Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են տարբեր ոլորտներու մէջ մենաշնորհային դիրք ունեցող ընկերութիւններու գործունէութեան ընթացքին տեղ գտած չարաշահումներու կանխարգիլման, արդար եւ բարեխիղճ մրցակցութեան ապահովման ուղղուած հարցեր: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Այսօրուայ մեր քննարկման թեման լինելու է այն, ինչը Հայաստանի Հանրապետութիւնում յայտնի է որպէս մենաշնորհ: Մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը հետեւեալն է. մենք մտադիր ենք Հայաստանում հաստատել ներառող տնտեսական համակարգ: Ի՞նչ է սա նշանակում. սա նշանակում է, որ արձանագրում ենք իրողութիւն, ըստ որի՝ մինչեւ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանում վարչական որոշումներով իրականացուել է որոշակի տնտեսական գործունէութիւն, եւ այդ ոլորտներում գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւնները բաշխուած են եղել սահմանափակ թուով մարդկանց միջեւ: Ներառող տնտեսական համակարգ ասելով մենք նկատի ենք ունենում այն, որ նախկինում այդ ոլորտներում ընդգրկուած մարդիկ ոչ թէ չպէտք է այլեւս հնարաւորութիւն ունենան տուեալ ոլորտներում ծաւալելու գործունէութիւն, այլ հակառակը, գործունէութեան այն հատուածը, որոնք նրանց վերապահուել են իշխանական որոշումներով, պէտք է, այսպէս ասած, ազատականացուի եւ այդ մարդիկ նոյնպէս ու բոլոր նրանք, ովքեր ցանկութիւն ունեն՝ այդ ոլորտներում գործունէութիւն ծաւալեն: Իհարկէ, միանշանակ է, որ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակից յետոյ Հայաստանում այսպիսի իրավիճակ ստեղծելու համար քաղաքական որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի եւ քաղաքական խոչընդոտներն այլեւս վերացուած են, ներառող համակարգ ունենալու բոլոր պայմանները ստեղծուած են: Կարծում եմ՝ մենք ժամանակ առ ժամանակ պէտք է իրավիճակը մոնիթորինգի ենթարկենք՝ հասկանալու համար, թէ հանրութեան շրջանում որպէս մենաշնորհուած ոլորտներ յայտնի տիրոյթներում ինչ է կատարուում, արդեօք այնտեղ իրավիճակի փոփոխութիւն ունենք, թէ՝ ոչ, եւ եթէ չունենք իրավիճակի փոփոխութիւն՝ ի՞նչ միջոցներ պէտք է ձեռնարկենք, որպէսզի իսկապէս կարողանանք ապահովել իրական տնտեսական մրցակցութիւն, շուկաների հասանելիութիւն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Շաբոյեանը մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացուցած է վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող գործընթացներու, մենաշնորհային համարուած շուկաներու մէջ առկայ իրավիճակին մասին: Այդ առումով, ՏՄՊՊՀ նախագահը անդրադարձած է շաքարաւազի, պենզինի եւ պանանի շուկաներու մէջ գրանցուած զարգացումներուն: Մասնաւորապէս, ան զեկուցած է, որ մինչեւ վերջերս Հայաստանի մէջ շաքարաւազի հիմնական ապահովողը եղած է մէկ ընկերութիւն, սակայն վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին շաքարաւազ ներմուծող տնտեսվարող ընկերութիւններն ու շաքարաւազի ներկրման խմբաքանակները էապես աւելցած են: Ոլորտին մէջ ստեղծուած մրցակցութեան արդիւնքով տեղի կ’ունենայ շաքարաւազի գինի նուազում: Ներկայ դրութեամբ շաքարաւազի մէկ քիլոկրամը կ’արժէ 285 դրամ՝ տարեսկիզբի 390 դրամի փոխարէն, այսինքն՝ գինը նուազած է 16 տոկոսով:
Անդրադառնալով պենզինի եւ վառելանիւթի ոլորտին՝ ՏՄՄՊՀ նախագահը տեղեկացուցած է, որ այստեղ կը գործեն 3-4 մեծ ընկերութիւններ, եւ ներկայ դրութեամբ որեւէ արգելք չկայ ու ոեւէ տնտեսվարող կրնայ ներկրում իրականացնել: Ըստ Արտակ Շաբոյեանի՝ այս ոլորտին մէջ շուկայ մուտք գործող ընկերութիւններուն համար հիմնական խնդիրը կապուած է ենթակառուցուածքներու հետ՝ պենզինն ու վառելանիւթը իւրացնելու առումով: ՏՄՊՊՀ նախագահի խօսքով՝ շուկային մէջ առկայ է նաեւ թերլցումներու խնդիր, ինչը կը յառաջացնէ մրցակցային անհաւասար պայմաններ:
Անդրադառնալով պանանի շուկային՝ ՏՄՊՊՀ նախագահը ընդգծած է, որ մինչեւ վերջերս շուկայի 90 տոկոսը կը պատկանէր մէկ ընկերութեան եւ անոր կապակցուած ընկերութիւններուն: Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին էապէս աւելցած է նաեւ պանան ներմուծող ընկերութիւններու եւ ներմուծման խմբաքանակներու թիւը: Այս իրողութեան արդիւնքով՝ պանանի գինը Հայաստանի մէջ նուազած է առնուազն երկու անգամ եւ այսօր կ’արժէ 480 դրամ: Արտակ Շաբոյեանը նշած է, որ ՏՄՊՊՀ-ն պիտի շարունակէ այս ոլորտին մէջ ուսումնասիրութիւնները՝ հակամրցակցային հաւանական գործողութիւնները վեր հանելու նպատակով:
Ներկայացուած տեղեկութիւններուն շուրջ տեղի ունեցած է միտքերու շահագրգիռ փոխանակութիւն, ներկայացուած են տարբեր առաջարկներ՝ ընդհուպ մինչեւ օրէնսդրական կարգաւորումներու միջոցով մենաշնորհներու դէմ պայքարելու եւ մրցակցային ազատ պայմաններ ապահովելու վերաբերեալ:
Վարչապետ Փաշինեան պատասխանատուներուն յանձնարարած է ներկայացուած առաջարկները անգամ մը եւս քննարկել, գալ յստակ եզրակացութիւններու եւ արդիւնքները ներկայացնել իրեն: Ամփոփելով՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է. «Մենք պէտք է մենաշնորհներ եւ գերիշխող դիրքի չարաշահման դէպքեր չունենանք, անկախ նրանից, թէ ինչ գործիքով մենք դա կ’անենք: Մեր խնդիրն է, որ չլինեն շուկայի հասանելիութեան խնդիրներ: Մենք յայտարարութիւն անելիս նախ պէտք է ուսումնասիրենք՝ կարգաւորումներն իրական կեանքում գործում են, թէ՞ յայտարարութիւնները կրկին շարունակում են լինել մի հարթութեան մէջ, իսկ իրականութիւնը՝ մէկ այլ: Այստեղ ակնկալում եմ Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի, Պետական եկամուտների կոմիտէի եւ, ընդհանրապէս, կառավարութեան շահագրգիռ գերատեսչութիւնների ակտիւ համագործակցութիւնը»: