Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Վիքթորիա Հարուուտ Պաթլըր-Սլոսի «Ուրֆայի Դերձակուհին» Վէպը

ԼԻԶԱ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

 

Ուրֆայի հանդարտ կեանքն է, որ կը ներկայացուի հոս, պսակադրութեան մը աւանդական սովորութիւններով՝ հարսնցուին ձեռքը խնդրելով ու ապաանոր յաջորդող հաճելի դէպքերով։ Ներկայացուածը կեանքի սովորական առօրեան է, ընտանեկան սրբութիւններ, գաղտնիքներ, դժուարութեանց դէմմաքառում, գործի կորուստ, իգական սեռին կարեւոր դիրքի բացայայտում. անիկա պատում մըն է, որ կ՛երկարի մինչեւ Եղեռն եւ անկէ զերծ մնալուառիթի օգտագործում ու ապա գաղթականութիւն դէպի Հալէպ ու Նիկոսիա։

Ընտանեկան պատմութիւնները յաւերժացնելու գրական նման հատորներու ամէն մէկ հրատարակութիւն, ափսոսանքի եւ զղջումի զգացումներ կ՛արթնցնէ մօտս. դժբախտաբար փոքր տարիքէս կորսնցուցած եմ մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս եւ անձամբ առիթը չեմ ունեցած անոնց գաղթի պատմութիւնները լսելու ու գրի առնելու։ Տեղեկութիւններու պատառիկներ լսած եմ ծնողքէս եւ ազգականներէս, որոնք նաեւ լաւատեղեակ չեն պատահարներուն մանրամասնութիւններէն։ Եղեռնեան իւրաքանչիւր պատումի ընթերցանութենէն ետք, կ՛ունենամ հոգեկան այն համոզումը, որ անիկա նմանօրինակը պիտի ըլլայ իմ նախնիներուս ապրած կեանքին եւ դիմագրաւած ու յաղթահարած եղեռնեան փորձառութեան։

Բազմիցս կարդացած ենք, թէ Եղեռնի ընթացքին արհեստավարժ անձեր եւ իրենց ընտանիքները կրցած են ազատիլ սպանդէն, իրենց տրամադրած կարեւոր սպասարկութեանց շնորհիւ։ Սոյն վէպին գլխաւոր նիւթը այն է, որ բազմանդամ հայ ընտանիք մը ջարդէն կ՛ազատի, գլխաւոր դերակատարին՝ Խաթունին, որ հեղինակին մեծ մեծ մայրն է, ունեցած դերձակութեան հմտութեան պատճառով։ Արդարեւ, ան իր նրբաճաշակութեան եւ ստեղծագործական ձիրքերուն պատճառով կրցած է ներգրաւել ուշադրութիւնը իր յաճախորդներուն՝ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կիներուն, որոնք, իրենց կարգին, իրենց համար յատուկ կարուած ցանկայարոյց հագուստներով հրապուրած են իրենց բազմակին ամուսինները եւ յաջողած են զանոնք պահել իրենց մօտ։ Եւ ահա այս կարեւոր պատճառով, թուրք կին մը մտերմանալով՝ բարեկամացած է Խաթունին հետ եւ այդ թուրք կնոջ միջամտութեամբ այս հայ ընտանիքը զերծ մնացած է գաղթէն եւ ջարդէն։

Մինչ ճարտար դերձակուհի մեծ մեծ մօր ասեղ-թելով ստեղծագործուած հագուստները զանոնք հագուողներն ու շոյողները կը դիւթեն, Վիքթորիան իր գրական յատուկ ոճով, երեւակայութիւնը թափ տուող նկարագրական մանրամասնութիւններով ընթերցողները կը ներգրաւէ եւ կը փոխադրէ՝ աւանդութիւններով եւ մշակոյթով հարուստ Ուրֆա։

Վիքթորիային այս գիրքը առաջին հատորն է իր եռահատոր գործին, ուր իրադարձութիւններու բերումով կը շեշտուի իգական սեռի կարեւորութիւնը, ըլլայ այդ ընտանեկան որեւէ հարցի լուծման կամ առնուելիք ճգնաժամային որոշումներուն մէջ։ Մեծ մեծ մօր՝ Խաթունին տուած խրատը իր ծոռնուհիին եղած է հետեւեալը. «Ամէն ինչ կախեալ է քու ով ըլլալէդ»։ Վէպին սկիզբը Խաթունը, տակաւին պարմանուհի, կը պսակուի բանաստեղծական հակումներ ունեցող Իսքենտեր Աղա Պօղոսին հետ, որ իր մեղմ խառնուածքին եւ չար ճակատագիրին բերումով կը կորսնցնէ իր հօրմէն ժառանգած ունեցուածքը եւ այդ պայմաններուն մէջ Խաթունն է, որ իր ոսկի մատանիին՝ դերձակութեան միջոցաւ, ապրուստ կ՛ապահովէ իրենց բազմանդամ ընտանիքին ծախսերը հոգալով։ Ան իր կողքին նեցուկ կ՛ունենայ այլ խիզախ կին մը, ամուրի մնացած տալը՝ Ըմ Ֆերիտան, որ կը ստանձնէ առտնին բոլոր կարիքներուն հոգը։ Եւ ահա, Ուրֆայի հայկական թաղամասին կողքին գտնուող ասորական թաղամասին մէջ բնակութիւն հաստատած այս ընտանիքը զերծ կը մնայ հայկական թաղամասին վրայ յարձակումէն եւ հրդեհէն ու իրենց վարդագոյն բնակարանին մէջ կը փորձէ իր առօրեան ապրիլ։ Խաթուն իրենց շնորհուած այս հազուագիւտ բախտը կը բաժնեկցի նաեւ խումբ մը գաղթական պարմանուհիներու հետ, զանոնք ազատելով Միլլէթ Խանէն եւ գաղտնաբար ապաստանարան շնորհելով անոնց իր տան մէջ՝ միշտ իր թուրք բարեկամուհիին օժանդակութեամբ։

Հոս կ՛արժէ փակագիծ մը բանալ եւ մօրս ուրֆացի մօրաքրոջ մասին իմացած տեղեկութիւնս փոխանցել. մօրս մեծ հայրն ու մայրը ուրֆացի Ճիւալէքեաններէն եղած են եւ իրենց նահատակութեան մասին մանրամասնութիւններ չունիմ. գիտեմ որ մեծ մայրս՝ Մարին, պահուըտած է իրենց տան հորին մէջ, ապա փրկուած ու տարուած է որբանոց, իսկ իր մեծ քոյրը՝ Ովսաննան, «որդեգրուած» է թուրք հարուստ ընտանիքի մը կողմէն, որ զաւակազուրկ ըլլալով՝ իրենց հարազատ դուստրին նման խնամած են զինք եւ նոյնիսկ քանոնի դասընթացքներու արձանագրած են իրենց «աղջիկը»։ Ովսաննան՝ մօրս մօրաքոյրը, ի վերջոյ առիթը կ՛ունենայ փախչելու Ուրֆայէն հայ ակնաբոյժի մը օգնութեամբ, հասնելով Հալէպ եւ հոն ընտանիք կը կազմէ Ուրֆացի ամուսնոյն հետ։ Վերջերս իմացայ Ովսաննային դուստրէն, որ կը յիշէ, թէ իր մայրը բազմիցս խնդրած է իր ամուսինէն, որ թոյլտուութիւն տայ իրեն այցելել Ուրֆա, գտնելու այդ թուրք ընտանիքը՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար անոնց, բայց եւ այնպէս ամուսինը արգելք հանդիսացած է սոյն խնդրանքին իրականացման։

Վիքթորիայի գիրքով ներկայացուածը գունաւոր խճանկար մըն է, ուր կը պատկերացուի մեր հարուստ մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ համեղ ճաշերը։ Սակայն այս ընտանիքը լիուլի զերծ չի մնար վնասէ. կը կորսնցնէ իր հարազատները եւ բարեկամները, որոնք զոհ կ’երթան հայկական թաղամասի հրդեհին եւ Ուրֆայի ինքնապաշտպանական կռիւներուն։

Խաթունին նման կեանքին հանդէպ սէրը, եւ ապրելու, մաքառելու ու գոյատեւելու աննկուն կամքը զգալի են նաեւ մեր բոլոր վերապրողներուն մօտ։ Ան այդ ուժեղ կամքով դիմագրաւած է բազում դժուարութիւններ, երբ 1920ական թուականներուն վերջապէս ընտանիքը, լքելով իր ծննդավայրը բռնած է գաղթի ճամբան, հասնելով Հալէպ, ապա հաստատուելով Նիկոսիա, Կիպրոս։

Հեղինակը Խաթունին հետ իր առաջին հանդիպումը հետեւեալ ձեւով կը բնութագրէ. «Մեծ մեծ մօրս շապիկէն ներս մագլցելով, բանալով կրծքավանդակը, բոյն շինեցի իր սիրտին մէջ»։ Վստահ եմ, որ սոյն հատորը ընթերցողին սիրտին մէջ, բոյն պիտի շինէ յանդուգն Խաթունը։

Հեղինակը հարցազրոյցի մը ընթացքին փափաք յայտնած է սոյն պատումը շարժապատկերի վերածելու եւ ինք արդէն գիրքին մէկ պատմուածքին՝ «Թռչուններու Երամը»ին հիման վրայ, բեմադրած է կարճ շարժապատկեր մը։ Այս գլուխը նուիրուած է անձնազոհ մեծ մեծ հօրաքրոջ՝ Ըմ Ֆարիտային, որուն, իրականութենէն շեղելով եւ հեքիաթային անուշ դարձուածքով մը, աւելի հետաքրքրական ու գունագեղ կեանք մը եւ վախճան մը շնորհած է։

Յոյսով եմ, որ հեղինակին փափաքը կ՛իրականանայ եւ սոյն վէպը շարժապատկերի կը վերածուի մօտ ապագային։ Հոս կ՛արժէ յիշել «Խոստումը» շարժապատկերին հանդէպ ստեղծուած խանդավառութիւնն ու անոր արձանագրած յաջողութիւնը։ Իւրաքանչիւր եղեռնեան պատում կարելի է շարժապատկերի վերածել եւ աւելի դիւրաւ հասանելի դարձնել օտար հանրութեան, միշտ սատարելով անշուշտ մեր պատմութեան եւ դատին ծանօթացման եւ քարոզչութեան։

Առիթը պիտի ունենանք ծանօթանալու սոյն հեղինակին, իր գիրքին ներկայացման երկու ձեռնարկներուն ընթացքին, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 13-ին Լոս Անճելըսի Շըվալիէ (Chevalier) եւ 27ին՝ Կլէնտէյլի «Ապրիլ» գրախանութներուն մէջ, երեկոյեան ժամը 7։30-էն սկսեալ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին