Մենք հայերէնի պահպանման ու զարգացման համար տուգանման քաղաքականութենէն պէտք է անցում կատարենք մէկ այլ տեսակի քաղաքականութեան: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան:
«Քաղաքականութիւնը, որ մենք պիտի կիրառենք, պիտի ըլլայ քարոզչական եւ կանխարգելիչ: Պիտի իրականացնենք յորդորական-քարոզչական աշխատանքներ, ուղիղ կապ պիտի հաստատենք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ, որպէսզի անոնք «իւրայատուկ լեզուական տեսուչներ»-ու դեր կատարեն: Օտարագիր անուանումներն ուղղակի պէտք է արգիլուին, չարտօնուին, չգրանցուին»,- «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Դաւիթ Գիւրջինեան:
Անոր հաւաստմամբ` եթէ 90-ական թուականներուն ունէինք հայերէն` ռուսերէնի գերիշխանութեամբ, ապա ներկայիս համատարած հայախօսութիւն է, օտարալեզու դպրոցներ քիչ ունինք, բայց լեզուն ճիշդ չի մատուցուիր: «Լեզուական վերահսկողութիւն պիտի իրականացնենք լրատուամիջոցներու նկատմամբ, դասընթացքներ պիտի կազմակերպենք, յորդորական նամակներ ուղարկենք եւ այլն: Տուգանքը միշտ կայ, սակայն այդպիսով արդիւնքի չենք հասնիր»,- ըսաւ ան:
Դաւիթ Գիւրջինեանի խօսքով` 2002 թուականէն մեր երկիրը չէ ունեցած պետական, լեզուական քաղաքական ծրագիր: «Շրջանառութեան մէջ դրուած է ծրագիր մը, բայց չէ հաստատուած: Պէտք է հայեցակարգ եւ ծրագիր մշակենք, որովհետեւ Լեզուի կոմիտէն լեզուի բնագաւառի պետական քաղաքականութիւն ապահովող, իրականացնող պետական մարմինն է: Այդ ծրագիրը պիտի նոր հայեացք ըլլայ»,- ըսաւ ան:
Անոր խօսքով` մենք կը սիրենք օտար բառեր օգտագործել, որովհետեւ հայերէնը լաւ չի քարոզուիր: «Մենք, հաշուի առնելով 21-րդ դարու նորութիւնները, նոր դաշտ պիտի բանանք հայերէնի զարգացման, յառաջընթացի ու տարածման համար: Հայերէնը պէտք է 21-րդ դարու լեզու դառնայ»,- նշեց ան:
Դաւիթ Գիւրջինեան հայերէնի զարգացման ու պահպանման ճանապարհներէն մէկը կը համարէ ելեկտրոնային բառարաններու, ուսուցման ծրագիրներու ստեղծումը: «Կոմիտէն ատոնք կը մշակէ, բայց եթէ չըլլայ բուն կատարողը, չենք հասնիր մեր ուզած արդիւնքին»,- ընդգծեց Լեզուի կոմիտէի նախագահը:
Դաւիթ Գիւրջինեան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ շտեմարաններու օգտագործման վերաբերեալ` նշելով, որ ատոնք եւ հարցաթերթիկները սպառած են: «Ատոնք կապ չունին դպրոցական ուսուցման հետ: Պէտք է փոխուին կամ պէտք է ի վերջոյ հրաժարինք: Ես այն ժամանակ ալ ու հիմա ալ կը պնդեմ, որ հայ շրջանաւարտը պէտք է գրէ ու մտքեր շարադրէ»,- եզրափակեց ան: