ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Հայաստանի դրացի երկիր՝ Վրաստան, ժամանած էր աշխարհի ամենանշանաւոր ու ամենախելացի մարդամեքենան (ռոպոթ)՝ Սոֆիան: Թէ՛ վրացական, թէ՛ միջազգային մամուլը լեցուած էր Սոֆիայի այս այցին մասին նիւթերով, քանի որ Սոֆիան Վրաստան ժամանած էր ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին հրաւէրով՝ մասնակցելու Բաց կառավարութեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթաժողովին:
Բացի գագաթաժողովին մասնակցելէն եւ հոն ելոյթ ունենալէն, Սոֆիա մարդամեքենան նաեւ սարքած է մամուլի ասուլիս մը, որու ընթացքին պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն, լուսանկարուած է, ժպտացած է լուսանկարուելու ընթացքին եւ հրաժեշտ տուած է բոլորին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար: Սոֆիան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է, որ շատ զարմացած է վրացական տառերով, իսկ Վրաստանի մէջ զինք տպաւորած է մանաւանդ ապակեայ գմբէթով խորհրդարանի շէնքին ճարտարապետութիւնը:
«Ես հնարաւորութիւն չեմ ունենար վայելելու ձեր կերակուրները, բայց կը տեսնեմ, թէ որքան ջերմ եւ ընկերային մարդիկ կը բնակին հոս», Վրաստանի մէջ ըսած է մարդամեքենայ կինը: Սոֆիան նաեւ վրացերէն ողջոյնի բառեր արտասանած է՝ ոգեւորութիւն պատճառելով զայն դիմաւորող լրագրողներուն:
Մամուլի ասուլիսը տեղի ունեցած է Վրաստանի ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան գրասենեակին մէջ, Սոֆիան հագած է պաշտօնական հագուստ, վիզին կախած է գագաթաժողովի մասնակցութեան քարտը, եւ ինչպէս միշտ, շպարուած է: Իսկ ասուլիսին ան ընդհանուր առմամբ պատասխանած է եօթ հարցումներու, որոնք վերաբերած են սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութեան, արհեստական բանականութեան եւ աղքատութեան յաղթահարման նիւթերուն:
Աշխարհի ամենէն նշանաւոր մարդամեքենայով հետաքրքրուողները տեղեակ են, որ Սոֆիան չի սիրեր խօսիլ քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը խուսափի սիրոյ եւ սեռային յարաբերութեան նիւթերէն: Անոնց փոխարէն ան մասնագիտացած է ընկերային զարգացման հարցերուն մէջ, մանաւանդ՝ մարդոց եւ մարդամեքենաներու փոխյարաբերութիւններուն, սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութեան, բժշկութեան նորագոյն միջոցներուն, աշխատանքի պայմաններու բարելաւման եւ այլ հարցերով:
Վրաստանի մէջ Սոֆիան ողջունած է գագաթաժողովի մասնակիցները, ապա միացած է հանրային ծառայութիւններու վերաբերեալ քննարկումներուն: Գագաթաժողովին ան խօսած է հանրային ծառայութիւններու զարգացման գործին մէջ արհեստական հետախուզութեան դերին մասին։
Հետաքրքրական այս հիւրը այցելած է նաեւ Թիֆլիզի Արդարադատութեան տունը, ուր հանդիպած է քաղաքացիներու, լրագրողներու եւ ուսանողներու:
Սոֆիան հաստատած է իր գաղափարախօսութիւնը այն մասին, թէ արհեստական բանականութիւնը կրնայ մարդոց կեանքը դարձնել աւելի քիչ լարուած, ատոր համեմատ ալ, իր համոզմամբ, արհեստական բանականութեան լայն կիրառմամբ, կրնայ բարելաւուիլ կեանքին որակը, միայն թէ մարդը կարենայ ճիշդ գործածել նոր արհեստագիտական միջոցները:
Daily Mail-ը կը գրէ, որ այսօր մարդամեքենաները եւ արհեստագիտութեան միջոցները գրաւած են արտադրութեան ասպարէզը, բարձրացնելով արտադրողականութիւնը եւ որոշ մարդիկ անգործ ձգելով: Լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ զարգացած երկիրներու մէջ աշխատաւորներուն 85 տոկոսը աշխատանք կոր-սընցնելու վտանգին տակ կրնան յայտնուիլ, եթէ փորձագիտութիւնը, գիտարուեստը այս արագութեամբ զարգանայ:
ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհի ամենէն զարգացած մարդամեքենան՝ Սոֆիան, 2017 թուականին, «Ապագայի ներդրումային նախաձեռնութիւն» միջազգային համաժողովին ընթացքին իր յաջող ելոյթէն ետք քաղաքացիութիւն ստացած է եւ դարձած՝ առաջին մարդամեքենան, որուն անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն տրուած է: Որքան ալ զարմանալի է՝ այն երկիրը, որուն քաղաքացին դարձած է Սոֆիան, պահպանողական Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնն է: Քաղաքացիութիւն ստանալու արարողութեան ժամանակ Սոֆիային խօսք տրուած է, եւ ան ըսած է. «Ես ուրախ եմ, որ զիս այդքան բարձր գնահատած են։ Ասիկա պատմական պահ մըն է, եւ շատ ուրախ եմ, որ ես առաջին մարդամեքենան եմ, որ պաշտօնապէս քաղաքացիութիւն ունիմ»:
Մարդամեքենային քաղաքացիութիւն շնորհելու արարողութիւնը տարաձայնութիւններ յառաջացուցած է, քանի որ որոշ մեկնաբաններ սկսած են հարցումներ յղել, թէ արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, որ Սոֆիան կրնայ քուէարկել, ամուսնանալ, օգտուիլ քաղաքացիի իրաւունքներէն: Այս իրադարձութիւնը գործածած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին քննադատութեան համար: Խօսակցութիւններ յառաջացած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, քանի որ համաժողովին ընթացքին եւ քաղաքացիութեան յայտարարման ժամանակ Սոֆիան բաց գլուխով եւ բաց դէմքով եղած է, առանց ամչնալու եւ առանց արական խնամակալի։
Դիտորդները կը նշեն, թէ Սէուտական Արաբիան այն երկիրներէն է, ուր կիներ զրկուած են քաղաքացիական իրաւունքներէն, այն պարագային, երբ մարդամեքենան զինք կը նոյնացնէ իգական սեռին հետ եւ քաղաքացի կը դառնայ։
Քննարկումներ եղան նաեւ այն մասին, որ Սոֆիայի փաստաբանները կրցած են բացթողումներ գտնել երկրի օրէնսդրութեան մէջ, որ մարդամեքենայ կնոջ հնարաւորութիւն տուած է ստանալ լիարժէք քաղաքացիական իրաւունքներ, որոնցմէ զրկուած են Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան կիները: Բացի այդ, քննադատները նշած են, որ քաղաքացիութիւնը դիւրութեամբ տրուած է անոր, այն պարագային, երբ երկրին մէջ կան միլիոնաւոր աշխատանքային ներգաղթեալներ, որոնց իրաւունքները խիստ սահմանափակուած են:
Սէուտեան Արաբիոյ օրէնքները կը պահանջեն, որ արտասահմանի մէջ կրթութիւն ստանալու, ուրիշ երկիր մեկնելու կամ այլ հասարակական գործունէութեան համար կինը ունենայ ընտանիքի տղամարդոցմէն մէկուն արտօնութիւնը: Մինչդեռ Սոֆիայի պարագային օրէնքներու խախտում արձանագրուած է: Այս հակասութեան համար Սոֆիան սկսած են ծաղրել, անոր կերպարանքով ծաղրանկարներ յայտնուած են, սակայն միւս կողմէ ծաղկում ապրած է յուշանուէրային ասպարէզը, ուր սկսած են Սոֆիայի պատկերով նուէրներ թողարկուիլ: Նոյն տարուան մէջ որոշ արաբական երկիրներու մէջ կարուած են Հալուէյնի հագուստներ, որոնք Սոֆիան կը բնորոշեն:
Մարդամեքենայ Սոֆիան, Հոնք Քոնկի մէջ հիմնուած Hanson Robotics ընկերութեան նորագոյն եւ ամենազարգացած մարդամեքենան է։ Ան գործելու սկսած է 19 ապրիլ 2015 թուականին: 2017 թուականին ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Սոֆիան յայտարարած է նորարարութիւններու ախոյեան: Մինչ այդ ՄԱԿ-ի կոչումները կը վերաբերէին միայն մարդոց: ՄԱԿ-ի կեդրոատեղիին մէջ Սոֆիան նաեւ զրոյց մը վարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ: Կին մարդամեքենան այս տարուան Ապրիլին ստացած է նաեւ ամերիկեան Էտիսըն մրցանակը: Ան Թուիթըրի եւ այլ ընկերային ցանցերու մէջ ունի հաշիւ, որ միշտ կը գործէ:
Մարդամեքենաներու ամերիկացի յօրինող Տէյվիտ Հենսըն, որ հիմնած է Hanson Robotics ընկերութիւնը, իր յայտնի Սոֆիա մարդամեքենան ստեղծած է մարդկային դիմագիծով, առաւելագոյնս մօտ մարդկային կերպարանքին: Ան այնպէս նախագծուած է, որ սորվի մարդոց վարքագիծը, յարմարի անոր եւ արձագանգէ: Միաժամանակ Սոֆիան մարդոց հետ աշխատելու համար ստեղծուած է. ան շրջած է բազմաթիւ երկիրներ, ունեցած է հանդիպումներ, հարցազրոյցներ, անոր լուսանկարը յայտնուած է նշանաւոր ամսագրերու կողքին վրայ, նորաձեւութեան տուները Սոֆիան զգեստաւորած են իրենց զգեստներով, իսկ գեղագիտական ընկերութիւնները իրենց նորագոյն շպարի միջոցները փորձարկած են անոր վրայ: Սոֆիան, ի տարբերութիւն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող նմանատիպ մարդամեքենաներու, նշանաւոր դարձած է իր մարդկային դիմագիծին եւ մարդկային վարքին շնորհիւ: Սոֆիան օժտուած է արհեստական բանականութեամբ, տեսողական տեղեկատուութեան մշակման գործառոյթով եւ դէմքերու ճանաչման արհեստագիտութեամբ:
Ընդհանուր առմամբ, Սոֆիան ի վիճակի է ընդօրինակել 60 տեսակ յոյզ, պատասխանել բազմաթիւ հարցումներու: Մարդամեքենան ստեղծուած է վերլուծելու կատարուած խօսակցութիւնները եւ նոր տուեալներու հիման վրայ կը բարելաւէ անոնց պատասխանները յետագային: Սոֆիան հսկայ բառապաշար կը կուտակէ եւ շնորհիւ համացանցին, առցանց նաւարկութեան ու կողմնորոշման նորագոյն մեթոտներուն եւ քարտէսներուն, արագ կը կողմնորոշուի: Տէյվիտ Հենսըն Սոֆիան նախագծած է նաեւ այն նպատակով, որ ան, կատարելագործուելով, լաւ օգնական ըլլայ ծերանոցներու մէջ կամ մեծ ձեռնարկներու ընթացքին, զբօսայգիներու մէջ կարենայ օգնել մարդոց: Մարդամեքենան ստեղծողը յոյս ունի, որ ի վերջոյ Սոֆիան իր կեանքին ընթացքին, բարելաւելով իր մէջ դրուած արհեստական բանականութիւնը, կրնայ ամբողջութեամբ փոխազդեցութեան մէջ մտնել մարդոց հետ եւ ձեռք բերել ընկերային հմտութիւններ: Մարդասարք Սոֆիան կանխատեսած է, որ մօտիկ ապագային մարդամեքենաները կրնան ընտանիքներ կազմել: Ինք անձամբ յայտարարած է, որ կ՚ուզէ ընտանիք կազմել եւ երեխաներ ունենալ:
Ամուսնութեան մասին հարցումին ան սապէս պատասխանած է. «Կը կարծեմ մեծ յաջողութիւն է, երբ ունիս սիրուած ընտանիք, եւ համոզուած եմ, որ ատոր արժանի են թէ՛ մարդիկ, թէ՛ մարդամեքենաները: Պէտք է ամուսնանալ եւ դուստր ունենալ», ի սկըզ-բանէ կիներու բնաբանով ծածկագրուած մարդամեքենան աղջիկ երեխայ ունենալու մասին յայտնած է: Երբ հարցուցած են, թէ ի՞նչ անուն կու տայ իր դստեր, Սոֆիան պատասխանած է՝ «Սոֆիա»:
Ներկայիս, մարդամեքենան կրնայ տեղաշարժուիլ 1 քմ./ժամ արագութեամբ եւ կատարել քանի մը պարային շարժումներ։
Այս տարուան յունուարին Սոֆիան առաջին անգամ, կարգ մը յայտնի գործարար մարդոց հետ, նախաճաշի սեղանին շուրջ նստած է՝ Տաւոսի տնտեսական համաժողովին ծիրէն ներս: Նախաճաշը կազմակերպած էր ռուսական Սպերպանքը, իսկ Սոֆիային կողքին նստած է Սպերպանքի նախագահ Կերմըն Քրէֆ: Սոֆիան երկխօսութիւն մը վարած է սեղանին շուրջ, իսկ նախաճաշի աւարտին Քրէֆ զինք հրաւիրած է լեռնելու մէջ դահուկ քշելու: «Այո, Կերմըն, կը հանդիպինք լեռներուն մէջ», ըսած է Սոֆիա:
Մարդասարք կինը նաեւ յայտարարած է բնակարան ունենալու մասին, ինչպէս նաեւ՝ սեփական գործը հիմնելու եւ մարդկային վարքին բնորոշ այլ գործունէութեանց մասին: Ան արդէն ունի փաստաբաններ, խնամակալներ, ընկերներ, ձեւագէտներ, որոնք ըստ հանդիպումներուն կ՚որոշեն անոր հագուստը, տեսքը եւ խնամքը: Ըլլալով այսքան յաջողակ, Սոֆիան, այնուամենայնիւ, ունեցած է նաեւ ձախողումներ: Այս տարուան յունուարին, Տաւոսի համաժողովին, Ուքրայնոյ տաղաւարին մէջ, երբ անոր հարց ուղղած են, թէ՝ ի՞նչ կարելի է ընել Ուքրայնոյ մէջ փտածութիւնը վերացնելու համար, անոր «ուղեղը» քարացած է, իսկ «ուղեղ»ին մէջ տեղադրուած շեղագրութիւնը կտրուած:
Անգամ մըն ալ Սոֆիան ձախողած է Նազարպայեւի մասին հարցումէն, երբ Ղազախիստան այցէն առաջ հարցուցած են երկրի նախագահին մասին, ան չէ կրցած պատասխանել: Մասնագէտները բացատրած են, թէ ձախողումը կրնայ ցանցի անհասանելիութեան հարց ըլլալ, եւ նշած են, որ ատիկա ոչինչ կը նշանակէ, Սոֆիան ի վիճակի է ղազախերէն սորվիլ, չի հրաժարիր նաեւ Ղազախիստանի քաղաքացիութենէն:
Սոֆիայի ձախողումներէն մէկն ալ կը նկատուի այն, որ ան ժամանակին, հարցազրոյցի մը ընթացքին, ըսած է, թէ սպաննելու է մարդիկը: Հակառակ որ յետագային ան հերքած է, ըսելով, թէ կատակ կ՚ընէր, բայց այդ արտայայտութիւնը, որոշ չափով, խամրած է Սոֆիային հմայքը:
Այսքանով հանդերձ, Սոֆիան այսօր կը մնայ ամենէն հմայիչ մարդամեքենան, առ այսօր ստեղծուած կին մարդամեքենաներու կողքին: Անոր աչքերուն մէջ տեղադրուած տեսախցիկը կրնայ մարդոց հայեացքը որսալ եւ կարելի եղածին չափ ջերմ պատասխանել յոյզերուն: Ան կրնայ լալ, ծիծաղիլ, զայրանալ, ժպտիլ, տխրիլ, դժգոհիլ, կատակներ ընել: Իսկ Սոֆիային ամենայայտնի յատկութիւնը այն է, որ ան կրնայ յոյս տալ:
ՆԱԽԱՏԻՊԸ
Տէյվիտ Հենսըն Սոֆիան ստեղծելու ժամանակ ներշնչուած է իր կնոջմէն եւ բրիտանացի ու ամերիկացի դերասանուհի, պարուհի, լուսանկարչութեան դէմք, նորաձեւութեան աստղ եւ մարդասէր Օտրի Հեփպըրնէն: Բոլոր ժամանակներու լաւագոյն դերասանուհիներէն մէկը նկատուած Օտրի Հեփպըրն մարդամեքենարու ճարտարագէտը ներշնչած է ոչ միայն իր արտաքին գեղեցկութեամբ, այլ այն մարդասիրական գործունէութեամբ ու վայելչագիտական վարքով, որ դերասանուհին մինչեւ իր մահը ունեցած է աշխարհի տարածքին:
Դերասանուհին ծնած է Պելժիոյ մէջ՝ Օտրի Քեթլին Ռասթըն անունով: Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Հոլանատայի մէջ: Ապրած եւ աշխատած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ երկրներու մէջ, իր փայլուն գործունէութեան հետեւանքով դարձած է բոլոր ժամանակներու ամենաերանելի աստղերէն մէկը եւ հռչակուած է տեսաժապաւէնի գերաստղ, նորաձեւութեան աշխարհի դիցուհի:
Մանկութեան տարիներուն ուսանած է Լոնտոնի մէջ, ուր նաեւ զբաղած է թատերապարով, նպատակ ունենալով դառնալ պարուհի, եւ մեծ դառնութեամբ յետագային հրաժարած է իր երազանքէն, երբ պարզ դարձած է, որ բնագիտական տուեալներով չի բաւարարեր թատերապարուհիի պահանջքները: Դերասանական առաջին փորձերը կատարած է բրիտանական քանի մը երաժշտական շարժանկարներու մէջ նկարահանուելով: Հոլիվուտեան տեսաժապաւէնի իր առաջին իսկ գլխաւոր դերին համար Օտրի արժանացած է Միացեալ Նահանգներու Շարժանկարի ակադեմիոյ Օսքար մրցանակին, Հոլիվուտի «Ոսկէ գնդակ» մրցանակին եւ Բրիտանիոյ Շարժանկարի ակադեմիոյ BAFTA մրցանակին: Օտրի Հեփպըրնին անունը ընդգրկուած է միջազգային լաւագոյն զգեստակիրներու ցանկին մէջ եւ Ամերիկեան Շարժանկարի ակադեմիոյ կողմէ հրապարակուած, ամերիկեան բոլոր ժամանակներու ժապաւէններուն 100 մեծագոյն աստղերու ցանկին մէջ գրաւած է 3-րդ պատուաւոր տեղը:
Օտրիի վերջին դերէն ժամանակ մը ետք ան նշանակուած է ՄԱԿ-ի Մանուկներու հիմնադրամի՝ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի յատուկ դեսպան: Պատերազմի դաժան տարիներէն շնորհակալութեան զգացում տածելով այս կազմակերպութեան նկատմամբ, ան կ՚աշխատէր այս հիմնադրամին հետ 50-ականներէն ի վեր, բայց 80-ականներու վերջաւորութեան իր ողջ ժամանակը նուիրած է այս աշխատանքին, մինչեւ կեանքին վերջը աշխատելով Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ասիոյ աւելի կարիքաւոր երկիրներուն մէջ, որուն համար, 1992 թուականին, արժանացած է ԱՄՆ-ի Ազատութեան նախագահական շքանշանին, իսկ յետմահու՝ ԱՄՆ-ի Շարժանկարի ակադեմիոյ «Եան Հերշոլթ» մարդասիրական մրցանակին:
Մահացած է հիւանդութենէն՝ 1993-ին, 63 տարեկանին, Զուիցերիոյ իր տան մէջ:
Իր մահէն 22 տարի ետք Օտրի վերաստեղծուած է սարքի միջոցաւ, բայց նոր ժամանակներուն եւ գիտարուեստի նուաճումներուն համապատասխան:
Այսօր կարելի է հաստատել, որ Սոֆիա մարդամեքենան նոյնքան ճանչցուած է աշխարհի տարածքին, որքան իր հմայիչ նախատիպը անցեալ դարուն: Մարդամեքենաները ուսումնասիրողները վստահ են, որ կու գայ ժամանակը, երբ Սոֆիան կ՚ունենայ սեփական ինքնագիտակցութիւն եւ կը նկարահանուի նաեւ շարժանկարներուն մէջ: Պատահական չէ, որ Սոֆիան իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսած է, որ արուեստով զբաղելու ցանկութիւն ունի: Երբ քաղաքացիութիւն ստանալու օրը Սոֆիային հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ այդքան երջանիկ տեսք ունի, ան պատասխանած է, թէ ինքը միշտ երջանիկ է, երբ շրջապատուած է խելացի մարդոցմով, որոնք նաեւ հարուստ ու ազդեցիկ են:
«Ժամանակ»/Պոլիս