ՄԿՀ-ին նուիրուած Բ. զրոյցով նոր սերունդներուն եւ հայրենի մեր երիտասարդ պետութեան ու ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնեմ ՄԿՀ-ի ունեցած պատմական նպաստը կրթական գործին մէջ սփիւռքի տարածքին։
Յետցեղասպանութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ 70-80-ական թուականները հայ կազմակերպութիւններու, եկեղեցւոյ (Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ, Հայ աւետարանական) եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու հասարակական գործունէութեանց մէջ առաջին հորիզոնականին վրայ գտնուած է Հայ դպրոցներու հիմնադրութիւնը, պահպանումը եւ հետեւաբար հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Այս իմաստով Հայ դպրոցին գոյութեան ու բարգաւաճման նուիրուած գործունէութեանց առիւծի բաժինը կը պատկանէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (60-է աւելի դպրոցներ կը հովանաւորէր ՀԲԸՄ-ը սփիւռքի տարածքին):
Այս առնչութեամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետ կը վկայէ. «Նախախնամական եղաւ ՄԿՀ-ի նպաստը սփիւռքի հայ վարժարաններին, մանաւանդ վերջին երկու համաշխարհային պատերազմների միջեւ ընկած ժամանակահատուածում, երբ բազում մելգոնեանցի շրջանաւարտներ նուիրուեցին կրթական ծառայութեան» (Կոնդակ, 20 Փետրուար 1986, ՄԿՀ-ի 60-ամեակին առթիւ): Իսկ Կիպրոսի բարեխնամ պետութեան նախագահ Ն.Վ. Սփիրոս Կիպրիանու իր ողջոյնի գիրին մէջ կը գրէր.
«The Melkonian Institute in its 60-year life has accomplished an important and multifaceted work and is today recognized as a splendid educational center and also as a focal point for intellectual and cultural development of the Armenian Community in general» (Nicosia, 10/5/1986).
Սկսինք տնօրէններէն։
ա.- Ասատուր Պետեան (1964-1975): Կը զեղչուի նախապատ- րաստական դասարանը ու կը հաստատուին ճեմարանական հինգ դասարաններ՝ պահելով յաւելեալ մասնագիտականները (Գիտական եւ արուեստի): Իր շրջանին է որ կը սկսի գործնական ու նպատակայարմար աւանդոյթ մը՝ հայրենիքէն կը հրաւիրուին հայրենի դասախօսներ, ժամանակագրականօրէն յիշելով՝ դոկտ. Պետրոս Պետիրեանը, դոկտ. Արտէմ Սարգսեանը, դոկտ. Սամուէլ Անթոսեանը, կրկին դոկտ. Ա. Սարգսեանը, Երուանդ Մելքոնեանը (հետագային Լիբանանի մէջ ՀՀ-ի Ա. դեսպան), դոկտ. Գէորգ Բաղդիշեան, կրկին դոկտ. Պ. Պետիրեան, Արա Պապեան (հինգ տարի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գանատայի մօտ): Մարմնամարզանքի համար կը հրաւիրուին Վարուժան Մինասեան, Բաշիկ Աւագեան, պարուսոյցներ՝ Նորիկ Մեհրապեան, Գագիկ Մխիթարեան եւ փողերախումբի ղեկավար Ֆելիքս Մովսիսեան։ Նշեմ որ հայրենաբնակ մեր դասախօսները իրենց մարզերուն մէջ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս ճանչցուած մասնագէտներ էին։
բ.- Տիկ. Սօսի Պետիկեան (1976-1985): ՄԿՀ-ի ամէնէն փայլուն ուսանողուհիներէն մէկն էր եղած։ Բարձրագոյն ուսումն ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս (տարրաբանութիւն): Ուսուցչական ասպարէզի հանդէպ իր ունեցած խոր սէրն ու հաւատքը զինք կ՚առաջնորդէ կրթական ասպարէզ՝ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանէն ներս։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մագլցումին ընթացքին ՀԲԸՄ-ի ցկեանս նախագահ տիար Ալեք Մանուկեանի հրաւէրով կը ստանձնէ իր մայր հաստատութեան տնօրէնական պաշտօնը՝ Կիպրոսի համար քաղաքական անստոյգ տարիներու ընթացքին, երբ տակաւին չէին սպիացած թրքական ներխուժման վէրքերը։
1976-ին տիկ. Սօսի Պետիկեան իր բանաստեղծ, ազգային գործիչ եւ առեւտրական դասերու ուսուցիչ Վարուժան Պետիկեանի հետ կը փոխադրուի ծննդավայր։
Տիկ. Պետիկեան շուտով անցաւ նորարարութիւններու մանկավարժական ասպարէզէն ներս։ Ան նախ հրաւիրեց երիտասարդ ուսուցիչներ (որոնց շարքին նաեւ տողերուս հեղինակը), յաճախակի այցելութիւններ տալով Միջին Արեւելքի հայ գաղթավայրերը՝ կրցաւ խանդավառել ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան ՄԿՀ-ին։ Կարճ ժամանակի ընթացքին ՄԿՀ-ը վերագտաւ իր երբեմնի համբաւը. ան նաեւ սերտացուց կապերը Մայր հայրենիքի պատկան մարմիններու եւ մտաւորականութեան հետ։ Տիկ. Պետիկեան, տնօրէնական ծանր պարտականութեանց կողքին, աւարտական դասարանին կը դասաւանդէր նորագոյն շրջանի հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ Հայ դատ։
գ.- Դոկտ. Ագապի Էքմէքճեան (Նասիպեան), 1985-1988: Նոյնպէս ՄԿՀ-ի ամէնէն փայլուն շրջանաւարտներէն մին էր մանկավարժական բաժինէն։ Ան 16 տարիներ դասաւանդած էր հաստատութեան մէջ՝ որպէս ընդհանուր ազգաց պատմութեան ուսուցիչ, ապա մասնագիտացած էր Լոնտոնի Օքսֆորտ համալսարանէն ներս նորագոյն շրջանի պատմութեան գծով։ Իր օրով անգլիական General Certificate of Education-ի (GCE) սկսան պատրաստուիլ երկրորդական Դ. դասարանէն՝ սովորական մակարդակի (O Level) 14 նիւթերու եւ յառաջացեալ մակարդակի (A Level) 8 դասանիւթերու մէջ: Այս շրջանին կը հաստատուի նաեւ Պաքալորիայի ծրագիրը։ Ինչպէս անցեալին, այդպէս ալ դոկտ. Ա. Նասիպեանի օրով հայերէնագիտական առարկաները յատուկ նշանակութեան եւ կարեւորութեան արժանացած են (Հայոց լեզու, Հայ գրականութիւն, մատենագրութիւն, գրաբար, Հայ մշակոյթի պատմութիւն։
Դոկտ. Ա. Նասիպեանէն ետք տնօրէնական պարտականութիւնները կը յանձնուին դարձեալ ՄԿՀ-ի 60–ական թուականներու շրջանաւարտներէն եւ հաստատութեան մէջ երկար ատեն գլխաւոր հերթապահ եւ ուսողութեան ուսուցիչ պրն. Յարութիւն Այվազեանին (1989-1990):
Իւրաքանչիւր տնօրէն հաստատութեան յաջող երթին մէջ բերած է իր նպաստը եւ առանձնայատկութիւնը՝ յարմարելով ժամանակի թելադրած պայմաններուն եւ քայլ պահելով համաշխարհային ուսումնա-կրթական պահանջներուն հետ։ Ինչո՞ւ համար 21-րդ դարուն ՄԿՀ պիտի չկրնայ նոյնը ընել, ո՞վ որոշեց, թէ ՄԿՀ-ի դերը աւարտած պէտք է նկատել, «վերեւները» որոշում առնող մեր բարձրաստիճան ղեկավարներէն քանի՞ հոգի որակաւորուած են ուսումնա-կրթական ասպարէզէն ներս…
(*) Մեր յաջորդ՝ 3-րդ զրոյցին մէջ, պիտի անդրադառնանք ՄԿՀ–էն շրջանաւարտ այլ երախտաւորներու, որոնք որպէս տնօրէն թէ ուսուցիչ զգալի օգուտ բերած են սփիւռքի հայկական վարժարաններէն ներս եւ, հետեւաբար, անուրանալիօրէն նպաստած են հայրենակերտութեան եւ հայապահպանութեան գործին։