Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Այլախոհութիւնը Խորհրդային Հայաստանի Մէջ. Ազգային Միացեալ Կուսակցութիւն

ՎԱՐԴԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Խմբագրական Նօթ

Այլախոհ անձը (քաղաքական), լայն իմաստով՝ տուեալ հասարակութեան մէջ ընդունուած հայեացքներուն, վարդապետութեան, քաղաքականութեան մարտահրաւէր նետող անձն է։ Երբ այլախոհները կը միանան ու կը գործեն մէկ նպատակի շուրջ՝ կը յառաջանայ այլախոհական շարժումը: Երբեմն անձնական համոզումներու հասարակութեան մէջ տիրող վարդապետութեան հետ այդ հակամարտութիւնը պատճառ կը դառնայ պաշտօնական իշխանութեան կողմէ հալածանքներու, հետապնդումներու եւ ճնշումներու։ Այլախոհները եւ այլախոհութիւնը ի յայտ կու գան որպէս բռնատիրութեան պատասխան, որպէս անոր արդիւնքը: Ի դէպ, պէտք է տարբերել բռնադատուած եւ այլախոհ հասկացութիւնները: Առաջինին պարագային, զոհ կը դառնան անմեղ, երկրին մէջ տիրող կարգերուն բացարձակապէս չընդվզող, շատ մը պարագաներու նոյնիսկ այդ կարգերուն հաւատարիմ մարդիկ, որոնք կրնան տեղեակ չըլլալ անգամ, որ իրենք կը դատապարտուին, միւս պարագային՝ մարդիկ գիտակցաբար կը դատապարտուին իրենց երկրի անկախութեան համար պայքարելու կամ մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ զբաղելու համար՝ գիտնալով հանդերձ, որ այդ գործողութիւնները պիտի չներուին երկրի իշխանութիւններուն կողմէ եւ ազատազրկման պատճառ պիտի դառնան:

Խորհրդային տարիներուն այս երկու եզրերը կը նոյնականացուէին եւ օրէնքի միեւնոյն դրոյթներով պատիժ կը սահմանէին, ինչը այլախոհներուն համար վիրաւորական էր եւ անընդունելի:

Առաջին անգամ «այլախոհ» եզրը կիրարկուած է 16-րդ դարուն կրօնական իմաստով։ «Այլախոհ» սահմանումը քաղաքական երանգ ստացած է 1940 թուականին՝ Խորհրդային Միութեան մէջ բռնապետական համակարգի ծաւալման ընթացքին:

Ինչո՞ւ այս նօթը եւ ինչո՞ւ վարի յօդուածը օրերս  արտատպելու կարեւորութիւնը տեսած ըլլալու պարագան:

Ժամանակները, փոխուած են: Փոխուած պէտք է ըլլանք նաեւ մենք: Պէտք է որ դարձած ըլլանք աւելի հանդուրժող եւ լայնամամիտ: Հետեւաբար աւելի զարգացած եւ վեհ: Իրողութիւնը ուրիշ է սակայն դժբախտաբար:

Ազգային իմաստով կ՛ապրինք իրարամերժ աննախընթաց օրեր, ուր կլանուած ենք, ոչ միայն նախապաշարումներով, այլ մեզմէ տարբեր մտածողը դաւաճան ալ կոչելով եւ անխնայ խարազանելով:

Ժամանակն է սթափելու եւ միակամ գործելու ընդունելով մեր տարբերութիւնները ու յարգելու այլախոհի մը մարդկային եւ քաղաքական իրաւունքը ինչ կը վերաբերի խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան:

Գուրգուրանք մեր Հայրենիքին վրայ այս յոյժ վտանգաւոր օրերուն, որպէսզի յեղափոխութիւնը լիիրաւօրէն ըլլայ թաշեայ մինչ երկիրը մնայ:

Խմբ.


 

1966 թուականի Հոկտեմբերին Հայկազ Խաչատրեանը եւ իր համախոհները՝ Ստեփան Զատիկեանն ու Շահէն Յարութիւնեանը, կը հիմնադրեն Ազգային միացեալ կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութիւնը էապէս կը տարբերէր իրմէ առաջ եղած բոլոր կազմակերպութիւններէն: Մինչ այդ գործող կազմակերպութիւններն ու անհատները հիմնականօրէն հանդէս կու գային հայրենասիրութեան դիրքերէն, յառաջ կը քաշէին Ղարաբաղի, Նախիջեւանի, Ցեղասպանութեան խնդիրները, կ’արծարծէին Հայկական հարցը եւ չէին պատկերացներ կամ իրենց առջեւ խնդիր չէին դներ տեսնել Հայաստանը ԽՍՀՄ կազմէն դուրս` որպէս անկախ պետութիւն: Ի հարկէ, բացառութիւններ կային:

Տակաւին 1964-ին «Եօթի գործ»-ով դատավարութեան ժամանակ արձանագրուած է, որ դատապարտեալներէն ոմանք` Խաչիկ Սաֆարեանը, Գրիգոր Եղեանը իրենց գրաւոր, իսկ Մերուժան Յովհաննիսեանը` բանաւոր ելոյթներուն մէջ խօսած են անկախ Հայաստանի հեռանկարին մասին: Իր այս ցանկութեան մասին Մերուժան Յովհաննիսեանը յայտարարած էր նաեւ դատարանի դահլիճին մէջ: Սակայն ասոնք եղած են ընդամէնը ցանկութիւններ, չեն կրած համակարգուած բնոյթ եւ, ամենակարեւորը, չեն եղած ծրագրային: Մինչեւ ԱՄԿ-ը, չէ եղած որեւէ կազմակերպութիւն, խումբ, խմբակ կամ անհատ այլախոհ, որ իր առաջնային նպատակը համարէր անկախ Հայաստանի համար պայքարը:

ԱՄԿ-ը անկախ Հայաստանի ստեղծման համար պայքարող կուսակցութիւն էր: Իւրաքանչիւր ԱՄԿ-ական կուսակցութեան շարքերը ընդունուելու ժամանակ պէտք է գիտնար, որ ատիկա պիտի ըլլայ իր կեանքի գլխաւոր նպատակը: ԱՄԿ ծրագիրէն կարելի է հետեւութիւն ընել, որ այս կառոյցը ինքզինք կը պատկերացնէ ոչ միայն որպէս դասական կուսակցութիւն, այլ նաեւ որպէս հայ ժողովուրդի անունով հանդէս եկող միաւոր, որպէս միջպետական ու միջազգային շփումներու կողմ: Ըստ ԱՄԿ ծրագիրին` այս կազմակերպութեան կարեւորագոյն յատկանիշներն են.

  1. Ազգայնական չէ: Իր էութեան խորթ են «ռազմամոլութիւնը, թթու ազգայնականութիւնը, գերիշխանութեան ձգտումը (բռնատիրութիւն), խտրականութիւնը»,
  2. Կը յարգէ հարեւան ազգերն ու կը ճանչնայ անոնց իրաւունքը. «Վիճելի բոլոր հարցերը ԱՄԿ-ը պարտաւոր է լուծել խաղաղ, փոխադարձ զիջումներու եւ յարգանքի միջոցով՝ առանց թոյլ տալու ոեւէ մէկուն միջամտութիւնը, յարգելով դրացի ազգերու գերիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը»,

      3․Կը յարգէ միջազգային իրաւունքը եւ կը յենի այդ իրաւունքին,

      4․   Խաղաղարար եւ խաղաղասէր է:

Ուշադիր ընթերցողը կը նկատէ, թէ ծրագիրի իւրաքանչիւր դրոյթ ունի ճշգրիտ ձեւակերպում, որ այլակարծութիւններու եւ տարընթերցումներու տեղիք չի տար: ԱՄԿ-ի էութիւնը ընդգծող ծրագիրի 6-րդ կէտը շեշտելու համար ամբողջութեամբ գրուած է մեծատառով. «ԱՄԿ-ի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆ Է ԱԶԱՏԱԳՐԵԼ ԱԶԳԸ ՕՏԱՐԻ ԼՈՒԾԷՆ, ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՍՏՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»:

Հայկազ Խաչատրեան, ԱՄԿ-ի հիմնադիր

ԱՄԿ-ը նոր երեւոյթ դարձաւ ոչ միայն հայկական իրականութեան, այլեւ ամբողջ ԽՍՀՄ-ի մէջ, եւ այդ հսկայ կայսրութեան տարածքին միակ ընդյատակեայ կուսակցութիւնն էր, որ, ի հեճուկս ճնշումներուն, հալածանքներուն, կալանաւորումներուն, իր հիմնադրման պահէն մինչեւ ԽՍՀՄ փլուզումը անխափան ու անընդհատ գործեց: Փաստօրէն, ստեղծուած էր ընդյատակեայ այնպիսի կենսունակ կառոյց, որուն դէմ անզօր գտնուեցաւ խորհրդային անվտանգութեան համակարգը: Հետեւողականօրէն կը կալանաւորէին եւ երկարատեւ պատժաչափերու կը դատապարտէին ԱՄԿ-ականները, սիպիրեան կամ ուրալեան կալանավայրեր կը տեղափոխէին, բայց անոր զուգահեռ`  Հայաստանի մէջ նորանոր մարդիկ կ’անդամագրուէին ու կը շարունակէին գործել ԱՄԿ-ի անունով:

1968-էն ետք քաղաքական նկատառումներով դատապարտուածներու գերակշիռ մասը կամ ԱՄԿ-ական եղած է, կամ առնչութիւններ ունեցած է ԱՄԿ-ի հետ: ԱՄԿ-ականներու եւ ոչ ԱՄԿ-ական հայ այլախոհներու տարբերութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ ԱՄԿ-ականները դատավարութիւններու ընթացքին, չնչին բացառութիւններով, զիրենք մեղաւոր չէին ճանչնար ու չէին զղջար իրենց ծաւալած գործողութիւններուն համար: Ընդհակառակը` անոնք կը յայտարարէին, որ ԱՄԿ անդամ են, հաւատարիմ են ԱՄԿ սկզբունքներուն: Իսկ մինչ ԱՄԿ-ականները, դատապարտուած գործիչներէն շատերը հեշտութեամբ հանդէս կու գային զղջումի յայտարարութիւններով:

Եթէ համեմատենք քաղաքական բանտարկեալներու դատավճիռներուն հետ, չենք կրնար չնկատել այդ իրողութիւնը: Ի հարկէ, դատավարութիւններու ժամանակ դրսեւորած այս արժանապատիւ կեցուածքը ԱՄԿ-ականներու մենաշնորհը չէր: Եղած են նաեւ ոչ ԱՄԿ-ականներ, որոնք նման կեցուածք դրսեւորած են. օրինակ` Զաւէն Յարութիւնեանը 1967-ի դատավարութեան ժամանակ: Նոյն կեցուածքը որդեգրած են նաեւ 1970-ականներու կէսերուն եւ 80-ականներու առաջին կէսին դատապարտուած իրաւապաշտպաններն ու անհատ այլախոհները, բայց ԱՄԿ-ականները այս տեսակէտէն շահեկանօրէն կը տարբերին միւսներէն:

1987-ի Սեպտեմբերին ԱՄԿ-ը ինքնալուծարուեցաւ, որուն հէնքին վրայ Պարոյր Հայրիկեանը ստեղծեց Ազգային ինքնորոշում միաւորումը: Այնուհետեւ նախկին ԱՄԿ-ականներուն կողմէ ստեղծուեցան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (Աշոտ Նաւասարդեան) եւ Հայաստանի քրիստոնէա-դեմոկրատական միութիւնը (Ազատ Արշակեան):

Ազգային միացեալ կուսակցութեան ծրագիրը 

ԱՄԿ-ը քաղաքական, դեմոկրատական, հասարակական կազմակերպութիւն է, որուն անդամը պէտք է ըլլայ ամբողջ հայութեան գիտակից տարրը: Հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը, ազգային հոգեբանութեան եւ բնորոշ կողմերու անխախտ պահպանումը, փոխադարձ սիրոյ առկայութիւնը ներկայիս կը հանդիսանայ ամբողջ աշխարհի հայ տարրի հիմնական բնոյթը, որուն շնորհիւ այդ տառապած, հայրենիքէն քշուած ժողովուրդը կը յաջողի հասնիլ իր բարի նպատակներուն, իղձերուն իրականացման, կը վերականգնէ կորսնցուցած պետականութիւնը, կը վերադարձնէ յափշտակուած, սրբապղծուած հայրենի հողը: Ան նորէն կը ստեղծէ այն աշխարհահռչակ դրախտը, որ կը յիշատակուի Սուրբ Գիրքին մէջ, որովհետեւ ան ունի այն բոլոր առաւելութիւնները, որով օժտուած է մարդը լայն իմաստով: 

Շահէն Յարութիւնեան, ԱՄԿ-ի հիմնադիր

1) ԱՄԿ-ն իր հասարակական, քաղաքական, գաղափարական գործունէութեան ընթացքին զաւթողական ոչ մէկ նպատակ պէտք է ունենայ, կուսակցութեան ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարներուն խորթ են ռազմամոլութիւնը,

թթու ազգայնականութիւնը, գերիշխանութեան ձգտումը (բռնատիրութիւն), խտրականութիւնը եւ միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումը:

2) Դրացի բոլոր ազգերուն հետ ԱՄԿ-ը պէտք է ձգտի եղբայրական անկեղծ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալ: Վիճելի բոլոր հարցերը ԱՄԿ-ը պարտաւոր է լուծել խաղաղ, փոխադարձ զիջումներու եւ յարգանքի միջոցով՝ առանց թոյլ տալու ոեւէ մէկուն միջամտութիւնը, յարգելով դրացի ազգերու գերիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը:

3) Բոլոր այն ազգերը, որոնք կը ցանկան ազնիւ, եղբայրական յարաբերութիւններու մէջ մտնել հայ ժողովուրդի հետ, օգնութեան ձեռք կը մեկնեն կամ օգնութեան կարիք կը զգան առանց շահամոլութեան, ԱՄԿ-ի սրբազան պարտքն է սրտաբաց դիմաւորել եւ ողջունել նման մարդասիրական քայլը:

4) Այն ազգը, որ, վստահ ըլլալով իր ազգային բազմաքանակութեան եւ զէնքի հզօրութեան վրայ, կը ձգտի զարտուղի ստոր ճամբաներով, թաքնուած բարեկամի դիմակի տակ իր գերիշխանութիւնը տարածել, երկիրը կողոպտել եւ ստրկացնել, ԱՄԿ-ը պարտաւոր է նախ դիւանագիտական միջոցներով, իմաստուն, խոհեմ, օգտագործելով մտքի ուժը, հիմնուելով միջազգային օրէնքներուն վրայ, անվեհեր խիզախութեամբ եւ հաստատակամութեամբ հեռացնել իր հայրենիքէն վտանգը՝ աշխատելով վերջ դնել օրհասական պատերազմի վտանգին:

Եթէ դիւանագիտական միջոցները չօգնեն խաղաղութեան գործին, դրացիական բարի յարաբերութիւններու վերականգնումին, եւ թշնամին աւազակային ոտնձգութիւն ընէ՝ հաշուի չառնելով ուրիշ ազգերու արժանապատուութիւնը, ԱՄԿ-ը թշնամիին դէմ պէտք է ոտքի հանէ ամբողջ ժողովուրդը: Միասնական ուժի, խիզախօրէն պայքարի նուիրուածութեան, հայրենիքի ջերմ սիրոյ, իր ազատութեան եւ խաղաղութեան համար մարտնչող ուժի դէմ բոլոր կայսերապաշտները անզօր կ’ըլլան: 

5) Այնքան ատեն որ դեռ գոյութիւն չունի ազատ եւ անկախ Հայաստան, կը նշանակէ, որ կը բացակայի ամենակարեւոր բանը լիարժէք ազգ կամ պետութիւն կոչուելու համար: Հայրենասէր մարտնչող ուժի վրայ կը ծանրանայ այդ առաջնային ու դժուարին խնդիրը: 

6) ԱՄԿ-ի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆ Է ԱԶԱՏԱԳՐԵԼ ԱԶԳԸ ՕՏԱՐԻ ԼՈՒԾԷՆ, ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՍՏՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

7) Պայքարիլ միացեալ հայկական պետութիւն ստեղծելու համար, իսկ հետագային նաեւ Կիլիկիոյ հայկական հանրապետութեան ստեղծման համար:

8) Հայաստանի մէջ կ’ըլլայ մէկ հասարակարգ` ծնունդ կեանքի օրէնքներու, ապրելակերպի, ազնիւ աշխատանքի եւ ջերմ հայրենասիրութեան: Այդ հասարակարգին մէջ չեն ըլլար հզօրն ու տէրը: Հայ ազգին մէջ եղած բոլոր հասարակական կողմերը, որոնք արգասիքն են ճնշումի եւ բռնութիւններու, արագ կերպով արմատախիլ կ’ըլլան, երբ ժողովուրդը տէրն ու տնօրէնը կը դառնայ իր հայրենիքին եւ ունեցուածքին:

9) ԱՄԿ-ը անողոք պայքար պէտք է ծաւալէ հայ ժողովուրդը կողոպտելու դէմ, իր ամբողջ հարստութիւնը Ռուսաստան տեղափոխելու դէմ: Հայ ժողովուրդի ստեղծած բարիքները, երկրի ընդերքը գտնուող հարստութիւնը, երկրի ամբողջ տնտեսութիւնը մէկ տնօրէն պէտք է ունենայ` հայ ժողովուրդը:

10) Անողոք պայքար սկսիլ մոսկովեան գերիշխանութեան դէմ, կամայականութիւններու եւ բռնութիւններու դէմ, որմէ կը հեծէ եւ կը տքնի ամբողջ ազգը: Ազատագրել ազգը նման անմարդկային, միջազգային օրէնքներով անթոյլատրելի վիճակէն:

11) Պահանջել Ռուսաստանէն խաղաղ ճամբով վերադարձնել Հայաստանին այն հողային տարածութիւնները, որոնք անօրինական կարգով տրուած են Ազրպէյճանին եւ Վրաստանին: Միեւնոյն ժամանակ ամէն կերպ պէտք է խուսափիլ ռուսական ստոր քաղաքականութենէն, որ ան կը գործադրէ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին բոլոր ազգերուն նկատմամբ` հեռու թէ մօտիկ, այսինքն` չներգրաւուիլ անոր հրահրած ազգամիջեան կեղտոտ խառնակչութիւններուն եւ զինքը չվստահիլ որեւէ բանի մէջ:

Եթէ Ռուսաստանը փորձէ արդարացի պահանջներուն դէմ ուժ գործադրել, այն ժամանակ ԱՄԿ-ի պարտքն է գործադրել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որոնք հարկաւոր կ’ըլլան սանձելու բռնութիւնը, նման պարագաներու ԱՄԿ-ը անողոք կ’ըլլայ:

12) ԱՄԿ-ը պէտք է պահանջէ ներկայ կառավարութենէն, որ վերականգնուի ազգային բանակը եւ սպառազինուի ժամանակակից առաջնակարգ զէնքով, որուն համար Հայաստանը մեծ հնարաւորութիւններ ունի: Ամբողջ հայ զինուորականութիւնը, սկսած շարքային զինուորէն մինչեւ սպարապետն ու ծովակալը, պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը` Հայաստան: Պէտք է վերադարձնել նաեւ բոլոր գիտնականները, գիւտարարներն ու մասնագէտները, որոնք իրենց տաղանդով պարտական են միմիայն հայ ժողովուրդին, բայց իրենց գիտելիքները կու տան Ռուսաստանին, իսկ հայրենիքի եւ ազգի համար ոչինչ կը ներկայացնեն:

13) ԱՄԿ-ի նպատակն է ներկայիս Հայկական հանրապետութիւնը, որ կեղծ պետութիւն է իր խաբեբայական համակարգով, դարձնել իսկական ԱՐԺԷՔ պետութիւն, որ ոչ միայն պէտք չէ ենթարկուի օտարի հրամաններուն եւ դուրս գայ անոր ստրկատիրական գերիշխանութենէն, այլեւ այդ անկախ Հայաստանը պէտք է ունենայ զօրք, զէնք եւ դրամ (ոսկիի պաշար): 

14) Եթէ Ռուսաստանը ցանկայ բարեկամական անշահախնդիր յարաբերութիւններու մէջ մտնել Հայկական Հանրապետութեան հետ, Հայաստանը երբեք չի հրաժարիր անկեղծ բարեկամութենէ: 

15) ԱՄԿ-ի սրբազան պարտքն է իր բողոքի ձայնը բարձրացնել Հայկական դատին արդարացի լուծում տալու համար եւ եռանդուն պայքար ծաւալել Արեւմտեան Հայաստանի ստեղծման համար, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերէն երեք միլիոնէն աւելի թափառական հայեր վերադառնան իրենց հազարամեակներու օրրանը, որ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ խաղաղութեան համար Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

ԱՄԿ-ի այս ազնիւ ձգտումները իրականացնելու համար կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամէ կը պահանջուի.

  1. ա. ջերմ սէր դէպի հայրենիքն ու ազգը
  2. բ. անձնազոհութիւն
  3. գ. յամառութիւն, տոկունութիւն եւ խիզախութիւն
  4. դ. վստահութիւն իր ճշմարտացիութեան, գիտելիքներուն եւ յաղթանակին վրայ
  5. ե. հաւատք ընկերոջ եւ կուսակցութեան նկատմամբ

Ըլլալ խորաթափանց եւ աչալուրջ: Ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ ամփոփուած կ’ըսուի` յոյս, հաւատ եւ սէր:

ԱՄԿ-ի ծրագիրը ընդհանուր համաձայնութենէ եւ հաստատումէ ետք ենթակայ չէ քննարկումի եւ փոփոխութիւններու, այնքան ատեն որ իրադրութիւններու արմատական փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար: Ծրագիրը միշտ ալ ենթակայ է նոյն գաղափարական նպատակներուն ծառայող խնդիրներու բազմապատկումին:

Ազգային միացեալ կուսակցութեան կանոնադրութիւնը

Այս կազմակերպութիւնը կը վերաբերի միայն հայ ազգին: Շատ հազուադէպ բացառութեամբ կրնան անդամ ըլլալ օտար ազգի միայն այն քաղաքական գործիչները կամ արուեստագէտները, հայագէտները, որոնք կանգնած են ճնշուած ազգերու պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ:

Ստեփան Զատիկեան, ԱՄԿ-ի հիմնադիր

Աշխարհի տարբեր անկիւններ ապրող հայ ազգի իւրաքանչիւր զաւակ իրաւունք ունի մտնելու Ազգային միացեալ կուսակցութիւն հասարակական-քաղաքական կազմակերպութեան շարքերը՝ առանց սեռի, կրթական մակարդակի խտրականութեան:

1) ԱՄԿ-ի անդամ կրնան ըլլալ 18 տարեկանէն ոչ պակաս անձինք, որոնք կ’ընդունին ԱՄԿ-ի ծրագիրը, կանոնադրութիւնը եւ ազգային սրբազան երդումը:

2) ԱՄԿ-ի անդամը պարտաւոր է սրբութեամբ կատարել կուսակցութեան ծրագիրը՝ ի նպաստ ազգի եւ հայրենիքի պահանջներուն:

3) ԱՄԿ-ի անդամը պէտք է պարտադիր կերպով զբաղի ինքնազարգացումով եւ աչալրջօրէն հետեւի միջազգային իրադարձութիւններուն:

ա. Պէտք է ուսումնասիրէ փիլիսոփայութիւն, պատմութիւն, յատկապէս 19-20-րդ դարերու Հայոց պատմութիւն, կրօն (բոլոր դաւանանքներու), մօտ անցեալի եւ միջազգային ժամանակակից քաղաքականութիւն, յատկապէս այն ազգերուն, որոնք անմիջական առնչութիւն ունին հայ ազգին, անոր ճակատագիրին հետ:

 բ. Պէտք է ըլլալ բարի եւ ազնիւ, միեւնոյն ժամանակ անողոք չարի նկատմամբ:

4) ԱՄԿ-ի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը կը հանդիսանայ գլխաւոր խորհուրդը, որուն որոշումները խստօրէն պարտադիր են կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամի համար:

5) ԱՄԿ-ի բոլոր անդամները պարտադիր կերպով կու տան իրենց նիւթական օգնութիւնը` անդամավճարը, սահմանուած չափով:

6) ԱՄԿ-ի իւրաքանչիւր անդամ անմիջականօրէն կ’ենթարկուի իր խումբի ղեկավարին, որ ընտրովի է: Խումբի ղեկավարները հաշուի կ’առնեն խումբի անդամներուն կարծիքը եւ խորհուրդները, բայց վճռական ձայնը կը պատկանի խումբի ղեկավարին:

7) Խումբի ղեկավարները անմիջականօրէն կ’ենթարկուին գլխաւոր խորհուրդին:

8) ԱՄԿ-ի իւրաքանչիւր անդամէն խստօրէն կը պահանջուի սրբութեամբ պահպանել կուսակցութեան գաղտնիքները: Դաւաճանութեան պարագային, ան կը դիտուի որպէս ազգի ու հայրենիքի դաւաճան:

9) ԱՄԿ-ի բոլոր անդամները, որոնք կ’ընդունին կուսակցութեան կանոնադրութիւնը եւ ազգային սրբազան երդումը, պարտադիր կերպով կ’ենթարկուին ԱՄԿ-ի քաղաքական եւ գաղափարական գործունէութեան: 

Ազգային միացեալ կուսակցութեան երդումը                             

Երկրի վրայ երկնքի կտոր մը, երկրային դրախտ, աստուածային տուրք – ոգիով միշտ անմահ, հանճարով հզօր ու միշտ… տառապած, խոշտանգուած, լլկուած իմ Մայր Հայաստան, իմ սուրբ հայրենիք: Դուն, որ ինծի տուիր միս ու արիւնդ, անմահ ու անեղծ ոգին հայկական, աստուածային հանճարդ վսեմ, բիւր սերունդներուդ հրաշագործած սուրբ հողը տանջուած, բայց միշտ փառաւոր, այսօր կը տառապիս նորէն օտարի բիրտ կրունկին տակ: Ան կը սնի քու միս ու արիւնովդ, անհունաթռիչ մտքովդ հզօր, հզօրանալու, ոչնչացնելու ոգին հայկական:

Քու հանճարեղ զաւակներդ իրենց միտքն ու արիւնը տուին թշնամիին, տարուած սին յոյսով, գէթ խնայելու իրենց հայրենիքը: Արեամբ յղփացած ոսոխը, սակայն, չբաւարարուեցաւ լոկ այդ արիւնով: Ան կը ցանկայ ոգին հայկական արմատէն պոկել, ցրել աշխարհով մէկ, հայու անունը աշխարհէն ջնջել: Դատարկ, սին յոյսեր արիւնածարաւ բորենիներու: Այդ մէկը պիտի չյաջողի: Ոգին հայկական անմահ է, գիտցէ՛ք:

Այդ կ’ըսեմ ե՛ս` որդին հայկազուն աստուածային սուրբ ժողովուրդի: Կ’երդնում ես քեզ, ժողովուրդ հայոց, կ’երդնում անմեղ զոհերուդ արեամբ, քու զաւակներուդ սուրբ գերեզմանով. քանի կը պղծէ իր ներկայութեամբ հայոց սուրբ հողը գէթ մէկ թշնամի, քանի կ’ապրիմ, քանի կը շնչեմ, կը պայքարիմ ես սուրի դէմ` սուրով, հուրի դէմ` հուրով, մահուան դէմ` մահով: Իմ կեանքս քուկդ է, դո՛ւն տուած ես զայն, թէ դաւաճանեմ քու ազատութեան սրբազան գործիդ, թէ ձեռքս դողայ մահ տալ թշնամիին, ստոր ոսոխին, նենգ դաւաճանին, թէկուզ ան ըլլայ ՄԱՅՐՍ ՀԱՐԱԶԱՏ, թող նզովքդ քու, ժողովուրդ հայոց ու աստուածային զայրոյթդ հզօր, տիեզերապիղծ ստոր արարքը պատժէ մահով, քանզի ամենասուրբ մայրը ինծի համար դուն ես, Հայաստա՛ն:

 

Բնագիրը՝ արեւելահայերէն

Աղբիւրը՝ hetq.am

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

                                                «Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին