«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 11-ին հիւրընկալած է Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը եւ վերջինիս գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով հիւրերը, Հանրապետութեան նախագահը նշած է, թէ Հայաստանը կը կարեւորէ Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան դերը՝ որպէս փոխգործակցութեան ու երկխօսութեան հարթակի, եւ ուրախ է հիւրընկալելու կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է գագաթաժողովը բարձր մակարդակով իրականացնելու երկրի իշխանութիւններու վճռականութիւնն ու հաւաստիացուցած, որ Հայաստանը պատուով կը կատարէ իր յանձնառութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուելիք տնտեսական համաժողովին:
Նախագահ Սարգսեան ցանկութիւն յայտնած է, որ անիկա դառնայ աւանդական՝ նշելով, որ Հայաստանը կամրջող դեր կրնայ խաղալ հիւսիսի ու հարաւի, արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ, դառնալ ոչ միայն աշխարհագրական, մշակութային, այլեւ տնտեսական կապերու, բարձր արհեստագիտութեանց խաչմերուկ՝ օտարերկրեայ գործարարներու եւ ներդրողներու առջեւ բանալով գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ: