Ազգային ժողովը, կառավարութիւնն ու գործատուները քննարկեցին համայնքներու համաչափ զարգացման հնարաւորութիւններն ու այնտեղ առկայ խնդիրները:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` «Համայնքներուն մէջ առկայ խնդիրները, տարածքային համաչափ զարգացման հնարաւորութիւնները ՀՀ-ի մէջ» եռակողմ հանդիպումը նախաձեռնած էր Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութիւնը: Քննարկումը վարող ԱԺ փոխնախագահ, Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, Միքայէլ Մելքումեանը նշեց, որ կառավարութեան մէջ արդէն մեկնարկած են 2019-ի պիւտճէի ձեւաւորման առնչուող քննարկումները, եւ պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնել համայնքներու համաչափ զարգացման հարցերուն:
«Գիւղը պէտք է գրաւիչ ըլլայ, ուր պէտք է գործեն թէ՛ մշակոյթի ակումբը, թէ՛ բժշկական հիմնարկութիւն, միջհամայնքային ճամբաները ըլլան բնական վիճակի մէջ, միւս ենթակառուցուածքները նոյնպէս գործեն: Չենք կրնար յատկապէս սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ բնակիչներ կորսնցնել»,- ըսաւ Մելքումեանը:
Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանը համայնքներու զարգացման խնդիրներու 20 կէտ առանձնացուց, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերէր ընտրութիւններուն:
«Համայնքներու խնդիրները կու գան ընտրութիւններէն. առաջնայինը կուսակցական շահն է: Քանի որ իշխանութիւնները այնպիսի երեւոյթ ստեղծած, որ համայնքի ղեկավարները առանց մտահոգութեան ձգտած են պետական դրամական յատկացումներ ստանալ (որոնք կը հասնին 80%-ի), ունեցած են ուռճացուած ծախսեր եւ ոչ թէ սեփական պիւտճէն ձեւաւորած են»,- նշեց Մակարեանը:
Գագիկ Մակարեանի խօսքով` համայնքներուն մէջ աշխատանքի ներգրաւուածութեան խնդիր կայ, որուն պատճառով ամէն տարի շուրջ 30 000 բնակիչ կը մեկնի արտագնաց աշխատանքի:
«Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանը նշեց, որ այլեւս կարելի չէ ուշացնել համայքներու խնդիրներու լուծումը, ինչ որ պէտք է ոչ միօրինակ բնոյթ ունենայ: Պատգամաւորի խօսքով` մարզերու՝ Երեւանէն այսքան ետ ըլլալը լուրջ խնդիր է:
«Պէտք է համարձակ քայլերու դիմենք: Պէտք է 1000-էն պակաս բնակիչներ ունեցող գիւղերուն հարկային լուրջ արտօնութիւն տանք եւ չվախնանք այդ բանէն: Անընդհատ մտավախութիւն ունեցած ենք, որ անիկա չարաշահումներու տեղիք կու տայ, բայց ա՛լ պէտք չէ մտահոգուիլ»,- ըսաւ Բագրատեանը:
Ան նշեց նաեւ, որ պէտք է զբօսաշրջիկներուն ուղղորդել դէպի գիւղեր` հայկական մշակոյթին ծանօթանալու, իսկ քաղաքացիներուն` այնտեղ ապրելու: Այսպէս կը լուծուի նաեւ քաղաքներու բեռնաթափման հարցը:
«Եթէ պզտիկ մարզի մէջ 600-էն աւելի եկեղեցի ունինք, ապա կարեւոր է, որ աւանդոյթներու մշակոյթը դրուի զբօսաշրջութեան մէջ, եւ առասպելները, զորս ունինք, մշակութային ձեւակերպում ստանան: Պէտք է բանաձեւ մշակենք՝ «Քայլ դէպի գիւղ»: Եթէ գեղեցիկ մշակոյթ ձեւակերպենք, քաղաքաբնակները կը ցանկան քաղաքի չարքաշ կեանքէն ազատիլ, երթալ գիւղ եւ այդտեղ ապրիլ»,- նշեց Բագրատեանը:
ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ Խոսրով Յարութիւնեան կ’առաջարկէ առաջին հերթին գիւղացիներու համար նիւթական ու ոչ նիւթական անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել:
«Վայոց ձորի համայնքներուն մէջ կին մը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Անիծուի այն օրը, երբ ես այդ գիւղը ծնայ»: Սա ամենամեծ խնդիրն է մեզի համար»,- ըսաւ Յարութիւնեանը:
Հանդիպումի աւարտին Միքայէլ Մելքումեանը նշեց, որ քննարկուած բոլոր հարցերը մաս-մաս կը փորձեն բարձրացնել ԱԺ-ի համապատասխան յանձնաժողովներուն մէջ, իսկ յաջորդ քննարկումի թեման կ’ըլլայ արդիւնաբերութիւնը: ԱԺ փոխնախագահի խօսքով` նմանատիպ հանդիպումները թոյլ կու տան աշխուժացնելու ԱԺ-կառավարութիւն-հասարակական կազմակերպութիւններ համագործակցութիւնը: