31 Յուլիսին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի իրաւական յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը:
Յիշեալ դատին թղթածրարը գրեթէ իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մանր յստակացումներէ ու յաւելումներէ ետք, առաւելագոյնը Հոկտեմբերին պիտի ներկայացուի թրքական դատարան:
Յիշեցնենք, որ նոյն դատին թղթածրարը շուրջ երեք տարիներ առաջ ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, որ մերժած էր անոր քննութիւնը՝ ընդառաջելով արդարութեան նախարարութեան թելադրանքին: Ապա, նոյն թղ-թածրարը, շուրջ տարի մը ետք ներկայացուած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան: Այս վերջինը եւս մերժած էր ընդունիլ դատը ու թելադրած՝ դիմել թրքական դատարան:
Իրաւական յանձնախումբին հայեցողութեամբ դատին քննութիւնը մերժող յիշեալ մօտեցումները ըստ էութեան առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունին: Ամէն պարագայի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշած է շարունակել իրաւական այս գործընթացքը մինչեւ արդարութեան յաղթանակը եւ Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: