Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկ․ Հայագիտական առարկաներու դասաւանդման նուիրուած խորհրդաժողովներու շարք

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Սփիւռքահայութեան ազգապահպանումի մտահոգութեան ծիրէն ներս առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ հայերէն դասաւանդող ուսուցչական շարքերուն նօսրացումը՝ հայկական բոլոր գաղութներէն ներս։ Մինչ այդ՝ հայախօս աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի մեր դպրոցներէն ներս։ Հայկական վարժարաններուն այս իրավիճակը ուսուցչական կազմերն ու պատկան մարմինները կը դնէ երկու գլխաւոր մարտահրաւէրներու դիմաց։

Առաջին՝ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող արհեստավարժ երիտասարդ ուսուցիչներու պատրաստութիւն։ Երկրորդ՝ հայագիտական նիւթերու ուսուցումը աւելի գրաւիչ, արդիական եւ արդիւնաբեր դարձնելու համապարփակ ծրագիրի մշակում։

Առաջինին պարագային, անհրաժեշտ է ներգրաւել որակաւոր թեկնածուներ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնելով անոնց՝ հրապուրիչ դարձնել ուսուցչական ասպարէզը մեր վարժարաններէն ներս։ Մինչ այդ սակայն, մեծապէս պէտք է գնահատել մեր ուսուցիչները, որոնք իրենց նուիրումի ոգիին եւ փորձառութեան շնորհիւ, կ՚ընեն իրենց լաւագոյնը՝ մեր մայրենի լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը սիրցնելու եւ փոխանցելու նորահաս սերունդին։ Անհրաժեշտ է զանոնք դնել պատուանդանի որպէս խորհրդատուներ՝ յաչս ապագայի հայերէնի ուսուցիչներուն։

Պապայեան Մանկավարժական հիմնարկի յառաջադրութիւնն է կազմակերպել խորհրդաժողովներու շարք մը հետեւեալ նպատակներով.

Ա. Ուսուցիչներուն անհատական յաջող փորձառութիւններու փոխանակումի առիթներ ստեղծել, ուր փորձառու ուսուցիչներուն հարուստ վաստակին ու յաջողութիւններուն փոխանցումով պիտի ճոխացուի նորերուն թէքնիքներուն պաշարը եւ ուսուցիչներուն անհատական հարուստ վաստակը պիտի վերածուի հաւաքական ներուժի։

 Բ. Անհրաժեշտ է, որ ուսուցիչներ հաւաքաբար տեղեկանան եւ ծանօթանան կրթութեան մարզէն ներս տեղի ունեցող նորութիւններուն, միասնաբար քննարկեն զանոնք եւ որդեգրեն այն ինչ որ յարմար կը նկատեն:

Գ. Կարեւոր է արհեստագիտական կապեր ստեղծել ուսուցիչներուն եւ համայնքէն ներս գործող որակաւոր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ: 

Առաջին խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կեդրոնէն ներս, Փասատինայի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին