81 տարի առաջ, պատմութեան մէջ այսօր՝ 26 Սեպտեմբեր 1937-ին, երկար երկունքէ ետք ու մեծ զոհողութիւններու գնով լոյս տեսած է մեր թերթը:
«Զարթօնք»-ի առաջին թիւին մէջ տեղ գտած է մեծանուն Միհրան Տամատեանի նամակը՝ անոր հրատարակման նուիրուած: Սոյն նամակը իր խորհրդանշական ու պատմական նշանակութեան կողքին, մեր կարծիքով, կը ցուցաբերէ երկու կարեւոր յատկանիշներ.
Ա. Մեծ մարդուն համեստութիւնն ու արդարամտութիւնը «Զարթօնք»-ի հրատարակութեան վարկը կիսելու իր գործընկերներուն հետ, առանց որ միայն իրեն վերապահել փորձէ նման պատիւ մը, որ դժբախտաբար ազգային ներկայ պատասխանատուներուն արժեհամակարգին մաս կը կազմէ:
Բ. Հաւասարակշռուած հանրային կարծիքի ստեղծման սատարումին ի խնդիր եղած ճիգը հաւաքականութիւն մը միահեծան կամ միակարծիք իրավիճակի մէջ չձգելու:
Ստորեւ կու տանք մեծ մարդուն խօսքը.
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ԻՆ
Ինչպէս ուրիշներ, «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի խմբագրութիւնն ալ կը կարծէ, թէ այս թերթին հրատարակութեան գաղափարը ես եմ միայն ունեցած։ Ատիկա սխալ է։ Այդ գաղափարը ինծի հետ ունեցած էին խումբ մը բարեկամներ, որոնք, խորհելով, թէ հայկական այսպիսի հոծ գաղութի մը մէջ պէտք չէ միայն մէկ կարծիք, կամ զանգակի մէկ ձայն միայն լսուի, յաճախ փափաք յայտնած էին, որ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնէ երկրորդ օրաթերթ մը այն ձգտումով եւ ուղղութեամբ, որոնք մերն էին։ Ես այսպէս է, որ, թարգմանը ըլլալով այդ ընդհանուր փափաքին, բարեկամներու օժանդակութեամբ եւ աշխատակցութեամբ ջանքեր ըրի բերելու «ԶԱՐԹՕՆՔ» մկրտուած օրաթերթ մը։
Թէեւ առողջական պայմաններս այն ատեն արգելք եղան ձեռնարկին իրականացման, բայց ուրախ եմ, որ բաւական երկարատեւ սպասումէ մը ետք կարելի եղած է վերջապէս գոհացում տալ մեր զգացած անհրաժեշտ պահանջքին։ Այս երկրէն մօտալուտ մեկնումիս առթիւ մանաւանդ կ’ուղղեմ իմ բոլոր բարեկամներուս եւ գաղափարներուս այն քանի մը խօսքը, մնաք-բարովի ողջոյններուս հետ` յայտնելու համար իմ կատարեալ համամտութիւնս «Զարթօնք»-ի ուղղութեան, որ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ այս գաղութին ստուար մեծամասնութեան ցանկացած` ներքին կեանքի մէջ շինարար անդորրութեան եւ արտաքին աշխարհի հանդէպ խոհեմ եւ արժանավայել ընթացքի մը ուղղութիւնը։
Յաջողութեան յոյսով եւ սրտագին մաղթանքներով`
Մ. ՏԱՏԱՄԵԱՆ
Ալէյ, 20 Սեպտ. 1937