«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղտալեանը անդրադարձած է Կասպից ծովի կարգավիճակի հռչակագիրին եւ Հայաստանի վրայ անոր ազդեցութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Օգոստոս 14-ին կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին Աննա Նաղտալեանը ընդգծեց, որ այդ հռչակագիրը կը վերաբերի Կասպից ծովի ափամերձ 5 երկիրներուն:
«Այստեղ մենք մեկնաբանելու շատ բան չունինք: Բայց մենք կը հետեւինք բոլոր այն գործընթացներուն, որոնք կրնան ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի վրայ»,- ըսաւ ան:
Անդրադառնալով հարցին, թէ այդ հռչակագիրի ստորագրումը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ՝ Աննա Նաղտալեանը ըսաւ, որ Հայաստանը կը հետեւի զարգացումներուն եւ ըստ այնմ կը կատարէ համապատասխան հետեւութիւններ:
Կասպեան հնգեակի երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Ղազախիստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքմենիստանի եւ Իրանի ղեկավարները Ղազախիստանի Աքթաու քաղաքին մէջ ստորագրած են Կասպից ծովի իրաւական կարգավիճակի մասին հռչակագիրը:
Կասպեան գագաթաժողովի աւարտին, հռչակագիրին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետոու, Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին:
Փորձագէտները 5 երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած հռչակագիրը անուանած են «Կասպից ծովի սահմանադրութիւն»: Ստորագրուած հռչակագիրին համաձայն՝ Կասպից ծովի ջրային մակերեսի ընդհանուր տարածքը պիտի մնայ կողմերու ընդհանուր օգտագործման համար, իսկ յատակը եւ ընդերքը պիտի բաժնուին հարեւան պետութիւններուն միջեւ՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ անոնց ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն: