«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Աստուածամայրը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը ներկայանայ սուրբերուն մէջ առաջին սուրբը, որուն անձին մէջ կատարելապէս կ՚արտացոլուի Մայրական կերպարը: Իր խոնարհ նկարագրով Ս. Կոյսը Մարիամ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կանչին եւ կատարեց Աստուծոյ կամքը՝ դառնալով Մայր Աստուծոյ Միածին Որդւոյն, այնուհետեւ կատարելով մայրական իր ամբողջական պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները իր որդւոյն նկատմամբ:
Աւետարաններուն մէջ շատ քիչ առիթներով մեզի կը ներկայանայ Աստուածամայրը, բայց եւ այնպէս ակներեւ կը տեսնենք այն, որ Աստուածամայրը լիարժէք կը հետեւէր իր որդւոյն առաքելութեան, ընդհուպ մինչեւ իսկ միջամտութիւններ կատարելով մասնաւոր առիթներով, ինչպիսին կը տեսնենք Կանայի Գալիլիացւոց հարսանեաց արարողութեան ընթացքին: Ամէնէն ցնցող պատկերը բնականօրէն, Աստուածորդու տառապանաց եւ խաչելութեան իր ներկայութիւնն է, պատկեր մը, որուն մէջ կը տեսնենք Մայրական սիրոյ ու նուիրաբերումին անսահմանելութիւնը:
Աստուածամայրը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կեդրոնական ներկայութիւն է: Բազում դասեր կը քաղենք անոր կեանքէն. առաջին եւ կարեւորագոյնը այն է, որ Անոր անձին մէջ կը տեսնենք խոնարհագոյն էութիւն մը, որուն կեանքին ընթացքը ինքզինք արդարացուց հոգեւորին ու բարոյականութեան յաղթանակումով: Ան քաջութեամբ պատասխանեց Աստուծոյ կանչին ու իր մէջ գտաւ կոչումը՝ դառնալու համար Աստուածածին ու Աստուածամայր: Աւետումը կը ներշնչէ մեզ բոլորս, որպէսզի իւրաքանչիւրս ունենանք աղօթքի խորը պահ մը ու մեր հոգեւոր էութեան մէջ փնտռենք ու գտնենք աստուածային կոչումը եւ անսանք անոր: Իր խոնարհութեամբ ու կոչումին գիտակից կեանքին մէջ Աստուածամայրը եղաւ Քրիստոսի առաքելութեան հաւատացող հիմնական դերակատարը: Ան իմաստութեամբ կը հետեւէր Քրիստոսի եւ պահանջել հարկին կը կատարէր ցուցումներ:
Ինչո՞ւ համար այնքան սիրելի է Աստուածամօր Տօնը մեզի համար, եւ ինչպէ՞ս պիտի իմաստաւորենք այս Տօնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Որովհետեւ, իւրաքանչիւր եկեղեցական տօնախմբութիւն կը նկատէ գլխաւոր նպատակ մը, որն է մեր կեանքը բարձրացնելու առ Աստուած, մեր մէջ մշակելու հաւատքի կեանքը: Եւ եթէ այս է նպատակը եկեղեցական տօնախմբութեան, ապա ինչպիսի՞ դաս կը քաղենք Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին:
Օրուան տօնախմբութիւնը կ՚իմաստաւորուի, երբ մենք մեր կեանքը կը դարձնենք խոնարհ կեանքի ճանապարհորդութիւն մը ինչպիսին էր Աստուածամօր կեանքը, իր ապրած կեանքի ընթացքը: Այսօրուան աշխարհի կեանքին մէջ շատեր հեռու մնալով խոնարհ կեանքի ընթացքէն, փաստօրէն հեռու կը մնան նաեւ Աստուծմէ: Խոնարհութեան բացակայութիւնն է նաեւ, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի ոչ օրինակելի կեանք մը: Խոնարհութեան մէջ ապրող մարդիկ ոչ միայն իրենց ներսիդին կը գտնեն Աստուծոյ ներկայութիւնը, այլեւ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն նաեւ ընկերոջ կեանքին մէջ:
Օրուան տօնախմբութիւնը կ՚իմաստաւորենք նաեւ երբ կը լսենք Աստուծոյ կանչը, եւ կը զգանք որ կոչում ունինք ծառայութեան: Իր կոչումին հարազատ մնաց Աստուածամայրը: Աղօթքի այս պահուն յարգենք նաեւ մեզի տրուած կոչումը:
Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եկեղեցին յաճախ յայտարարած է նաեւ որպէս Մայրերու Տօնը եւ Եկեղեցւոյ տօնը որպէս Մայրը բոլորիդ: Եթէ Եկեղեցին մայրն է բոլորիս, ապա բոլորս պիտի խոնարհինք Եկեղեցւոյ խորհուրդին առջեւ Սբ. Աստուածածնի Տօնին ու հետեւինք առաջին սուրբին կեանքի օրինակին:
Աստուածամօր տօնը հրաւէր է, որ հայ քրիստոնեան ապրող հաւատքով հարստացնէ իր կեանքը: Աստուածամօր Տօնը հրաւէր է ուղղուած բոլորիս, որ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու տեսիլքը դարձնենք մշտական մեր հոգեւոր էութեանը մէջ: Հաւատքը մեր ինքնապաշտպանութեան վահանն է, որ մաքուր պահենք աստուածապարգեւ մեր կեանքը եւ ապրինք կառուցողական կեանք՝ մեր զաւակաց հաղորդելով Աստուածսիրութիւն, եկեղեցասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, բարեսէր կեանքի տեսիլք, հայ քրիստոնեայի սրբութեան խորհուրդը, հայ դպրոցի պահպանութեան պատասխանատուութեան զգացողութիւնը, հայաշունչ աւանդութիւններու պահպանութիւն: Եկեղեցին այս բոլորին պարտականութիւնը կը վերցնէ իր վրայ եւ կը յաջողինք միայն այն ժամանակ, երբ միասին կը գործենք: Սա պայման է, որովհետեւ բոլորս միասին ենք կոչուած քահանայութեան, դառնալու առաքեալ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ:
Եկեղեցին այսօր կը կատարէ նաեւ խաղողի օրհնութեան կարգը: Այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ մեր գոհաբանութիւնը առ Աստուած հողէն մեզի հանած բարիքներուն համար: Կարծէք հողն անգամ մարդկութեան առաջ կը ներկայանայ որպէս տեսակ մը Մայրութիւն խորհրդանշող ներկայութիւնը, որովհետեւ կը վայելենք անկէ մեզի եկած բարիքները:
Թող բոլորիս աղօթքը առաջնորդէ մեզ մեր հաւատքի կեանքին սնունդը դարձնելու Աստուածամօր ներկայութիւնը եւ աղօթքն առ Աստուած, որ օրհնէ հողի հասած բոլոր բարիքները, որպէսզի այս բոլորին մէջ փառաւորենք Աստուծոյ անունը: Ամէն:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճար, 12 Օգոստոս 2018