Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Նոր Օր»ի խմբագիրները եւ առաքելութիւնը

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ամերիկահայ գաղութի կազմաւորման մէջ շինարար ներդրում մը ունեցած է Ռամկավար Ազատական մամուլը։ Իսկ անոր հիմնադրութիւնը կապուած է կազմակերպութեան գաղափարակից Հայկակ Էկինեանի (1865-1919) անունին հետ։

Արդարեւ, ամերիկահայ առաջին տպագիր թերթը 1888-ին կը հանդիսանայ «Արեգակ» շաբաթաթերթը (Ուեսթ Հոպոքըն, Նիւ Ճըրզի), եւ որ Հ. Էկինեանի խմբագրութեան ատեն կը դառնայ «Սուրհանդակ» (1889-90)։ 1902-ին Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքը հաստատուելով, անիկա կը սկսի հրատարակել «Քաղաքացի» շաբաթաթերթը մինչեւ 1912։ Իսկ 1914-ին կը հրատարակէ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը մինչեւ 1919։

Նոյն տարին, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կ՚ունենայ իր օրկանը՝ «Արօր»ը, Հրաչ Երուանդի խմբագրութեամբ։ Իսկ Սահմանադրական Ռամկավարները կը շարունակէին հրատարակել Էկինեանի «Նոր Կեանք»ը, որ 1920-ին, միանալով «Սիսուան» շաբաթաթերթին, դարձած էր «Նոր Կեանք-Սիսուան»։

1921 Հոկտեմբերին, վերոյիշեալ երկու կուսակցութեանց միացումով, լոյս կը սկսի տեսնել «Նոր Կեանք-Արօր» անուանակոչումով շաբաթաթերթը։ 1922-ին թերթը կը հրատարակուի իբրեւ եռօրեայ պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» անուան տակ, որ անկէ իվեր կը շարունակէ իր անխափան երթը մինչեւ այսօր։

Առաջնորդելով մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի հայագաղութը իր դժուարութիւններու ընդմէջէն, «Նոր Օր» մշակած, արմատաւորած եւ ուռճացուցած է հայրենիքի սէրը, յոյս եւ հաւատք ներշնչած հայրենիքի ապագային հանդէպ, մղելով որ անիկա օժանդակէ Հայաստանի մաքառումներուն, վերաշինութեան, յառաջդիմութեան ու զօրացման։

1922-էն իվեր «Նոր Օր»ի խմբագիր եղած են.

Արամ Ամիրխանեան (1922-1931), օգնական խմբագիր ունենալով

Վահէ Հայկը (1922-1925).

Նորայր Անդրէասեան (1932),

Աղան Ենկոյեան (1933-1937),

Անդրանիկ Անդրէասեան (1937-1957),

Անդրանիկ Փոլատեան (1957-1958),

Նուպար Պէրպէրեան (1958-1960),

Պետրոս Փապուճեան (1960-63),

Միսաք Հայկենց (Քիւփէլեան) (1963-1968),

Օշին Քէշիշեան (1968-1970),

Անդրանիկ Անդրէասեան (1970-1977)։

Շրջան մը թերթը կ՛ունենայ իր խմբագրական կազմերը, ուր պարբերաբար խմբագրի պաշտօնը կը վերցնեն.

Վաչէ Սեմերճեան եւ Օշին Քէշիշեան (1977-1978),

Ասատուր Տէվլեթեան (1978-1981),

Նուպար Ակիշեան եւ Լութֆի Թապագեան (1981-86),

Լութֆի Թապագեան, Անահիտ Օրջանեան, Փայլակ Ահարոնեան, Սահակ Միքայէլեան ու Խաչիկ Ճանոյեան։

Դարձեալ խմբագիրներ՝

Սարգիս Մինասեան (1986-90) եւ

Յակոբ Պօղոսեան (1990-96)։

Նորէն կը յաջորդեն խմբագրական կազմերը իրենց խմբագիրներով.

Փայլակ Ահարոնեան (1997),

Լութֆի Թապագեան (1998),

Վաչէ Ղազարեան (1998-1999)։

Ապա խմբագիր կը դառնայ

Վաչէ Սեմերճեան (2000-2005)։

Խմբագրական կազմեր (2005-2008)՝ Տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան, Սարգիս Մինասեան, Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Հրաչ Սեփեթճեան, Լութֆի Թապագեան, Փայլակ Ահարոնեան ու Գէորգ Քէօշկէրեան։

Կը հետեւին խմբագիրներ՝

Եղիա Գայայեան (2008-2009),

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան (2009-2011),

Յակոբ Մարտիրոսեան (2011-2016),

Հրաչ Սեփեթճեան (2016 Մարտէն սկսեալ)։

  • 1957 Օգոստոս 6-ին «Նոր Օր» լոյս կը տեսնէ որպէս պաշտօնաթերթ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Քալիֆորնիոյ շրջանակին։
  • 1947 Յունուար 3-ին թերթը կը վերածուի եռօրեայի։
  • 1964 Հոկտեմբեր 27-ին «Նոր Օր» հաստատութիւնը կը փոխադրուի Լոս Անճելըս։
  • 1998-ի աշնան «Նոր Օր» կը վերածուի շաբաթաթերթի՝ 36 էջերով եւ անգլերէն բաժինով՝ որոշ շրջան մը։
  • 2000-էն սկսեալ շաբաթաթերթը լոյս կը տեսնէ 20 էջերով, մարզական էջի պատասխանատուութեամբ, մինչեւ օրս, Աւետիս Բայրամեանի։
  • 2005-2006-ին լոյս կը տեսնէ «Նոր Օր»ի գրական յաւելուածը ամսական դրութեամբ՝ Հրաչ Սեփեթճեանի պատասխանատուութեամբ։
  • «Նոր Օր» ներկայիս լոյս կը տեսնէ 16 էջերով, որոնց 4-ը՝ անգլերէն բաժինով։

***

Առաքելութիւնը

Հայրենիքը միակ շօշափելի կռուանն է հայ ժողովուրդի բազմադարեան գոյատեւման։ Անով է որ կ՛իմաստաւորուին հայապահպանումի մեր ճիգերը սփիւռքի մէջ։ Հետեւաբար, Հայաստանի ղեկավարութենէն կ՚ակնկալուի առաջնորդութիւնը իր ամբողջական ժողովուրդին՝ հայրենիքի մէջ, թէ արտասահմանի։ Յաջողութեամբ կարենալ պսակելու համար իր առաքելութիւնը, հայրենական իշխանութիւնները անխտրական ոգիով պիտի յարաբերին իր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հետ, անոնք գտնուին հայրենի հողին վրայ, թէ անոր սահմաններէն դուրս։

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին նօսր թիւը, ամէնէն էականը խարիսխին կամ կորիզին զօրացումն է ամէն տեսակէտով։ Այլ խօսքով, փոխյարաբերութեանց սերտացումն է հայրենիքի եւ արտասահմանի հայագաղութներուն միջեւ։ Հայրենիք-Սփիւռք կապերը հաստատուելու են առողջ եւ ամուր հիմերու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հետապնդել մեր հողային դատը։

Որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրկաններէն մէկը, «Նոր Օր», Հայկական Հանրապետութեան հիմնումէն, 1918 Մայիս 28-էն իվեր, ջատագոված է հայրենաշէն վերոյիշեալ սկզբունքները։ Որդեգրած իր այս անշեղ ուղիին համար, ռամկավար մամուլը հարուածուած է աջէն ու ձախէն, բայց անիկա անսայթաք վճռակամութեամբ շարունակած անսակարկ հայրենասիրութեան իր ընթացքը։ Մեր ժամանակներու ազատական շունչին օժանդակութեամբ, «Նոր Օր» միշտ պիտի դիմէ հայ ժողովուրդի արդար դատողութեան։

Ամէնէն հիմնականը հայրենիքի վերակառուցումը եւ հզօրացումն է։ Ընտրելու ենք անխարդախ, ինքնազոհ առաջնորդներ, որպէսզի լծուին հայ ժողովուրդի միասնականութեան։ Անգամ մը որ ազգը զօրանայ, գիտական պատրաստութիւնը ձեռք բերելու է մեր պահանջքներուն։ Ապա թափանցելով աշխարհը ղեկավարող մեքենականութեան մէջ, փորձելու ենք դառնալ անոր լծակներուն վրայ ազդող գործօններէն բոլոր կարելի բնագաւառներէ ներս. աշխատելու ենք ի նպաստ մեր պահանջատիրութեան՝ պատմական անհերքելի փաստարկութեանց հիման վրայ։ Ստեղծել հայրենի պետութիւն ու ժողովուրդ – հայ սփիւռք միաձոյլ ուժ, որպէսզի լաւագոյնս կարենանք արժեցնել մեր կենսական շահերը համամիութենական ու միջազգային գետնի վրայ։

Ներելի չէ, որ սփիւռքեան որեւէ մամուլ, հրապարակային զգայացունց լրատուութիւններով, կամ՝ արտասահմանեան որեւէ կազմակերպութիւն կամ անհատ, անհաւասարակշիռ ելոյթներով, այն թիւր տպաւորութիւնն ու խաբկանքը փոխանցեն հայրենի ժողովուրդին, որ ամենակարող եւ ազդեցիկ միջամտութիւններով կարելի է հիմնովին ազդել մեր պետութեան ներքին քաղաքականութեան վրայ, ներկայանալով իբրեւ փրկարարներ։ Մերինը պիտի ըլլայ աւելի մատնանշումը բոլոր թերիներուն, շինիչ թելադրութիւններով, ապականութեան խարանումով՝ անոր վերացումին ի խնդիր, ժողովուրդին կեանքի մակարդակի բարւոքման նպատակով, պաշտօնի վրայ ունենալու համար արժանիք ունեցող անկաշառ առաջնորդներ։

Հայրենի ղեկավարներուն կը մնայ լաւագոյնս ուսումնասիրել ու գնահատել աշխարհաքաղաքական մթնոլորտն ու հաւանական զարգացումները, համոզումով ու գիտութեամբ պահպանելու համար հայկական պետութեան արդար իրաւունքները։ Ճկուն դիւանագիտութեամբ, այլ՝ արիաբար պաշտպանելու ենք հայ ժողովուրդին կենսական շահերը ընդհանուր կերպով, եւ ի մասնաւորի՝ իր դրացի երկիրներու փոխյարաբերութեանց ուղղութեամբ։

Ազգային կուսակցութեանց եւ անոնց մամուլին, համախոհ միաւորներուն ու վարժարաններուն, եկեղեցիին, մեծ միութիւններուն ու կազմակերպութեանց նախաձեռնութեան կը մնայ առաջացնել Ներկայացուցչական Համախմբում մը, նսեմացնելով տարակարծութիւնները ու շեշտելով հասարակաց գիծերը, զգացական միասնականութիւնը վերածելով գործնականի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերցնել մեծ մարտահրաւէրը, որ հայութեան ուղղուած է ճակատագրական այս ժամանակներուն։

Օրուան հրամայական լոզունգը համախմբումն է ու զօրակցութիւնը, հայրենի ժողովուրդին պահպանման ի խնդիր՝ պապենական իր հողերուն վրայ, պատուար կենալով անոր արտացրուումին։ Իբրեւ ազգ, մեր բազմադարեան գոյատեւումի ընթացքին, ըմբռնելու ենք պատմութեան այս անհերքելի իմաստուն խորհուրդը։

Իբրեւ մեծագոյն սփիւռք, ամերիկահայութեան կը մնայ բռունցքուիլ, կազմակերպուիլ եւ անյապաղ գործել։ Անոր մամուլը, որուն շարքին, «Նոր Օր»ը, իր ամբողջական ներդրումը պիտի կատարէ այս ուղղութեամբ։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին