ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Ճերմակ Քաղաքի Գաղտնիքները
Արցախի Տիգրանակերտ հնավայրին մէջ պեղումները կ’իրականացուին 2005 թուականէն: Անցած տարիներուն ընթացքին հնավայրը հասցուցած է յայտնի դառնալ ոչ միայն հայկական միջավայրին, այլեւ միջազգային որոշ շրջանակներու: Աշխատանքի նման ռիթմը Տիգրանակերտի արշաւախումբի համար օրինաչափութեան վերածուած է. ամրան ընթացքին պեղումները կ’իրականացուին, իսկ տարուան մնացած ժամանակահատուածը կ’օգտագործեն գտնուած նիւթը մշակելու, վերլուծելու, զանոնք կարելի բոլոր հարթակներուն վրայ ներկայացնելու համար: Այս տարի ալ բացառութիւն չեղաւ: Նախորդ տարիներու աշխատանքային ծրագիրով՝ արշաւախումբը արդէն կ’աշխատի Տիգրանակերի մէջ եւ առաջին արդիւնքները ունի:
Հակառակ կիզիչ արեւին՝ հնագէտները կը շարունակեն պեղել Տիգրանակերտի գաղտնիքները: Տիգրանակերտի արշաւախումբը կ’աշխատի միանգամայն մի քանի հատուածներու՝ արեւելեան դամբարանադաշտի, Տիգրանակերտի հնագոյն եւ ամրացուած թաղամասերուն մէջ: «Հելլենիստական քաղաքը իր յստակ կառուցուածքը ունի՝ միջնաբերդ, քաղաք, գիւղատնտեսական գօտի, դամբարանադաշտ: Եւ եթէ ուսումնասիրես միայն մէկը, միւս երեքը չուսումնասիրես, թերի կ’ըլլայ»,- կ’ընդգծէ Տիգրանակերտի արշաւախումբի անդամ Թաթիանա Վարդանեսովան:
Տիգրանակերտի պարագային, ակնկալիքները աւելի մեծ են: Անիկա միանգամայն ժամանակագրական մի քանի շերտ կը ներառէ: Իսկ տեղադիրքը այնպիսին է, որ հայկական մշակոյթին հետ նոյն տարածքին նաեւ հարեւան ժողովուրդներու մշակոյթին պատկանող նմոյշներ կը յայտնաբերուին: Գիտնականները վստահ են, որ հետաքրքրական բացայայտումներ կ’ըլլան ոչ միայն Հայոց պատմութեան ու մշակոյթին վերաբերեալ: «Այստեղ շարք մը մշակոյթներ կը խաչուին եւ նոր որակ կը ստեղծեն: Այս տեսակէտէն այստեղ իրականացուող պեղումները շատ կարեւոր են»,- ակնկալիքները այսպէս կը բանաձեւէ Տիգրանակերտի արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանը:
Ճերմակ քաղաքը այս անգամ ալ յուսախաբ չըրաւ: Առաջին բացայայտումը արեւելեան դամբարանադաշտի մէջ էր՝ միաժամանակ կարասային երեք թաղի մէջ բացուած է: Սովորաբար կարասային թաղումներու պարագային ուղեկցող նիւթի մէջ նաեւ դրամ կ’ըլլայ, ինչը թոյլ կու տայ աւելի յստակ թուագրել գտածոն: Տիգրանակերտի մէջ գտնուած կարասներու պարունակած նիւթը աւելի ուշ հիմնաւոր կ’ուսումնասիրուի, կը թուագրուի: Առայժմ մօտաւոր կը թուագրուին՝ մեր թուարկութենէն առաջ առաջին դար: Վարդգէս Սաֆարեանը գտնուած կարասային թաղումները Մարտակերտի շրջանին մէջ աւելի կանուխ յայտնաբերուած նմոյշներուն կը նմանեցնէ. «Ես կ’ըսէի՝ համարեա նոյն ոճն է: Այսինքն՝ նոր այստեղ բացուած կարասները նոյն զարդանախշերը ունին, ինչ Ճանկաթաղի մէջ գտնուածները»:
Նոյն տարածքին Տիգրանակերտի արշաւախումբը նախորդ տարիներուն պեղած էր հիմնահողային, քարադագաղային եւ քարարկղային թաղումներ: Արշաւախումբի անդամները կ’ընդգծեն՝ նման կառոյցներու առկայութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ի դէմս Տիգրանակերտի, գործ ունինք հզօր ու զարգացած քաղաքային բնակավայրի հետ: «Ըլլայ ատիկա ամրացուած թաղամասի մէջ ամրաշինական գիծը, ըլլան անոնք հին թաղամասի բնակելի շէնքերը, ըլլան թաղման կառոյցները: Բոլորն ալ ազդեցիկ են, կոթողային եւ կը վկայեն այդ ժամանակահատուածի բարձր շինարուեստի մասին»,- կը թուարկէ Տիգրանակերտի արշաւախումբի ճարտարապետ Լիւպա Կիրակոսեանը:
Հնագէտները կ’ընդգծեն՝ այս պահուն Տիգրան մեծի քաղաքի գաղտնիքներուն միայն մէկ փոքր մասը բացայայտուած է: Հնավայրը կը զբաղեցնէ մօտ 70 հեքթար:
Արցախը՝ Հայկական Գիտական Մտքի Ուշադրութեան Կեդրոնին Ազգային Տուրք՝ Գիտնականներու Կողմէ
Աշխարհի որեւէ անկիւն կարելի է հանդիպիլ հայու, որ իր ոլորտին մէջ ոչ թէ պարզապէս յաջողակ է, այլ առաջատար եւ որակ թելադրող: Այսօր անոնցմէ քիչերը ունին իրենց յաջողած օրինակը հայրենիքի մէջ կիրարկելու փորձ: Աւելի քիչ են դէպքերը, երբ անիկա կը կատարուի համակարգուած, ընդհանուր ծրագիրով: Հայ մասնագէտներու խորհուրդը, որ մօտ մէկ տարեկան է եւ արդէն 50-էն աւելի անդամներ ունի տարբեր երկիրներէ, պիտի փորձէ կոտրել կարծրատիպը: Ոչ թէ պարզապէս պիտի փորձէ, այլ ծրագիր ունի, որ այս օրերուն Արցախի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացուցած են: Արցախեան այցի մանրամասնութիւններուն մասին խորհուրդի անդամները խօսած են Օգոստոս 9-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին:
Տարբեր երկիրներ ապրող եւ աշխատող հայ գիտնականները միաւորուած են՝ հայկական աշխարհի զարգացման նպաստելու համար: Հայ մասնագէտներու խորհուրդը դեռ մէկ տարուան պատմութիւն ունի եւ արդէն՝ 50-էն աւելի անդամ: Հայկական աշխարհը Հայք կ’անուանեն: Հայքի բարեփոխումներու ծրագիրը որոշած են Արցախէն սկսիլ: Իրենց առաջարկները խորհուրդի անդամները ներկայացուցած են Արցախի իշխանութիւններուն: Ոլորտային ծրագիրներէն առաջ գաղափարական հիմքը կը կարեւորեն. ժողովուրդը պէտք է ցանկայ ապրիլ նոր պայմաններու մէջ եւ յստակ գիտակցի, որ այդ մէկը իւրաքանչիւրէն կախուած է: «Ի հարկէ, կարեւոր է, որ տարբեր ոլորտներու մէջ նոր ծրագիրներ իրականացուին: Բայց աւելի կարեւոր է, որ մարդկանց հոգեբանութիւնը փոխուի՝ համապատասխան նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն»,- կ’ընդգծէ հայ մասնագէտներու խորհուրդի համակարգող մարմինի անդամ Կառլեն Ալեքսանեանը:
Գաղափարական ամրապնդումին հետ նեղ, ոլորտային ծրագիրներն ալ չեն ուշանար: Արցախ այցելած գիտնականներու խումբի անդամները կը վստահեցնեն՝ հաշուի առած են բոլոր մարտահրաւէրները: Նեղ ծրագիրներէն աւելի կարեւոր է ունենալ տուեալ ոլորտի հեռանկարային զարգացման հայեցակարգը: Անոր ձեւաւորման, գիտնականներու համոզմամբ, ստեղծուելիք հարթակի շնորհիւ պէտք է մասնակցին ոչ միայն մասնագէտներն ու գիտնականները, այլեւ հասարակութեան աշխոյժ անդամները՝ իրենց առաջարկներով: Հետեւաբար, կը ձեւաւորուի համընդհանուր հաւանութեան արժանացած եւ հաստատուած ծրագիր մը, որ կը շարունակուի նույնիսկ այն պարագային, երբ տուեալ ոլորտին մէջ ղեկավարները փոխուին, կը կարեւորէ հայ մասնագէտներու խորհուրդի նախագահ Գրիգոր Բարսեղեանը:
Հայ մասնագէտներու խորհուրդը մեծ դեր կը յատկացնէ յատկապէս Սփիւռքի մէջ ունեցած ներուժի իւրացման: Յովհաննէս Շիրաջեանը ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան նախագահն է: Արցախ եկած է երկու առաջարկով, երկուքն ալ՝ կրթութեան ոլորտին առնչուող: 18 տարի ԱՄՆ-ի մէջ գիտարուեստական ուղղութեամբ զբաղող աշակերտներու մասնակցութեամբ մրցոյթներ կը կազմակերպուին: Այս տարի մրցոյթին մասնակցելու հրաւէր ստացած են նաեւ Արցախի դպրոցականները, կը տեղեկացնէ ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան նախագահ Յովհաննէս Շիրաջեանը: Երկրորդ ծրագիրն ալ կրթութեան ոլորտին հետ կապուած է: Գիւղական դպրոցներէն շատերը ճարտարագիտական աշխատանոցներ չունին: Բացը կը նախատեսեն լրացնել շարժական աշխատանոցներու միջոցով՝ կահաւորուած բեռնատար մեքենաներու վրայ:
Այս եւ այլ ծրագիրներ կրնան արդիւնաւէտ գործել՝ միայն համապատասխան աջակցութեան պարագային: Համագործակցութեան եզրերը յստակացնելու նպատակով՝ հայ մասնագէտներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը Արցախ կատարած այցի ծիրէն ներս շարք մը հանդիպումներ, քննարկումներ ունեցած է:
Հայագիտութեան Հիմահարցերը Շուշիի Մէջ
Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը Օգոստոս 9-10-ը հիւրընկալած է հայագիտութեան բնագաւառին մէջ յայտնի մասնագէտներ: Հանդիպումը զուտ աշխատանքային է. վեր հանուած եւ քննարկուած են խնդիրներ, առաջարկուած են անոնց լուծման տարբերակներ: Պատմութիւն եւ հնագիտութիւն, ազգագրութիւն եւ բարբառագիտութիւն. գիտնականները այս թեմաները քննարկած են հայկական աշխարհի տարածքի՝ Արցախի կտրուածքով:
Լէյտենի համալսարանի գիտաշխատող Հրաչ Մարտիրոսեանի եւ Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանի համատեղ ջանքերով Շուշի հաւաքուած են հայագիտութեան մերօրեայ նշանաւոր դէմքերը: Հրաւիրուած են անոնք, որոնք գործնական աշխատանքներ ունին Արցախի պատմութեան, ազգագրութեան, հնագիտութեան եւ բարբառի վերաբերեալ եւ դեռ աւելին՝ ներկայիս ալ կը շարունակեն աշխատանքները: Երկու օր՝ Օգոստոս 9-ին եւ 10-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ քննարկուած են գործնական հարցեր: «Մեր հիմնական խնդիրը ոչ թէ արդիւնքները ներկայացնելն է, ոչ թէ իրավիճակը ներկայացնելն է, այլ Արցախի մէջ սկսած հայագիտական հետազօտութիւններու ժամանակ յառաջացող բարդութիւնները, գիտական խնդիրները, գիտութիւն-հասարակութիւն կապի հետ կապուած հարցերու քննարկումն է»,- կը մանրամասնէ Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, աշխատաժողովի համակազմակերպիչ Համլեթ Պետրոսեանը: «Խնդիրը այն է, որ Արցախի տարածքը բազմաթիւ առումներով շատ ուշագրաւ է, հետաքրքրական է եւ կարեւոր ի՛նչպէս գիտական, պատմական, այնպէս ալ ներկայիս քաղաքական զարգացումներու պատճառով»,- կ’ընդգծէ աշխատաժողովի համակազմակերպիչներէն՝ Լէյտենի համալսարանի գիտաշխատող Հրաչ Մարտիրոսեանը: Իր պատմական զարգացման իւրայատկութիւններով, իր բաւական յստակ ուրուագծուող դիմագիծով Արցախը կրնայ լուրջ լումայ ապահովել հայագիտութեան զարգացման ժամանակակից փուլին մէջ եւս: Ուսումնասիրուող եւ ուսումնասիրուելիք նիւթի առատութեան մէջ աւելի կարեւոր է ընդհանուր մօտեցումներու յստակացումն ու զարգացման ուղեգիծի մշակումը, կը կարեւորէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Շուշիի մէջ կայացած աշխատաժողովը աւելի մեծ աշխատանքի առաջին քայլը կը հանդիսանայ: Աշխոյժ աշխատանքները կը շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն եւս: «Նպատակ ունինք յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին ժողովածու մը հրատարակել Արցախի մշակոյթի, բարբառագիտութեան, ազգագրութեան մասին»,- կը գաղտնազերծէ Հրաչ Մարտիրոսեանը: Ժողովածուի հրատարակութիւնն ալ վերջին նախաձեռնութիւնը պիտի չըլլայ: Ընելիքները համակարգելու, ծրագրուած աշխատելու խնդիր կայ բոլոր ուղղութիւններուն պարագային: «Ես՝ որպէս մասնագէտ, կրնամ խօսիլ ազգագրութեան մասին: Այս ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքները հատուածական են: Լուրջ ընելիքներ կան»,- մէկ ճիւղի օրինակով իրավիճակը կը բնութագրէ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը: Թուարկուած խնդիրներէն զերծ չեն հայագիտութեան միւս ճիւղերը եւս: Համլեթ Պետրոսեանը յոյս ունի, որ նման հանդիպումները կ’օգնեն աւելի համախմբել հայագէտները, աւելի յարմարաւէտ պայմաններ ապահովել ակադեմական գիտութեան ամրապնդման համար: «Հայագիտական հանրութիւնը հայկական միջավայրի մէջ որոշ չափով ցրուած է, այնքան ալ լրջօրէն կազմակերպուած չէ, յաճախ տարրական գիտական կարգուձեւը կը բացակայի, յաճախ ընդգծուած ազգայնականութիւնը կ’ազդէ անոր վրայ, քաղաքական իրադրութիւնը եւս իր ճնշումը կը բանեցնէ»,- իրավիճակը առանց գունազարդման կը ներկայացնէ Համլեթ Պետրոսեանը:
Շուշիի մէջ կայացած աշխատաժողովը տեղի ունեցած է «NAASR» կազմակերպութեան եւ «Knights of Vartans» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ եւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ստեփանակերտ