Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Սեւր. Դաշնագիր Մը Որ Մնաց Թուղթի Վրայ

Համադրեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

10 Օգոստոս 1920-ին Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ) Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան եւ 1914-1918 թուականներուն Համաշխարհային առաջին պատերազմի յաղթած դաշնակից պետութիւններուն (Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումինիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, սերպերու, խրուաթներու եւ սլովեններու թագաւորութիւն, Հիժազ) միջեւ կնքուած է Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անունով պայմանագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեանը: Ան եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ, ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը գլխաւոր դաշնակից պետութիւններուն հետ կնքած են լրացուցիչ պայմանագիր` ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ:

Միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս պայմանագիրի մասնակից, փաստօրէն կը ճանչցուէր պայմանագիր ստորագրած միւս բոլոր պետութիւններուն կողմէ: Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի «Հայաստան» բաժինը կ’ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները:

Ստորեւ իւրաքանչիւր յօդուածի բովանդակութիւնը.

Յօդուած 88. Թուրքիան կը յայտարարէ, որ կը ճանչնայ Հայաստանը, ինչպէս այդ բանը արդէն ըրած են դաշնակից տէրութիւնները՝ որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն:

Յօդուած 89. Թուրքիան եւ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուող կողմերը կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանատումը ձգել ԱՄՆ-ի որոշումին: Բացի անոր որոշումը ընդունելէ՝ պիտի ընդունէին նաեւ այն բոլոր առաջարկները, զորս ան պիտի ներկայացնէր՝ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ:

Յօդուած 90. Եթէ 89-րդ յօդուածին համաձայն սահմանագիծը որոշելու ժամանակ յիշեալ վիլայէթներու ամբողջ տարածքը կամ անոր մէկ մասը յանձնուի Հայաստանին, Թուրքիան այսօր արդէն կը յայտարարէ, որ որոշումի օրէն սկսեալ ինքը կը հրաժարի յանձնուած տարածքի նկատմամբ բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւահիմունքներէն: Սոյն պայմանագիրի որոշումները, որոնք պիտի կիրարկուին Թուրքիայէն անջատուող տարածքներուն նկատմամբ, այս պահէն սկսեալ կը գործադրուին նաեւ այդ տարածքին նկատմամբ: Հայաստանի գերիշխանութեան յանձնուող տարածքին կապակցութեամբ՝ իր վրայ դրուող Թուրքիոյ ֆինանսական պարտաւորութիւններու բաժինը եւ անոնց բնոյթն ու այն իրաւունքները, որոնցմով ան կրնայ փաստարկել, կը սահմանուին սոյն պայմանագիրի 8-րդ մասի (ֆինանսական դրոյթներ) 241-244-րդ յօդուածներուն համաձայն: Յաջորդ համաձայնագիրերը կը կարգաւորեն, եթէ անշուշտ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ, այն բոլոր հարցերը, զորս չեն կարգաւորուած սոյն պայմանագիրով եւ որոնք կրնան սնունդ առնել յիշեալ տարածքի փոխանցման կապակցութեամբ:

Յօդուած 91. Եթէ 89-րդ յօդուածին մէջ նշուած տարածքի մէկ մասը յանձնուի Հայաստանին, ապա սահմանագծման յանձնաժողովը, որուն կազմը կ’որոշուի հետագային, կը ստեղծուի երեք ամսուան ընթացքին, երբ արդէն ընդունուած կ’ըլլայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագիծ նշանակելու վերաբերեալ յիշեալ յօդուածին մէջ նախատեսուող որոշումը:

Յօդուած 92. Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները ըստ պատկանելոյն  կ’որոշուին շահագրգիռ պետութիւններու ընդհանուր համաձայնութեամբ: Երբ 89-րդ յօդուածին մէջ նախատեսուած որոշումը արդէն ընդունուած կ’ըլլայ, եւ եթէ անկէ ետք այս կամ այն շահագրգիռ պետութիւնները  չկարենան ընդհանուր համաձայնութեամբ որոշել իրենց սահմանագիծը, վերջինս կ’որոշեն գլխաւոր դաշնակից տէրութիւնները, որոնք անոր հետ միասին պէտք է հոգ տանին սահմանազատումը գծանշելու:

Յօդուած 93. Հայաստանը կ’ընդունի` համաձայնելով այդ պայմանագիրերուն մէջ մտցնել այն որոշումները, զորս գլխաւոր տէրութիւնները անհրաժեշտ կը համարեն Հայաստանի մէջ այն բնակիչներու շահերը պաշտպանելու համար, որոնք ցեղի, լեզուի եւ կրօնի առումով կը տարբերին ազգաբնակչութեան մեծամասնութենէն: Հայաստանը նմանապէս կը համաձայնի գլխաւոր տէրութիւններուն հետ պայմանագիրին մէջ մտցնել այն որոշումները, զորս այդ տէրութիւնները անհրաժեշտ կը համարեն տարանցումի ազատութիւնը եւ այլ ազգերու առեւտուրին համար արդարացի պայմանակարգը պաշտպանելու համար:

 

* * * *

Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար որպէս ազատ ու անկախ պետութիւն: Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ (վիլայէթներ) երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանազատումը ձգել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշումին եւ ընդունիլ անոր բոլոր առաջարկները` Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ:

 

Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուէին այդ պետութիւններուն հետ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով: Եթէ այդ պետութիւններուն չյաջողուէր համաձայնութեան գալ, ապա գլխաւոր դաշնակից տէրութիւնները խնդիրը պէտք է լուծէին յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ:

Սեւրի Ոդիսականը

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբումի համար բաւարար տարածք։ Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ։ Զայն չվաւերացուց նոյնիսկ սուլթանական կառավարութիւնը։ Քեմալականները դիմեցին անոր հաստատումը կանխող բոլոր միջոցներուն եւ որպէս առաջին քայլ նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ զայն ոչնչացնելու մտադրութեամբ։ Յաջորդ տարուան ընթացքին քեմալականները, օգտուելով միջազգային նոր իրադրութիւններէն, որ ստեղծուած էր Խորհրդային Ռուսաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ մերձեցման հետեւանքով, հասան Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրի վերանայման եւ, փաստօրէն, անոր վերացման։ Ան իր արտայայտութիւնը գտաւ 1923-ին Լոզանի դաշնագիրին (Լոզանի խորհրդաժողով, 1922-23): Դաշնակիցները ճանչցան Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ անոր իրաւունքը Արեւելեան Թուրքիոյ, Իզմիրի, Կիլիկիոյ նկատմամբ, բոլոր այն տարածքներուն, որոնք անցած էին Հայաստանին, Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրով։

Լուսանկարները՝ Մայքլ Պապայեանի ֆէյսպուքի էջէն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին