Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Քսանամեայ Դադարէ մը Ետք Թել Աւիւի Մէջ Կրկին Հայկական Ֆիլմ Ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան Մասին

ԱՐՏԻՈՄ ՉԵՐՆԱՄՈՐԵԱՆ

 

Երեքշաբթի երեկոյեան Թել Աւիւի «Սինեմատեք»-ի շարժանկարի դահլիճներէն մէկուն մէջ, ուր ամէն տարի տասնեակ միջազգային եւ տեղական նշանակութեան փառատօներ կ’իրականացուին, 20 տարուան դադարէ մը ետք կրկին հայկական ֆիլմ ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։

Հրեայ եւ հայ հանդիսատեսի դատին ներկայացուեցաւ «Փրկութեան Քարտէզ» խաղարկային փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ կը պատմէ 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի համամարդկային ողբերգութիւններուն ժամանակ յառաջացած մարդասիրական շարժումի մասին: Անիկա փաստագրութիւն է Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւրոպացի մարդասէր կանանց կողմէ հայ որբ երեխաներու փրկութեան մասին եւ կառուցուած է միայն իրական փաստերու հիման վրայ: Անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներն էին եւ մազապուրծ եղած հայ երեխաներու եւ կանանց ապաստաններու հիմնադիրները:

Ֆիլմի ցուցադրութիւնը Իսրայէլի մէջ կազմակերպած էին «Արարատ», «Նայիրի» եւ «Նոյեան Տապան» հայկական կազմակերպութիւնները: Նախքան ցուցադրութիւնը, բացման խօսքով հանդէս եկան «Արարատ» միութեան անդամներ՝ դերասանուհի Զառա ու բեմադրիչ Էդուարդ Մարտիրոսեանները:

ԱՄՆ-էն ֆիլմի շնորհանդէսին ժամանած էր մտայղացման հեղինակ եւ արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեան, որ նաեւ իր խօսքով հանդէս եկաւ ու ներկայացուց ֆիլմը: Ցուցադրութենէն ետք հեղինակը պատասխանեց հանդիսատեսը յուզող հարցերուն:

«Այս ֆիլմը փաստաթուղթ է, այստեղ բոլոր նիւթերը զուտ փաստագրական նիւթեր են, եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է տարուի աշխատանք ինչպէս տեղական եւ հայկական կառոյցներու, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Կարեւոր, որ այստեղ ո՛չ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմեր ցուցադրուին, այլ նաեւ մեր մշակոյթը, ընդհանրապէս մեր պատմութիւնը ներկայացնել, ընդհանրապէս մեզ ներկայացնել»,- ըսած է Սարիբէկեան։

Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ իբրեւ թարգմանչուհի աշխատած Թամար Գրինպըրկ ափսոսանք յայտնեց, որ նման ֆիլմեր շատ յաճախակի չեն ցուցադրուիր Իսրայէլի մէջ: Ան ընդգծեց, որ համաձայն է երկրի կեդրոնի հայկական կազմակերպութիւններու յայտարարութեան, որով կոչ եղած էր հրեայ քաղաքական գործիչներուն այլեւս չօգտագործելու Հայկական հարցը թուրքերու դէմ ճնշում գործադրելու համար:

«Վերաբերմունքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետ կապուած նման է փինկ փոնկ խաղի՝ ճանչնանք կամ չճանչնանք, կամ նուէրի նման է՝ նուէր տանք ոեւէ մէկուն ու յետոյ ետ վերցնենք: Ասիկա զզուելի երեւոյթ է, եւ համաձայն եմ հայկական կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք այլեւս չեն ուզեր լսել Իսրայէլի կողմէ տարուող այս քաղաքական խաղերուն մասին»,- ըսաւ Գրինպըրկ:

«Նայիրի» միութեան անդամ ու թարգմանչուհի Շէֆի Մխիթար, որ ֆիլմի եբրայերէն ենթագիրներուն հեղինակն է, տեղեկացուց, որ աւելի քան մէկ ամիս աշխատած է ֆիլմին վրայ, եւ շատ դժուար եղած է իւրաքանչիւր անգամ զգալ այն հոգեկան ապրումներն ու տառապանքը, որ բաժին ինկած էր հայ ժողովուրդին: Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ժխտման առնչութեամբ ան ըսաւ. «Ես կը կարծեմ՝ տարբերութիւն կայ՝ ինչ պետութիւն կ’ըսէ եւ ինչ հասարակ մարդիկ կը խօսին: Կը կարծեմ, որ այս ֆիլմը կը կոտրէ կառավարութեան այդ արգելքն ու շատերուն հնարաւորութիւն կու տայ ճանչնալու եւ ինքնուրոյն որոշում կայացնելու»:

(լուսանկարը՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբեր Հալէպի որբանոցին մէջ, 1916 թուական)

«Ազատութիւն»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին