Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արարայի Ճակատամարտի 100-ամեակի Յիշատակին

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»-ի աշխատակից

 

Արարան բլուր մըն է Պաղեստինի մէջ, Երուսաղէմէն քիչ մը հեռու: Հոն 1918 Սեպտեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի  ճակատագրական ճակատամարտերէն մէկը, մէկ կողմէ յառաջացող անգլիական եւ ֆրանսական բանակներուն, որոնց հրամանատարներն էին անգլիացի Զօրավար Ալենպին եւ ֆրանսացիներ Տէ Փիեփափը ու գնդապետ Ռոմիէօն, ու Օսմանեան 4-րդ բանակին միջեւ, որու հրամանատարներն էին գերմանացի Լիման Վոն Սանտըրզը եւ օսմանցի Ճեվատ Փաշան: Օսմանեան բանակը դիրք բռնած էր Արարայի բլուրին վրայ, որ կը գտնուէր Միջերկրական ծովէն մինչեւ ներս երկարող ճակատին արեւելեան թեւին վրայ: Դաշնակիցներու բանակը ստորոտէն պիտի յառաջանար դէպի վեր: Բաւական դժուար գործ էր: Այս ճակատամարտին եթէ օսմանցիները պարտուէին, դուրս պիտի մղուէին ամբողջ Միջին Արեւելքէն:   Դաշնակիցները առաւելութիւն մը ունէին՝ իրենց շարքերուն միացած էր Հայկական Լեգէոնը:

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք եւ մեր ժողովուրդի պապենական հողերու կորուստէն ետք, հայ ժողովուրդի զաւակներ թուրքին դէմ ցասումով լեցուած էին ու առիթի կը սպասէին իրենց ազգակիցներուն վրէժը լուծելու համար: Անոնք ուրիշ նպատակ մըն ալ ունէին՝ կ’ուզէին վերականգնել հայկական պետականութիւնը Կիլիկիոյ մէջ: Դաշնակիցները խոստացած էին հայկական պետականութիւնը վերականգնել Կիլիկիոյ մէջ: Հայկական Լեգէոնը հիմնուեցաւ այս ժամանակաշրջանին եւ ան կը բաղկանար մուսալեռցի, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ կամաւորներէ: Մուսալեռցի կամաւորներէն ծանօթ էին Եսայի Եաղուպեանը, Պետրոս Տըմլաքեանը, իսկ ամերիկահայ կամաւորներէն՝ հարիւրապետ Ճիմ Չանգալեանը եւ հարիւրապետ Ճորճ Թաքաքճեանը: Այս Լեգէոնը ապագային պիտի դառնար Կիլիկիոյ հայկական պետութեան բանակին կորիզը, եթէ դաշնակիցները գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մեզ չի դաւաճանէին: Այդ օրը Սեպտեմբեր 19, 1918-ին երկու հազար հայ Լեգէոնականներ գրոհի անցան Արարայի ամենավտանգաւոր բլուրին ուղղութեամբ եւ «անկարելի»-ն շնորհիւ հայ տղոց խիզախութեան դարձաւ կարելի: Օսմանցին մեծ պարտութիւն կրեց եւ դուրս շպրտուեցաւ Միջին Արեւելքէն, ուր հասած էր ԺԶ. դարուն եւ իշխած էր շնորհիւ իր դաւանած կեղծ իսլամութեան՝ խաբելով իսլամ եւ այլակրօն բնիկ ժողովուրդները: Հայ լեգէոնականները իրենց յարձակումով ամենաբարձր դիրքին վրայ, առիթ տուին անգլօ-ֆրանսական բանակին գրոհի անցնելու ամբողջ ճակատի երկայնքին ծովային եւ ցամաքային հրետանային ռմբակոծումէ ետք:

Այդ հերոսները մեր ժողովուրդի խիզախ զաւակներն էին: Անոնք ցոյց տուին, որ հայ զինուորին համար չկայ անկարելի բան: Անոնք իրենց զոհաբերութեամբ լուծեցին վրէժը օսմանեան դաւաճանութեամբ ինկած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ֆրանսացի գնդապետ Ռոմիէօ հետեւեալ խօսքը արտասանեց հայկական Լեգէոնի 21 մուսալեռցի, չնգուշցի, սեբաստացի, արաբկիրցի, խարբերդցի եւ չմշկածագցի նահատակներու յիշատակաին. «… Քնացէ՛ք ձեր փառքին մէջ. դուք ճամբան բացիք արդարութեան եւ իրաւունքին, որոնք դարերէ ի վեր վտարուած էին այս շրջաններէն: Պիտի գիտնանք ձեզի արժանի ըլլալ, որպէսզի այս հատուցումը կատարեալ եւ տեւական ըլլայ…»:

Փառք անոնց անմեռ յիշատակին: Այդ տղաքը փաստեցին, որ հայը կքիլ չի գիտեր: Երբ հատուցումի ժամը հասնի, ան միշտ պատրաստ է հայրենիքի կանչին ականջ դնելու, կամաւոր դառնալու եւ ի պահանջել հարկին իր կեանքը զոհաբերելու՝ յանուն աշխարհի ժողովուրդներու ու հայ ժողովուրդի բարօր ու խաղաղ կեանքին: Փառք Արարայի 21 հայ նահատակներուն եւ բոլոր ճակատամարտերու հայ հերոսներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին