Պատրաստեց`ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Այվազեան Արգամ, «Գողթն – Ազգագրական մասունքներ», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 324 էջ (20 x 28 սմ.) (Նախիջեւանի Գողթն գաւառի ազգագրութեան եւ բանահիւսութեան նմոյշներ` տեղի բարբառով, գունաւոր ու սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Աւետիքեան Սերժ, Եկաւեան Տիգրան, «Սփիւռքեան երկխօսութիւն», Փարիզ, 2018, 200 էջ (12 x 19 սմ.) (ֆրանսահայութեան ինքնութեան տագնապն ու հարցերը երկու տարբեր սերունդներու երկխօսութեան ընդմէջէն) (ֆրանսերէն):
– «Գրիգոր Պըլտեանի յեղաշրջումը», հայերէնէ թարգմանեց Սոնիա Պեմեզեան, «Քլասիք Կարնիէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 250 էջ (գրականագէտ- փիլիսոփայ Գ. Պըլտեանի հայեացքները) (ֆրանսերէն):
– Թովմասեան Պետրոս, «Վարագավանքը պատմութեան քառուղիներուն», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 182 էջ (17 x 24 սմ.) (Տարօնի շրջանի հայկական սրբավայրի մասին հանրագիտարանային ուսումնասիրութիւն, ցուցակներ, լուսանկարներ, գծացուցակներ, օժանդակ այլ նիւթեր):
– Խատիսեան Ալեքսանդր, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 480 էջ (17 x 24 սմ.) (1968-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը` արեւելահայերէնով ու աբեղեանական գրելաձեւով):
– Տը Թոմասսի-Վիշինսքի Էմիլիա Աշխէն, «Նոր Արաքս – Պարիի հայկական գիւղին պատմութիւնը», յառաջաբանը` Լեւոն-Պօղոս արք. Զէքիեանի, վերջաբանը` Ռուբէն Թիմուրեանի, LB հրատարակչութիւն, Իտալիա, 2017 (Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու` 1924-ին Իտալիոյ հարաւային Պարի քաղաքին մօտերը հիմնած Նոր Արաքս գիւղին պատմութիւնը) (իտալերէն): Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր ծնողներուն` Տիրանի եւ Աշխէնի, նաեւ` Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու յիշատակին:
– Կիւլեր Արա, «Բաբելոնէն ետք պիտի ապրինք», խմբագիր` Ռոպեր Գոփթաշ, անգլերէնի թարգմանիչ` Նազըմ Տիքպաշ, թրքերէնի թարգմանիչ` Սիրվարդ Մալխասեան,«Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, օգոստոս 2018, 144 էջ (22,5 x 28 սմ.) (լուսանկարչական ալպոմ` կարճ պատմուածքներով ուղեկցուած) (հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն առանձին հրատարակութիւններ):
– Հաճեան Աւետիս, «Գաղտնի ազգ մը – Թուրքիոյ ծպտեալ հայերը», I. B. Taurisհրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2018, 570 էջ (Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ իսլամացուած հայոց ներկայ վիճակին մասին, բազմաթիւ լուսանկարներ) (անգլերէն):
– Մութաֆեան Քլոտ, «Արարատէն Քարփաթներ` հայկական զրուցավէպը», «Պել Լեթր»հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 448 էջ (Արեւելեան Եւրոպայի հայկական գաղութներու պատկերազարդ պատմութիւնը, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան, յապաւումներու եւ յատուկ անուններու ցանկեր, 9 քարտէս, 850 գունաւոր լուսանկար)(ֆրանսերէն):
– Շառոյեան Լեւոն, «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզերքին», Բ. հատոր, յառաջաբանը` տոքթոր Արմենակ Եղիայեանի, Բերիոյ թեմի «Այգ» մատենաշար թիւ 22, տպարան «Ոսկետառ», Հալէպ, 2018, 320 էջ: Գիրքին մեկենասն է Ֆրանսայէն Տիգրան Ճիյէրճեանը:
– Չիֆթճեան Գրիգոր եպս., «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում –Հայկական յուշարձանների հետքերով», Ա. հատոր, Իրան, 2018, 546 էջ (Ատրպատականի թեմի առաջնորդը կը նկարագրէ թեմի տարածքի հայկական 238 եկեղեցիներէն 95-ին այժմու վիճակը` ականատեսի վկայութիւններով, բազմաթիւ լուսանկարներ):
– «Ստորագրութիւն` Գրիգոր Պըլտեան», հայերէնէ թարգմանեց Սոնիա Պեմեզեան, «Քլասիք Կարնիէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 235 էջ (գրականագէտ-փիլիսոփայ Գ. Պըլտեանի գիտական վաստակը) (ֆրանսերէն):
– «Վահան Թէքէեան վարժարան – Վաթսունհինգամեակ (1951-2016)», Պէյրութ, 2018 (Պէյրութի մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան դպրոցին յուշամատեանը, յուշեր, լուսանկարներ, տնօրէններու, ուսուցիչներու, հոգաբարձական կազմերու եւ այլ ցուցակներ):
– Ֆիշենկճեան Անի Աւետիսի, «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970 թթ.», հրատարակութիւն Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2018, 344 էջ (Ա-5) (արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, լուսանկարներ, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Տպագրուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով, Ֆիշենկճեան ընտանիքի եւ Հերմինէ Պարսումեանի ու անոր որդիին` Տիգրանի միջոցներով եւ նուիրուած է հեղինակին հօր` Աւետիս Ֆիշենկճեանի յիշատակին: