Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԵԳՆԷ ԹՐԱՄՓԸ ՄԻՆՉ ԹՈՒՐՔԻԱ ՆՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ Է

ԱՄՊԵՐԻՆ ԶԱՄԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թ. Էրտողան ծաղրեց Ամերիկայի նախագահ Տ. Թրամփը, զայն քաւութեան նոխազը նկատելով իր երկրին տնտեսական վերահաս անկումի մը։ Սակայն անիկա աւելի մղուած է մտահոգուելու Թուրքիոյ Halkbank-ի գործառնութիւններով։

Էրտողան նշաւակ դարձուց Ամերիկայի նախագահը որպէս պատճառը նկատելով Թուրքիոյ դրամական տագնապին։ Նման քաղաքականութիւն մը կը զատորոշուէր նախկինէն, որ կը նախընտրէր Ամերիկայի նախագահը դուրս պահել երկու երկիրներու միջեւ գոյատեւող ձգտեալ կացութենէն։

Նախագահ Թրամփ Օգոստոս 10-ին twitter-ի միջոցով յայտարարեց, թէ պիտի կրկնապատկէ տուրքերը Թուրքիայէն ներածուող պողպատին եւ ալիւմինիւմին վրայ, որուն իբրեւ հետեւանք թրքական լիրան արագ անկում կրեց։ Ի պատասխան, Էրտողան յայտնեց, թէ «որքան ալ նախագահն ըլլաս, չես կրնար մէկ անգամէն նոր սակագին դնել պողպատին եւ ալիւմինիւմին վրայ»։ Թուրք դեսպաններու մէկ հաւաքոյթին, Էրտողան յայտնեց, թէ՛ Թրամփ պիտի կորսնցնէր, եւ ոչ թէ՝ Թուրքիան։

«Մէկ կողմէ ռազմավարական գործընկեր ես, միւս կողմէ ոտքիդ կը կրակեն»։

Հիւսիսային Քարոլայնայի հովիւ Էնտրու Պրանսընի արգելափակումին հետեւանքով ստեղծուած տագնապին մէջ, Էրտողան տեղի տալու տրամադրութիւններ չի ցուցաբերեր։ Անիկա շեշտեց, թէ Թուրքիա շրջապատումի մէջ էր մեծագոյն պետութիւններու (global bullies) կողմէ, որոնք աչք ունէին Թուրքիոյ նուաճումներուն վրայ։ «Թուրքիան շատ մեծ եւ ազդեցիկ երկիր մըն է՝ դատապարտուած ըլլալու համար մաս կազմելու միակ առանցքի (axis) մը։ Մենք կ՚ուզենք մեր կապերը խորացնել Պրազիլի, Ռուսաստանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ հարաւային Ասիոյ երկիրներուն հետ»։

Լիրային արիւնահոսութիւնը կասեցնելու համար, Կեդրոնական Դրամատունը Օգոստոս 13-ին խոստացաւ հայթայթել ամէն աջակցութիւն՝ անհրաժեշտ շրջանառութիւնը պահելու համար։

Տնտեսագէտներու մեծ մասը կը խորհի, թէ տոկոսային անմիջական բարձրացում մը անհրաժեշտ քայլ մը պիտի ըլլայ, շուկայի վստահութիւնը վերահաստատելու համար։ Սակայն Էրտողան խորապէս դէմ է տոկոսի յաւելումին, խորհելով թէ անիկա կը բարձրացնէ առանց երաշխաւորութեան դրամանիշի շրջաբերութիւնը, ու կը սպաննէ շինարարութեան աճը, որ գերհարստացուցած է իրեն մտերիմ գործատէրերը։ Անցեալ Յունիսի յաղթական ընտրութիւններէն ետք, Էրտողան պինդ սեղմած է իր հակակշիռը Կեդրոնական Դրամատան վրայ, նուացեցնելով շուկային վստահութիւնը։ Inflation-ը բարձրացած է 15 առ հարիւրի, եւ հասարակ քաղաքացին կը զգայ պատճառուած նեղութիւնը։

Ըստ կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններու, Էրտողան կանխամտօրէն ձգտուած կը պահէ յարաբերութիւնները Մ. Նահանգներու հետ, որպէսզի զայն քաւութեան նոխազը նկատէ Թուրքիոյ տնտեսական անկումին, որ այլապէս արդէն ընթացքի մէջ էր։ Սակայն իր անհաշտութիւնը Հալքպէնքին հետ է, այս վերջինը կառավարուած ըլլալով ամերիկեան Գանձային Պաշտօնատան (US Treasury) ու Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանի Ատեանին կողմէ։

Էրտողան, ենթադրաբար, պնդած է, որ Պրանսընի ազատ արձակումով հետաքննութիւնները (probes) պիտի դադրին։ Դարձեալ, ենթադրաբար, Էրտողան կ՚ուզէ որ բազմամիլիոն տուգանքի մը ենթարկուի Հալքպէնքը, անոր խաղցած դերին համար, Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները չգործադրելուն պատճառով։ Անցեալ տարի, նոյն դատարանը դատապարտած էր ծագումով թուրք-պարսիկ, ոսկիի վաճառական Ռըզա Զարրապը, ինչպէս նաեւ՝ թուրք Տնտեսական նախարար Զա՚ֆէր Քակալայանը  ապօրինի գործարքներու մէջ։

Անցեալ Մայիսին, Հալքպէնքի երէց գործադիր տնօրէն Մեհմէտ Հաքան Աթիլլան դատապարտուեցաւ 32 ամսուան բանտարկութեան, մեղսակցութեան համար մեծագումար դրամի մաքսանենգութեան։ Զարրապ ընդունեց իր յանցաւոր ըլլալը, ու գործակցեցաւ՝ վկայութիւն կատարելով։ Ամերիկա թոյլատրեց որ Աթիլլա իր բանտարկութեան մնացեալ ժամանակաշրջանը բոլորէ Թուրքիոյ մէջ։ Էրտողան աւելին պահանջեց։

Մինչ այդ, Քուէյթի լրատու գործակալութիւնը՝ KUNA-ն, պաշտօնապէս հերքեց Էրտողանի փեսային՝ Թուրքիոյ տնտեսական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի առաքելութիւնը Քուէյթի մէջ, ուր գացած էր դրամական օգնութիւն ապահովելու, արժէքազրկուած թրքական լիրայի վերականգնումին համար, եւ հանդիպում ունեցած էր օդանաւակայանին մէջ, երկրին տնտեսական նախարար Նաէֆ էլ Հաժրաֆի հետ։ Քունա անհիմն նկատեց այն լուրը, թէ Քուէյթ 1.6 պիլիըն տոլարի օժանդակութիւն մը կատարած էր թրքական տնտեսութեան։

Յունուարէն իվեր լիրան 40 առ հարիւրով արժեզրկուած է։ Էրտողան եւ Ալպայրաք յայտնեցին, թէ թրքական լիրան թիրախ դարձած է Թրամփի կողմէ։ «Երբեք տեղի պիտի չտանք ազատ տնտեսութեան սկզբունքին վրայ», աւելցուցած է թուրք նախագահը։

Եթէ Պրանսըն ազատ չարձակուի, հաւանական է որ տնտեսական յաւելեալ պատժամիջոցներ առնուին Թուրքիոյ դէմ, յատկապէս թիրախ դարձնելով թուրք պաշտօնատարներ։ Այսպէս, անցեալ Օգոստոս 1-ին, Ամերիկեան Պետական Դրամատունը սառեցուց Թուրքիոյ Արդարութեան ու Ներքին գործոց նախարարներու գոյքերը (assets)։ Թուրքիոյ Միջին Արեւելքի Հաստատութեան տնօրէն Կէօնիւլ Թոլի համաձայն, նախագահ Թրամփ անձնապէս անարգուած կը զգայ, Թուրքիոյ մերժումով՝ ամերիկացի կղերականը արձակելու, ապահովելէ ետք թուրք գործիչ Էպրու Օզքանի ազատ արձակումը՝ Իսրայէլի միջնորդութեամբ։

Էնտրու Պրանսըն  արգելափակուած է 2016 Հոկտեմբերէն իվեր, ամբաստանուած ըլլալով սնամիտ յանցանքներով, ու կրնայ 35 տարուան բանտարկութեան ենթարկուիլ եթէ դատապարտուի։

Ամերիկայի նախագահին մօտիկ շրջանակներու համաձայն, Թրամփ հակամէտ է ճնշումը պահելու Թուրքիոյ վրայ, հակառակ կէս դարու ռազմավարական գործակցութեան այդ երկրին հետ։ «Ամերիկայի պաշտօնատարներու Թուրքիոյ հետ վարուելու փոխյարաբերութեանց մենաշնորհը ձեռքէ ելած է», ըստ քոնկրէսական շրջանակներուն։

Վերոյիշեալ պաշտօնատարներէն Մեթիու Փալմըր, որ կ՚ակնկալուէր որ իր նոր պաշտօնին ձեռնարկէր իբրեւ փոխօգնական Պետական քարտուղարութեան, եւրոպական հարցերու մասնագէտ է Պալքանեան խնդիրներու ու շքանշանակիր՝ չորս նորավէպերու։ Փալմըր նորութիւններ պիտի դիմագրաւէ Թուրքիոյ մէջ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ Մոնիթըր», 13 Օգոստոս 2018

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին