ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Ինչ մեղքս պահեմ, նախաճաշը համով էր բազմազան համանման հայկական ուտելիքներով, մեղրով եւ կարագով, որուն հետեւանքը կրեցինք մեր մարմիններու կշիռքին վրայ, տասական փաունտ աւելի քաշերով:
Ու, ճամբայ ելանք դէպի հայկական Տարեւունք քաղաք, այժմ՝ Տոկու Պայազիտ:
Ճանապարհը կ՚ընթանար ներկայ Հայաստանի սահմանին զուգահեռ, մեզ տանելով դէպի հարաւային Արեւմտեան Հայաստան: Ճամբան անտարակոյս շարունակութիւնն էր Արարատեան դաշտին, կարծէք կիսուած Ախուրեան գետով: Կարսի դաշտավայրի կենսունակութիւնն ու կանաչազարդ դաշտերու շարունակութիւնը զգալի էր այստեղ եւս։ Արդէն մօտեցած էինք Տոկու Պայազիտ քաղաքի սահմաններուն, որ Հայաստանի սահմանին հանդիպակաց ափին արեւմտեան մասին վրայ կը գտնուի, Արարատ լերան հարաւը, երբ հանդիպեցանք զինուորական քննչական կեդրոնի մը, ճանապարհի եզրին, որոնք բանակային տարազներով, զէնքով եւ զինամթերքով պարտադրաբար կը քննէին իւրաքանչիւր ինքնաշարժի ճամբորդ: Առաջին հանդիպումնիս էր նման արգելքի կամ հսկիչ մարմինի մը, թրքական սահմանէն ներս մտնելէ ետք, մեզի համար տարօրինակ թուելով: Հետաքրքրականը այն էր սակայն, երբ զինուորական երիտասարդ մը ինքնաշարժ բարձրացաւ, բարձրահասակ, հուժկու երեւոյթով, շէկ մազերով եւ կապուտաչեայ: Մազի թելի տարբերութեամբ, քիչ մնացած էր «հայ, հաու ար եու եանկ մէն» պիտի կանչէի զինք, երբ ան մեզմէ անցագրերը պահանջեց….. թրքերէն լեզուով, զիս յուսախաբ ընելով: Անկասկած՝ «փիճ» ըլլալու է մտածեցինք, ապա թէ ոչ այսպիսի թուրք որտեղէ՞ն ծնած ըլլալու էր: Մեր մտահոգութիւնները փարատեցան մեր պտոյտի առաջնորդին բացատրութենէն ետք, թէ՝ նման արգելքներու պիտի հանդիպինք այսուհետեւ, որովհետեւ կը ճամբորդենք ընդհանրապէս քրտական բնակչութեան տիրապետող շրջաններու մէջ, եւ թուրքերը գիշեր-ցերեկ կը հսկեն այստեղ, որեւէ յեղափոխութեան առաջքը առնելու կամ ճզմելու նպատակով:
Շրջանի լեռներուն վրայ ակներեւ էին զօրանոցներ եւ բանակային ներկայութիւն մինչեւ քաղաքի մուտք: Շատ փոքր քաղաք մըն էր Տոկու Պայազիտը, որ նշանաւոր եղած է իր բերդով: Պատմութիւնը չկրկնելու համար միայն կրնանք յիշեցնել, թէ ան եւս եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան ամրոցներէն մին, պատմութեան ընթացքին, զանազան ազգերու գրոհներուն ենթակայ դառնալով, եւ վերջապէս յանգելով այսօրուան թրքական իշխանութեան ներքեւ: Քաղաքին բարձունքին վրայ կը գտնուի նշանաւոր Իսհակ Փաշայի բերդը, որ կառուցուած է հայ ճարտարապետի մը ձեռքով: Բերդը ունի 60-է աւելի սենեակներ, լողարաններ եւ պալատի սրահներ, որոնք կը ծառայէին անոր 60 հոմանուհիներուն՝ որպէս բնակարան: Իսկ այն հոմանուհին որ կը դաւաճանէր զինք կամ կը մերժէր հետը կենակցիլ, բերդին պարիսպէն վար կը նետուէր, որպէս պատիժ: Թրքական բարբարոսութիւն:
Բերդէն իջանք ցած «Արարատ» անունով գեղեցիկ ճաշարանի մը մէջ ճաշակելու համար: Կարծէք հայ ըլլային տէրերը: Բայց, ո՛չ, քիւրտ էին, եւ հպարտանքով կը պահէին ճաշարանին անունը:
Բաւական հանգիստէ ետք կրկին ուղեւորուեցանք այս անգամ դէպի Վան:
Ճանապարհը, որ ընտրած էին այս պտոյտին համար, կ՚ընթանար հիւսիսէն՝ Վրաստանի, Հայաստանի, Իրանի, Իրաքի եւ ապա Սուրիոյ սահմաններուն զուգահեռ, շրջանցելով Վանայ լիճը եւ վերադառնալով անոր հիւսիսէն դէպի Վրաստան եւ ապա Հայաստան:
Յետմիջօրէ էր երբ մտանք Վան: Տակաւին ժամանակ ունէինք այցելելու քաղաք: Ուստի, առիթը օգտագործելով ուղղուեցանք դէպի քաղաքի կեդրոն եւ «Մհերի դուռ»: Ըստ առասպելին, Մհեր ամէն տարի դուրս կու գայ տեսնելու որեւէ փոփոխութիւն երկրի մէջ: Սակայն մինչեւ այսօր, ան տակաւին չէ որոշած վերադառնալ երկիր, եւ հաւանաբար բնաւ չվերադառնայ, տեսնելով երկրին ներկայ վիճակը: Բայց մեր այցելութիւնը Ուրարտական ապառաժին վրայ փորուած դրան բացուածքին, որ դուռ չէր, կը զարմացնէր բնակիչները, որոնք պահուած գանձերու թաքուն վայրերու պրպտումէն յուսախաբ, տակաւին կ՚ակնկալէին տեսնել կամ գտնել բան մը, իւրաքանչիւր այցելուի հետ, եւ հարց կու տային իրենք իրենց, «Ի՞նչ կայ այստեղ, որ այս մարդիկ միշտ կու գան այցելելու»:
Շար. 4