշտօնական դրամաշնորհները),  ծախսերու գծով՝  138,9  միլիառ դրամ: Օրինագիծով կը նախատեսուի, որ ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը 2019-ի ընթացքին օրէնքով վերապահուած իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ դրամավարկային քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշումներ ընդունելու ժամանակ կ’առաջնորդուի 12-ամսեայ գնաճի 4 +/-1,5 տոկոսային կէտ տատանումներու թոյլատրելի միջակայքին մէջ նպատակային ցուցանիշով:

Ինչպէս նշած է ֆինանսներու նախարար Ատոմ Ճանճուղազեանը, նախագիծը մշակուած է՝ հաշուի առնելով մի քանի նոր հանգամանքներ: Ըստ իրեն՝  առաջինը հարկապիւտճէական կանոններն են, որոնց համաձայն՝ պէտք է իրականացուի հարկապիւտճէական քաղաքականութիւն, որ, մասնաւորապէս, պէտք է ունենայ պարտքը կայունացելու միտում: Ըստ Ատոմ Ճանճուղազեանի՝ յաջորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ   2019-էն այլեւս պետական պիւտճէն պէտք է ունենայ ծրագրային ձեւաչափով օրէնքի մէջ ներկայացում, ինչը կը նշանակէ, որ ֆինանսական միջոցները, որոնք կ’օգտագործուին պիւտճէի շրջագիծին մէջ, ըստ էութեան, կը դառնան երկրորդային:

Նշուած է նաեւ, որ ծախսերու կառուցուածքին մէջ հիմնական տեսակարար կշիռը բաժին կ’իյնայ ընկերային, մշակութային բնագաւառի ծախսերուն՝ շուրջ 44 տոկոս:   

Արարատ Միրզոյեանը, անդրադառնալով «ՀՀ 2019-ի Պետական պիւտճէի մասին» օրինագիծին, նշած է. «Մենք նախատեսում ենք որոշակի փոփոխութիւններ, այդ թուում հարկային, այդ թուում նաեւ տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւն գործող այլ օրէնսդրութիւն, բարեփոխումներ ենք առաջարկում: Աշխատանքներ են տարուելու նաեւ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ, որոնք յանգեցնելու են ծախսային արդիւնաւէտութեան: Կարծում եմ՝ դրանք ազդեցութիւն են ունենալու 2019 թ. պիւտճէի վրայ, եւ մենք յընթացս որոշակի փոփոխութիւններ անելու ենք դէպի էլ աւելի լաւը»:

Հաւանութիւն տրուած է նաեւ «Ընտանեկան օրէնսգիրքին մէջ լրացում եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Նախագիծի ընդունման բերումով ամուսիններու փոխադարձ համաձայնութեան առկայութեան ժամանակ ամուսնալուծութիւնը դատական կարգով իրականացնելու հնարաւորութիւն կ’ըլլայ միայն այն պարագաներուն, երբ ամուսնալուծութեան պահանջին հետ մէկտեղ կը ներկայացուին նաեւ այլ պահանջներ: Այսպիսով էականօրէն կը նուազի դատարաններու ծանրաբեռնուածութեան մակարդակը: 

Հաւանութեան արժանացած է ««ՀՀ դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» սահմանադրական օրէնքի եւ ««Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծերու փաթեթին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը: Նախագիծերու ընդունման բերումով կ’ակնկալուի անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել դատաւորներու ընտրութեան եւ նշանակման գործընթացին մէջ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի բնականոն գործունէութիւնը ապահովելու համար:

Հաւանութիւն տրուած է նաեւ ԱԺ պատգամաւորներուն կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Դատական գործունէութեան հարկադիր կատարման մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին»  ՀՀ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ  կառավարութեան առաջարկներուն: Օրէնքի նախագիծով առաջարկուող դրոյթներուն համաձայն՝ պարտապանի մօտ դրամական միջոցներու առկայութեան պարագային անոր հաշիւները սպասարկող դրամատունը կամ այլ վարկային կազմակերպութիւնը հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ, բայց ոչ ուշ, քան արգելանք դնելու յաջորդ օրը, ելեկտրոնային հաղորդագրութեան միջոցով հարկադիր կատարողին կը տեղեկացնէ պարտապանի դրամական միջոցներու վրայ դրուած արգելանքի չափի մասին, իսկ հարկադիր կատարողը նշուած տեղեկութիւնը ստանալէ ետք ելեկտրոնային հաղորդագրութեան միջոցով կը հանէ պարտապանի ունեցած դրամական միջոցներու վրայ դրուած արգելանքը:

Ընդունելի համարելով նախագիծով նախատեսուած ընդհանուր կարգաւորումները՝ միաժամանակ կառավարութիւնը ներկայացուցած է որոշ նկատառումներ: Կառավարութեան առաջարկներուն համաձայն՝ մասնաւորապէս քննարկումի կարիք ունի նաեւ օրէնքի ուժի մէջ մտնելու ժամկէտը, քանի որ ամբողջ ծաւալով օրէնքի կիրարկումը կը պահանջէ ծրագրային փոփոխութիւններու իրականացում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին