Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

«Ընկերութեան Կեանքին Հետ Աղերս Ունեցող Հարցերուն Նկատմամբ Եկեղեցին Իր Իւրայատուկ Ըսելիքը Ունի» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2018-ին հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։

Համալսարանի նախագահը՝ դոկտ. Ճորճ Սապրան, ներկայացնելով Նորին Սրբութիւնը՝ ըսաւ, թէ ան «կարիքը չունի ներկայացուելու, որովհետեւ քրիստոնէական ու միջկրօնական աշխարհէն ներս հանրածանօթ դէմք է իր ստանձնած պատասխանատուութիւններով, հրատարակութիւններով ու դասախօսութիւններով»։ Ապա ան հրաւիրեց հայրապետը իր խօսքը ուղղելու։

Իր դասախօսութիւնը վեհափառ հայրապետը սկսաւ հետեւեալ դրուագը յիշելով. 1998 թուականին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 8-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ Հարարէի (Զիմպապուէյ) մէջ։ Համագումարին առաջին օրը, շուրջ 100 անձերէ բաղկացած խումբ մը, ներկայացնելով աւելի քան 5000 հոգի հաշուող համաժողովը այցելեց նախագահ Մուկապէյին՝ ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Ընդունելութեան սկիզբը նախագահը, խօսքը ուղղելով ներկաներուն, հեգնական ոճով ըսաւ. «Դուք՝ հոգեւորականներդ, պէտք է զբաղիք միայն երկինքի հարցերով…»։ Որպէս ատենապետ ԵՀԽ-ին՝ իմ պատասխանիս մէջ ըսի. «Որպէս քրիստոնեայ՝ դուք պէտք է գիտնաք, թէ երկինքի մէջ հարցեր չկան, այլ միայն երկրի վրայ, եւ այդ հարցերը հետեւանք են մարդու մեղքին, անարդարութեան ու մարդկային իրաւանց բռնաբարման. Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդուն հարցերը լուծելու, այլ խօսքով՝ մարդը ազատագրելու իր մեղքէն եւ մարդուն ցոյց տալու դէպի փրկութիւն ընթացող ճամբան»։ «Այս ըլլալով Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, ա՛յս է նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ իր աստուածաբանութեան նպատակը»,- ըսաւ վեհափառ հայրապետը՝ իր խօսքը ուղղելով համագումարի մասնակիցներուն։

Անդրադառնալով «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին՝ վեհափառ հայրապետը աստուածաբանութիւնը սահմանեց որպէս «միտք»-ը եկեղեցւոյ: «Եկեղեցին ինքզինք կ՚արտայայտէ աստուածաբանութեան ճամբով. աստուածաբանութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչին, եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն ու տիեզերական ժողովներուն վրայ։ Աստուածաբանութեան աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Այս սահմաններէն դուրս ան կը վերածուի փիլիսոփայութեան։ Բանականութիւն ու հաւատք, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ դեր ունի աստուածաբանութեան մէջ»,- յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը։ Շարունակելով իր խօսքը՝ հայրապետը ըսաւ, թէ աստուածաբանութիւնը «եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, մտածողութիւնը ու տեսակէտը կը պարզէ մարդկային կեանքին առնչուած երեւոյթներուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Նո՛յնը ըրաւ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին։ Նո՛յնը կոչուած է ընել այսօր եկեղեցին։ Հետեւաբար, աստուածաբանութեան մօտեցումը համապարփակ է, ո՛չ ընտրովի»։ Մեկնելով այս մօտեցումէն՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ «այսպէս «քաղաքական աստուածաբանութիւն» կոչուած իւրայատուկ աստուածաբանութիւն մը գոյութիւն չունի, այլ աստուածաբանական մտածողութեան մէջ շեշտաւորումներ ու մօտեցումներ կան, որոնք իւրայատուկ նկարագիր մը կու տան աստուածաբանութեան. օրինակ՝ «սեւ աստուածաբանութիւն», «կնոջական աստուածաբանութիւն», «ազատագրումի աստուածաբանութիւն», «երկխօսութեան աստուածաբանութիւն», «յոյսի աստուածաբանութիւն», «գոյապայքարի աստուածաբանութիւն» եւ այլն։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դիտել աստուածաբանութիւնը եւ քաղաքականութիւնը իրենց ներքին յարակցութեան ու միաժամանակ առճակատումի շրջագիծէն ներս։

Այս ծիրէն ներս հայրապետը յատկապէս անդրադարձաւ երեք կէտերու.-

Ա) Բախում Աստուծոյ թագաւորութեան եւ մարդու թագաւորութեան միջեւ։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ քանդելու սուտի, կեղծիք, անարդարութեան, չարի ու մեղքի վրայ հիմնուած մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու երկինքի թագաւորութիւնը։ «Ճիշդ չէ ըսել, թէ երկինքի թագաւորութիւնը պիտի գայ. ան եկած է արդէն Քրիստոսով։ Հոս կը յառաջանայ բախում մը երկու թագաւորութիւններու միջեւ։ Եկեղեցին կոչուած է աստուածաբանութեան ճամբով պաշտպանը ու ջատագովը ըլլալու երկինքի թագաւորութեան արժէքներուն ու սկզբունքներուն»,- շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

Բ) Եկեղեցւոյ մարգարէական դերը Քրիստոսի կողմէ տրուած կոչում մըն է «ոչ միայն տեսակէտ պարզելու, Աստուծոյ ձայնը դառնալու, այլ կեցուածք ճշդելու անարդար կառոյցներու եւ այն բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք չարին ու մեղքին տիրապետութիւնը կը հաստատեն ընկերութեան կեանքէն ներս այլազան կերպերով»,- յիշեցուց վեհափառ հայրապետը։

Գ) Ուժի հարցը կարեւոր է եկեղեցի-ընկերութիւն յարաբերութեան մէջ։ Այս գծով հայրապետը յայտնեց, որ «ընկերութեան կառոյցները հիմնուած են ուժի վրայ, իսկ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հիմնուած է խաչին վրայ։ Խաչը ժխտումն է մարդկային ուժին. ան աստուածային ուժին ներկայութիւնն է. մահուան մահով յաղթելու Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը պարտութիւնն է մարդկային ուժին՝ աստուածային ուժին դիմաց»։ Երկնային ու երկրաւոր ոյժերու, այս հակադրութեան դիմաց, եկեղեցւոյ դերը շեշտել է սիրոյ, ծառայութեան ու ճշմարտութեան հրամայականը՝ որպէս երկնային ուժի աղբիւրի։

Վեհափառ հայրապետը ամփոփ գիծերով պարզելէ ետք նաեւ այլ երեւոյթներ՝ աստուածաբանութիւն ու քաղաքականութիւն յարաբերութեան առնչուած, հետեւեալ չորս գլխաւոր կէտերու մէջ ամփոփեց իր նիւթին առնչուած կարեւոր երեւոյթները.

Ա) «Աստուածաբանութիւնը չի կրնար ապաքաղաքական ըլլալ, որովհետեւ ան կոչուած է իր տեսակէտն ու կեցուածքը արտայայտելու ընկերութեան կեանքին բոլոր հարցերուն գծով: Միաժամանակ, եկեղեցին չի կրնար նոյնանալ քաղաքական ու գաղափարախօսական կառոյցներու, օրակարգերու կամ շարժումներու հետ»։ Ապա հայրապետը յիշեցուց, որ նման մօտեցում զգայուն ու երկդիմի կացութիւն կրնայ ստեղծել եկեղեցւոյ, որովհետեւ ան որպէս աստուածամարդկային կառոյց կը գործէ ընկերութեան կեանքէն ներս ու ենթակայ է միշտ անկից եկող ազդեցութիւններուն։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Երբ նայինք պատմութեան, կը տեսնենք, որ եղած են դէպքեր ու կացութիւններ, երբ եկեղեցին սխալած է կամ թերացած իր մարգարէական դերակատարութեան մէջ։ Եկեղեցին կոչուած է ճշմարտութեան, արդարութեան, իրաւունքի ու համերաշխութեան ջատագովը ըլլալ։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, գերմանական եկեղեցիներուն կեցուածքը Հիթլըրի նկատմամբ պերճախօս վկայութիւն մըն է այս գծով»։

Բ) «Եկեղեցին, իր բարոյական հեղինակութեամբ, պէտք է հաշտարարի ու միջնորդի դերը կատարէ թէ՛ ժողովուրդի կեանքէն ներս յառաջացած եւ թէ ժողովուրդ-իշխանութիւն բեւեռացումներու գծով։ Եկեղեցին պէտք չէ կողմ ըլլայ. իր մօտեցումները պէտք է իրենց մղումը առնեն աստուածաշնչական սկզբունքներէն»։

Գ) «Եկեղեցին պէտք է մերժէ որեւէ մօտեցում, որ զինք կը նկատէ որպէս հաստատութիւն։ Եկեղեցին հաստատութենական արտայայտութիւն ունի, սակայն ան հաւատքի համայնք է, Քրիստոսի խորհրդական մարմինը։ Եկեղեցւոյ այս ինքնահասկացողութիւնը հիմքն է իր աստուածաբանական մտածողութեան»։

դ) «Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Աստուածաբանութիւն ու առաքելութիւն սերտօրէն առնչուած են։ Եկեղեցւոյ մտածողութիւնը կոչուած է ուղղութիւնը տալու եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ընկերութեան կեանքէն ներս»։

Որպէս իր դասախօսութեան եզրափակիչ կէտ՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ընկերութեան կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող հարցերուն նկատմամբ՝ կառավարման վարչաձեւէն մինչեւ կենսոլորտ, ընկերատնտեսական խնդիրներէն մինչեւ մարդկային իրաւանց հարցեր, եկեղեցին իր իւրայատուկ ըսելիքը ունի՝ միշտ մեկնելով աստուածաշնչական արժէքներէ ու ուսուցումներէ եւ պահելով իր դերակատարութեան իւրայատկութիւնը»։

Աստուաածաբանութիւն-քաղաքականութիւն յարաբերութեանց շուրջ իր կատարած վերլուծումներուն ու քննարկումներուն ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը մէջընդմէջ անդրադարձաւ պատմական ու ժամանակակից դէպքերու ու երեւոյթներու՝ առնչուած ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքին։ Այս ծիրէն ներս ան նաեւ յիշեց Հայ եկեղեցին ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիները՝ պարզելով եկեղեցւոյ որդեգրելիք կեցուածքը ներկայ ժամանակներու տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։

Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին