Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Գարեցին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Կը Ծաւալէ Նպատակասլաց Գործունէութիւն Թէ Եկեղեցւոյ Միասնութեան Վերականգնման, Թէ Հայաստանի Բարգաւաճման Սրբազան Առաքելութեան Մէջ

ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումը ուխտագնացութիւն մը ունեցաւ դէպի Էջմիածին: Այս առիթով տեղի ունեցան շատ մը միջոցառումներ եւ հանդիպումներ:

Այս շարքին մէջ յատկանշուեցաւ Սեպտեմբեր 7ի հանդիսութիւնը նուիրուած Համախմբումի 75 հիւրերուն, որոնք ՆՍՕՏՏ ԳԱՐԵԳԻՆ  Բ. Վեհափառի հրաւէրով ժամանած էին Էջմիածին: Միջոցառման անդրադարձած էինք քանի մը օր առաջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նշուած միջոցառման ընթացքին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումի ժրաջան ու նուիրեալ ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Պուլտուքեանի արտասանած խօսքին ամբողջութիւնը: 

«Խմբ.»

 

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ,  ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս,

Մեծայարգոյ պարոնայք նախարարներ, հայրենի պետական պաշտօնատարներ,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրեր,

Սիրելի անդամներ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի,

 

Սիրելի ներկաներ,

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումի սէրը Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ հասաւ իր գագաթնակէտին այս շաբթուան ընթացքին:

Համախմբուած ենք հոս շնորհիւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաւէրին: Ահաւասիկ  շաբաթ մը ամբողջ անցուցած ենք Էջմիածնի սրբավայրին մէջ, հայ հոգեւոր գլխաւոր կեդրոնին, պապենական մեր օրհնուած հողին վրայ։

Այս ուխտագնացութիւնը մեզի համար մեծ  երազ մըն էր, որ իրականացաւ՝

  • Ապրեցանք Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքի սրբավայրին մէջ
  • Ներկայ եղանք ժամերգութեանց՝ Սուրբ  Էջմիածնի միաբաններու կատարողութեամբ
  • Կիրակի օրը ներկայ եղանք սուրբ եւ անմահ պատարագին՝ Սուրբ Էջմիածնի Մմայր տաճարին մէջ
  • Բնակեցանք Սուրբ Էջմիածնի տարածքին մէջ Մեծն Տրդատ արքայի կամարին ներքեւ
  • Մօտէն ծանօթացանք եւ տեսանք այն բոլոր իրագործումները, զորս կատարած է շնորհազարդ մեր վեհափառ  հայրապետը։
  • Մեծ ուրախութիւն է մեզի համար հայրենիքի եւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նորովի վերապրիլ մեր Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցիին աւանդները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ հիմնուած, աստուածային հրաշքով որոշուած եւ մրճահարուած մեծախորհուրդ վայրն ու պահը՝ ԷՋՄԻԱԾԻՆի մայր տաճարը, այցելել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Գողգոթան՝ Խոր Վիրապը եւ զգալ մեծ հայրապետին կրած չարչարանքները, որոնց արդիւնքով մենք այսօր հպարտօրէն աշխարհին կը բարձրաձայնենք, թէ այն ժողովուրդն ենք, որուն պետականութիւնը առաջի՛նը ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ժողովուրդը որդեգրեց ու փառեցաւ անոր ի գին մինչեւ ցեղասպանութեան։

Մենք՝ ներկաներս, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ հայրապետը՝  Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ 132-րդ գահակալը, պետական այրերդ, այս բազմութիւնը քաջ գիտենք, թէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայաստանը, մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն  ընդելուզուած են իրարու: Վեհափառ հայրապետը ջանք  չխնայեց   հայ ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ  բանալու  մեր հազարամեայ  վանքերուն  եւ  եկեղեցիներուն դռները: Տասնամեակներու դադարէ  ետք, Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան այս շրջանին ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ  հայրապետին շնորհիւ,  հայը  նորատեսակ շփում ունեցաւ, հայկական հոգեւորին հետ, որ գերակշռօրէն  խտացուած է Հայ եկեղեցւոյ մէջ եւ անկէ իբրեւ Լուսաւորչի կանթեղ կը ներշնչէ ու կը լուսաւորէ մեր հոգին: Վեհափառ տէրը՝ երջանկայիշատակ  նախորդ կաթողիկոսներու  արժանի  ժառանգորդը, ճիգ չխնայեց, որ Սուրբ Էջմիածինը  դառնայ առաւել ամրակուռ այն ոսկեայ  կամուրջը, որ  կապէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը ժամանակակիցներու կողմէ կը համարուի շինարար կաթողիկոս, որովհետեւ ցարդ վերանորոգուած են   324  պատմական  յուշարձանի կարգավիճակ  ունեցող վանքեր, եւ կառուցուած են նոր եկեղեցիներ: Եկեղեցաշինական  հսկայածաւալ աշխատանքները առ այսօր արդիւնաւէտօրէն կը շարունակուին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Բազմաթիւ եւ բազմազան են  Ամենայն հայոց Գարեգին երկրորդ վեհափառին  ծառայութիւնները հայութեան հոգեւոր աշխարհին:

 

Կրթութիւն

Կառուցուած  են եւ արդիւնաւէտ կը բանին  Սեւանի  Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը, Հառիճի Թրբանճեան  ընծայարանը:  Հանրակրթարան  դպրոցներու մէջ կը դասաւանդուի  Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն 2006-էն ի վեր, դասագիրքերուն ծախսը կը հոգայ Մայր Աթոռը։  Հայաստանի մէջ կը գործէ  հարիւրէ աւելի կիրակնօրեայ դպրոց: Էջմիածնի մէջ կը գործէ Էօրնեկեան  հանրակրթարանը 2009-էն ի վեր, ուր յարգանքի մթնոլորտի մէջ ստեղծագործական ազատութիւնը կը զարգացուի։   Վերջերս կառուցուեցաւ  Գարեգին Ա. կաթողիկոսի անուան հոգեւոր դաստիարակութեան շէնքը՝ քահանայից  պատրաստման համար:  Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ Երեւանի մէջ բացուած են  տասնեակ հայորդեաց տուներ, ուր ուսում եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ջամբուի աւելի քան վեց հազար  երեխաներու։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի աստուածաբանական կարգավիճակի  հաստատումը աննախընթաց նուաճում մըն է ուսման մակարդակով եւ հաստատութենական առումով։ Վառ պահելով  Հայ եկեղեցւոյ կրթական աւանդութիւնները, հոգեւոր  կրթարաններու  ուսանողներու  համար ստեղծուած են  համապատասխան միջավայր եւ անհրաժեշտ պայմաններ՝ որակապէս  բարձր  յառաջդիմութիւն ունենալու համար:

Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումին անխախտ հաւատքն է որ այս հոգեւոր եւ արուեստի կրթարանները իբրեւ սերմեր այսօր իսկ կը վերածուին ցորենի հասկերու, ցորեանի հոգեբարոյական ոսկեայ դաշտերու վերածելու հայրենի հողը եւ անով հոգեւորապէս սնանելու հայութիւնը՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի:

 

Մշակոյթ

Վեհափառ  տէրը պաշտամունքի   հասնող  սէր կը ցուցաբերէ   հայ մշակոյթին հանդէպ:  Գարեգին Բ. վեհափառի  գահակալութենէն ետք,  Մայր Աթոռէն ներս վերանորոգուած են  մայր տաճարը, վանատունը, հրատարակչատունը, հին ճեմարանի շէնքը եւ մատուռը,  սարկաւագական  Կացարանները, Գէորգեան ճեմարանը, Խրիմեան  թանգարանը,  ճեմարանի ննջարանները, վարչական շէնքը, հին վեհարանը,  տաճարի թանգարանը, Ռուբէն Սեւակ թանգարանը, կը գործեն «Շողակաթ»  եւ «Լոյս» հոգեւոր հեռատեսիլի  ընկերութիւնները:

Մայր Աթոռին մէջ վերանորոգութիւններուն զուգընթաց  կառուցուած  են մկրտարանը, դիւանատունը, միաբանական  շէնքը, ձեռագրատունը,  ճեմարանի մարզական համալիրը, դաստիարակութեան  կեդրոնը, Հոգեւոր կրթական կեդրոնը, Բաց խորանը, Վազգէնեան դարպասը, գլխաւոր դարպասը, կառուցուած է նոր մատենադարան-գրադարանը: Մայր Աթոռին տարածքը տասնեակ անգամ ընդարձակուած է։

 

 
Ընկերային

Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեամբ կը գործեն 6 բարեգործական  ճաշարաններ, Երեւանի մէջ  բացուած է երեխաներու  խնամքի  կեդրոն:  Բանտերու  մէջ  հոգեւոր  ծառայութեան  կողքին կ’իրականացուի  բանտարկեալներու   ընտանիքներուն աջակցութեան  ծրագիր:

Իզմիրլեան բժշկական հաստատութիւնը կը գործէ օգտակար ըլլալու կարիքաւոր ընտանիքներու եւ բոլոր ճեմարականներուն։

Էջմիածինի մէջ կը  գործէ  «Բարձունք 5165» ատամնաբուժարանը, ուր կը սպասարկուին 25.000  անհատներ անվճար, իսկ 

«Կառուցենք Հաւատով»  ծրագիրին  միջոցով  Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ կառուցուած է հարիւրէ աւելի բնակարան: Բացուեցան ընկերային կեդրոններ ուր տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը ստանան ֆինանսական եւ մարդասիրական օգնութիւն ամէն տարի։

 

Ներեկեղեցական

Մայր Աթոռ Սուրբ  Էջմիածնի եւ Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան  հետ  համատեղ  ստեղծուեցան սրբադասման  հարցով  եւ ծիսական խնդիրներով զբաղող  յանձնախումբեր: Վեցդարեայ  ընդմիջումէ ետք, 2013-2014ին գումարուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ  եպիսկոպոսաց խորհուրդի ամբողջական ժողովը: Ստեղծուեցաւ   հայեցակարգային   հիմնադրոյթներու գրասենեակ: Ստեղծուեցան  նոր 12 թեմեր, ձեռնադրուած են աւելի քան երեք հարիւր  եկեղեցականներ: Հոգեւորականները  պարբերաբար կ’այցելեն հիւանդանոցներ, զօրամասեր,  բանտեր, ծերանոցներ: Համալսարաններու մէջ կ’իրականացուին կրօնական դաստիարակութեան  բազմաբնոյթ  ծրագիրներ: 

Ուշագրաւ իրադարձութիւններ էին Հռոմի երկու պապերու այցելութիւնը Հայաստան. 2001-ին Յովհաննէս Պօղոս պապին, որ սուրբ հռչակուեցաւ և 2016ին Ֆրանչիսկոս Պապին որ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ։ Եւ այս բոլորը շնորհիւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ  հայրապետին հետեւողական ջանադիր ու անձնդիր  աշխատանքին։

Պատմաբաններ եւ  ճարտարապետեր  են վկայողը՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը  հսկայական  շինարարական աշխատանք կատարած

է  գահակալութեան 19 տարիներուն  ընթացքին:  Գործունէութեան ծաւալը  միանշանակ է  եւ հսկայական: Այս բոլորը կը վկայեն Հայաստանի մէջ  հոգեւոր  վերածնունդի  առկայութիւնը:

Այս ներդրումները կ’ապացուցեն, որ Սուրբ Էջմիածինը  թեւակոխած է  վերածնունդի  ժամանակաշրջանը, թէ  կրթական  հաստատութիւններու,   եկեղեցաշինութեան, բարենորոգչական աշխատանքներու  մէջ մեծ է Ս. Էջմիածնի եւ վեհափառ հայրապետին  ներդրումը: Մագաղաթեայ դարերէն  մեզի հասած հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը  մենք վստահ ենք, որ ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուի եւ այս բոլորը  վեհափառ հայրապետը արժանաւոր   փոխանցողը պիտի   դառնայ իր յաջորդին:

 

Վարչական առումով 

Հայ առաքելական եԵկեղեցին  առաւել վերանորոգուեցաւ ու զարթօնք ապրեցաւ,  խորապէս ամրապնդեց  իր դիրքերը: Սուրբ Էջմիածինը  կը համարուի թանգարան բաց երկնքի տակ։

Անձնական արժանիքներէն բացի՝   մենք վստահ ենք, որ  Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շրջադարձային դեր կը խաղայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ  նուիրապետական  միասնութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ  Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու  կարգաւորման   համազգային գործին մէջ:

Սիրելիներ, մենք լաւատես ենք որ Ս. Էջմիածնի, վեհափառ հայրապետին եւ միաբանութեան ու Հայ եկեղեցւոյ այս սքանչելի գործունէութիւնն ու նուիրումը իր կոհակային ազդեցութիւնը պիտի ունենայ եւ սատարէ հայութեան հոգեմշակութային կեանքին առաւել բարելաւման ու պայծառացման:

Սիրելիներ, կարծէք թէ ամփոփ տեղեկագիրը կարդացի Ս. Էջմիածնի վերջին տարիներու կատարած գործունէութեան:

Այդպէս չէ. պարզապէս մենք՝ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը եւ ամբողջ Սփիւռքը, մօտէն եւ ուշադիր կը հետեւի Ս. Էջմիածնի՝ հայ իրականութեան չընդհատած հոգեւոր հաստատութեան գործունէութեան, մեծ ակնկալութիւններ ունի անկէ՝ իբրեւ խոշորագոյն հայ հոգեւոր իրականութեան սիւնէ եւ իբրեւ ամուր խարիսխէ ալեկոծեալ այս աշխարհին մէջ հայ սիրտերն ու հոգիները կայունացնող, հանդարտեցնող, հայկական ապագային հանդէպ լաւատեսութիւն եւ հաւատք ներշնչող հոգեւոր սրբակեդրոն:

 

Ահա այսպիսի  վստահութեան հիմք կու տայ Գարեցին Բ. Ամենայն հայոց  կաթողիկոսի ծաւալած նպատակասլաց գործունէութիւնը թէ  եկեղեցւոյ միասնութեան  վերականգնման, թէ Հայաստանի բարգաւաճման  սրբազան առաքելութեան  մէջ:

 

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ հայրապետը կը բացայայտէ՝

«Հայի համար Սուրբ Էջմիածինը տաճար չէ միայն, այլ հայոց հաւատի ու հայ ինքնութեան աննիւթական ոգեղէն մի ներկայութիւն, որին հաղորդ ենք դառնում միմեանց հանդիպելով․․․

Որովհետեւ ուր մի հայորդի, այնտեղ Սուրբ Էջմիածին»։

Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ իմաստութիւնը միշտ Ձեր շնորհքները մնան, եւ ատոնցմով փառաւորէք հայ ժողովուրդը, վեհափառ տէր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին