«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Իրանը յոյսով է, որ ԱՄՆ-ը կ’անսայ միջազգային հանրակցութեան եւ կ’ուղղէ իր սխալը՝ դուրս գալով միջուկային գործարքէն. Թեհրանը այսուհետեւ ալ պիտի կատարէ զայն: Այդ մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զարիֆը յայտարարած Չինաստանի ԱԳ նախարար Վան Իի հետ հանդիպումի ժամանակ, որ Սինկափորի մէջ կայացած է ԱՍԵԱՆ-ի միջոցառումներու ծիրէն ներս, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը:
«Համաձայնագիրէն ԱՄՆ-ի միակողմանի դուրս գալը, ինչպէս նաեւ Իրանի նկատմամբ միակողմանի պատժամիջոցներու վերականգնման վերաբերեալ սպառնալիքները կը խախտեն ՄԱԿ-ի համապատասխան որոշումները, բախուած են բոլոր կողմերու անհամաձայնութեան: Մենք յոյսով ենք, որ ամերիկեան կողմը կը կարողանայ անսալ միջազգային հանրակցութեան կոչին եւ կ’ուղղէ իր սխալ գործողութիւնները»,- յայտարարած է Զարիֆը, որուն խօսքը մէջբերուած է Չինաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կայքին մէջ: Զարիֆը ընդգծած է, որ Իրանը պատրաստ է հետագային եւս կատարել համաձայնագիրը եւ անոր համար ջանքեր գործադրել համաձայնագիրի միւս մասնակիցներուն, այդ կարգին՝ Չինաստանի եւ եւրոպական երկիրներուն հետ միասին:
ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփը Մայիս 8-ին յայտարարած էր, որ Ուաշինկթընը դուրս պիտի գայ միջուկային ծրագիրի վերաբերեալ Իրանի հետ համաձայնագիրէն եւ կը վերականգնէ Իրանի դէմ բոլոր պատժամիջոցները, ընդհուպ մինչեւ պատժամիջոցները այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք առեւտրական կապեր ունին Իրանի հետ: «Վեցեակի մնացած անդամները դէմ արտայայտուած են ԱՄՆ-ի այդ քայլին: Ուաշինկթընի եւրոպական գործընկերները յայտարարած են, որ մտադիր են պահպանել Իրանի հետ կնքուած գործարքի պայմանները:
Իրանը եւ միջազգային բանակցորդներու «վեցեակը» 2015 թուականի Յուլիս 14-ին պատմական համաձայնութեան հասած են իրանական բազմամեայ միջուկային հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ: Երկարատեւ բանակցութիւնները աւարտած են Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրի ընդունումով: 2016 թուականի Յունուար 16-ին յայտարարուած է ԳՀՀԾ-ի իրականացումը սկսելու մասին, որուն հաւանութիւն տրուած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւով: Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ աւելի կանուխ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Եւրամիութեան կողմէ Իրանի նկատմամբ սահմանուած տնտեսական ու ֆինանսական պատժամիջոցներու վերացում: Փոխարէնը Թեհրանը պարտաւորուած է սահմանափակել իր միջուկային գործունէութիւնը՝ զայն դնելով միջազգային հսկողութեան ներքոյ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: