Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ապրումներ Եւ Վերապրումներ․ Ճանապարհ՝ Հայաստան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 

«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս –  Արդի հայրենիքին մասին չէ խօսքս: Հայ ազգի պատմական հայրենիքին մասին է, որ երկարատեւ անձնական մերժումներէ և քննադատումներէ ետք, որոշեցի աչքերովս տեսնել մեր պապերուն հողը: Յաճախ կ՚այպանէի պատմական, Արեւմտեան Հայաստան այցելուները, ըսելով թէ՝ թրքական զբօսաշրջիկութիւնը կը քաջալերեն անոնք: Բայց և այնպէս, ներքին պոռթկում մը, ընդվզում մը զիս կը մղէր գոնէ կեանքիս մէջ, վերջին անգամ  ըլլալով, տեսնել ծնողներուս ծննդավայրը, տեսնել հայ ժողովուրդի դարաւոր հայրենիքը և ապա ափսոսալ, տխրիլ և ինչու չէ՝ սգալ մեր ազգային պատմական ամենամեծ կորուստին վրայ:

Շատեր ինձմէ առաջ այցելած և գրած են իրենց տպաւորութիւնները այս մասին, այնպէս որ այցելութեանս նկարագրականը պիտի չըլլայ այս, այլ՝ իմ նախահայրերուս և ծնողներուս աչքերով դիտած  ու անոնց զգացումներով ապրած վայրկեաններս ու պահերս պիտի ըլլան անոնք, այնպէս ինչպէս՝ անոնց հոգուով ու սրտով ներկայութիւնը այնտեղ:

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ընկերոջս՝ Ռոստոմ Պ.-ին, որ պատճառ դարձաւ այս արկածախնդրութեան հասնող այցելութեան, իր յարատեւ պնդումներուն առ ի հետեւանք:

Մեր ճանապարհը դէպի Արեւմտեան Հայաստան սկսաւ Երեւանէն 11 հոգինոց խմբակով մը: Այսպէս կը փափաքիմ կոչել մեր պապենական հողերը (որովհետեւ տակաւին կը յուսամ թէ օր մը, այո՛ օր մը, եթէ ոչ մենք, գոնէ մեր նոր սերունդը տէր պիտի կանգնի այդ հողերուն): Այս խումբը մեծամասնութեամբ հաւաքուած էր Լոս Անճելըսէն, առաջնորդուելու համար պտոյտի կազմակերպիչ ընկերութեան հմուտ և գիտակ առաջնորդ երիտասարդի մը կողմէ: Ընթերցողը թող ներողամիտ գտնուի, եթէ անուններ չնշեմ, առ ի պատշաճութիւն և յարգանք:

Հաւանաբար՝ բոլոր նման պտոյտները սկսած են նոյն խանդավառութեամբ, երգ ու պարով, հեռանկարներով և ակնկալութիւններով, բայց ա՛յս պտոյտը տարբեր էր առաջին վայրկեանէն սկսեալ: Բոլորը, կարծէք խօսքերնին մէկ ըրած, իրենց ծնողներուն ծննդավայրերը տեսնելու կ՚երթային, այլ ոչինչ: Լուրջ էին, նպատակ մը հետապնդող ճանապարհորդի նման, անհամբեր՝ տեղ հասնելու:

Անշուշտ՝ ճանապարհը պէտք էր անցնէր Վրաստանի վրայով, անցնելու համար Կարս, Հայաստանի և Թուրքիոյ սահմաններու փակման պատճառով: Միացեալ Նահանգներու ճանապարհներու երթեւեկին վարժ անհատներու համար, Հայաստանի ճանապարհերը քիչ մը խորթ կը թուէին իրենց խորտուբորտութեան և նեղութեան պատճառներով: Սակայն, աւելի, շատ աւելի վատ ճանապարհ կը սպասէր մեզի Վրաստանի մէջ: Պահ մը հարց կու տամ ինքզինքիս, թէ ինչո՞ւ այս վրացիները այսքան թշնամանք, ատելութիւն, նախանձ և մաղձ կը թափեն ու թափած են դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդին հանդէպ: Վրաստանը ապրած է մեր մշակոյթի փառապանծ տարիները, ունինք նոյն կրօնքը, քրիստոնէութիւնը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց իրենց տուած է այբուբենը, դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը շէնցած ու զարգացուցած է Թիֆլիսն ու Վրաստանը, իսկ՝ մինչեւ այսօր, այդ նոյն վերաբերմունքը կը շարունակուի հայուն հանդէպ, նոյնիսկ՝ թշնամիին հետ գործակցելով: Անհաւատալի:

Հայաբնակ Ջաւախքէն անցնելով հասանք թրքական սահման՝ նախնադարեան հողային ճանապարհով մը, որ ցոյց կու տար վրացիներու ակներեւ անտարբերութիւնը հայուն հանդէպ:  Սիրելի ընթերցող, եթէ Ջաւախք չէք այցելած, կրնամ ձեզի նկարագրել 100 տարեկան խրճիթներ, գոմեր, ոչխարներու և արջառի հօտեր, դաշտեր ու պարտէզներ, որոնց մեծ մասը նախնադարեան միջոցներով կ՚օգտագործուի որպէս կենարար աղբիւր հայ բնակչութեան գոյատեւման համար: Իսկ այդ բոլորը…  այնտեղի՝ Ջաւախքի և Վրաստանի  հայ բնակիչները դիտումնաւոր կերպով նուաստացնելու և ստոր մակարդակի վրայ պահելու համար:

Բայց, հայը հայ է ուր որ ալ ըլլայ. քարէն իր ապրուստը ճարելու յամառ աշխատանքով ան գոյատեւած է մինչեւ այսօր, վկան՝ Ջաւախքը:

Ինքնաշարժին մէջ երկար օրօրուելէ և նստարաններուն վրայ ցատկռտելէ ետք հասանք Արեւմտեան Հայաստան, թրքական սահման, ուրկէ պիտի անցնէինք Կարս:

 

Շար. 1

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին