Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակութային Գանձարաններուն Մէջ – ԽԶ – Զբօսաշրջութիւնը Ազգերու Մշակոյթներու Շփման Գիտութիւնն Է <<Մաչանենց Թուրիզմ Եւ Արթ>> Ընկերային Ձեռնարկութիւն

*ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Կայ մի աշխարհ մեր աշխարհում`ինձ հարազատ, ձեզ անծանօթ:  Ուր էլ լինեմ `կանչում է նա հազար ձայնով ու սրտագին,Ապրում է նա իմ հոգու մէջ իբրեւ անբառ, յամր կարօտ, Իբրեւ լեգենդ դեռ չգրուած , իբրեւ մի երգ անսրբագիր:

Այդ աշխարհում կան սէգ լեռներ, որ վիթխարի բուրգերի պէս  Բարձրանում են ու մխրճուում ամպերի մէջ հրակարմիր, Եւ քարափներ, որոնց վրայ հին օրերի կուռքերի պէս Մութ ժայռերն են արձանանում`ցլագլուխ-ձիամարմին:

Այնտեղ լերան լերկ լանջերին, սալ քարերի արանքներում Արեգակն է փշրում իրեն ծիածանուող հայելու պէս Գարնանային մոլուցքի մեջ` գետն այլեւս չի համբերում      Եւ պոկելով արմատներից հին բարդենուն խաղաղ ու վէս,                                 Գերեվարած դրօշի պէս ցոյց է տալիս ափերում: 

Պարոյր Սեւակ 

Հայաստանի հոգեւոր մայրաքաղաք Էջմիածինի Բալենիներու փողոցի գողտրիկ անկիւնը կը գտնուի Մաչանենց տւնը: «Հայ միասնութեան խաչ» (ՀՄԽ) բարեգործական մշակութային  հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Գրիգոր Մաչանենց Բաբախանեանը 2010 թուականին հիմնադրեց «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ» ընկերային ձեռնարկութիւնը:

Մաչանենց անուան ծագումը կու գայ Խոյի բարբառի մաչ-պաչ արմատէն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ համբոյր: Այստեղ կը գործէ արուեստանոց, ազգային խոհանոցի դպրոց, թատրոն աշխատանոց եւ նմանը չունեցող «բնիկ մարզային կեդրոն»: Այստեղ կը գործէ նաեւ մանկական պատկերասրահ: Մեր ընթերցողը եթէ կը ցանկայ, կրնայ այցելել նաեւ արուեստագէտ Գրիգոր Մաչանենցին, գեղանկարիչ Ընծային եւ «Մաչանենց» միջազգային արուեստի պատկերասրահներ, յուշանուէրներու սրահ, աշխարհի վրայ միակ Համաշխարհային բանաստեղծներու գինետուն եւ «Սրտի ձայներ» թանգարան:   

Վերը նշուածին աւելցնենք նաեւ, որ «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ»-ը կ’առաջարկէ հիւրընկալութիւններու, վարպետութեան դասերու, գիշերակացի, մշակութային ժամանցի ծառայութիւն:

Շարունակելով «Զարթօնք»-ի հերթական պտոյտը՝ մենք յայտնուեցանք Մաչանենց տունը: Մեր զրուցակիցն է «Հայ միասնութեան խաչ» բարեգործական մշակութային հասարակական կազմակերպութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Տաթեւ Խանոյեանը:

«Զ.» – Տաթեւ, կ’ըսէ՞ք՝ ի՛նչ նպատակով հիմնադրուած է «Հայ միասնութեան խաչ» բարեգործական մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը:

«Տ. Խ.» – «Հայ միասնութեան խաչ» բարեգործական մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը (ՀՄԽ) հիմնադրուած է 1987-ին խումբ մը գաղափարակից անձերու կողմէ, որոնք սկսան փոքր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ հասարակական կեանքի մէջ՝ հոգատարութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելով խոցելի խումբի բազմաթիւ երեխաներու: 1991-ին ՀՄԽ-ն գրանցուեցաւ պաշտօնապէս` դառնալով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակական առաջին կազմակերպութիւններից մէկը: ՀՄԽ-ն մշտապէս առաջնային համարած է կրթութեան եւ մշակոյթի դերը աճող սերունդի զարգացման եւ կայացման գործին մէջ, իր գործունէութեան ընթացքին իրականացուցած է կրթական, մշակութային, ընկերային, իրազեկման բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են շահառուներու եւ անոնց ընտանիքներու բարօրութեան, զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման՝ այդ գործընթացին մասնակից դարձնելով նաեւ երեխաներու ընտանիքներն ու համայնքի անդամները, ինչ որ կը նպաստէ ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

2003 թուականէն ՀՄԽ-ն որդեգրած է «Կրթութիւն արուեստի միջոցով» մեթոտը եւ կը նախատեսէ շարունակել այս մեթոտի կիրառումը` կատարելագործելով եւ ընդլայնելով գործունէութեան շրջանակները: Կարեւորելով երեխայի անհատականութեան դրսեւորման եւ զարգացման գործընթացը, ՀՄԽ-ն իր սաներուն  կը ցանկայ տեսնել ոչ միայն որպէս արուեստի կամ արհեստի մէջ մասնագիտացած մարդ, այլեւ քաղաքացիական աշխոյժ դիրքորոշում ունեցող, պատասխանատու եւ իրազեկ քաղաքացի: Մեր առաքելութիւնն է աջակցիլ քաղաքացիական աշխոյժ դիրքորոշում ունեցող, կիրթ, իրազեկ, հայրենասէր, ազգային եւ համամարդկային արժէքներ կրող քաղաքացիի ձեւաւորման եւ իր ընկերային վիճակի բարելաւման՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով խոցելի խումբերուն, ինչպէս նաեւ նպաստել հայրենիքի եւ սփիւռքի գործուն կապի ամրապնդման:

«Զ.» -Որո՞ւ նախաձեռնութեամբ եւ ի՞նչ առաքելութեամբ հիմնադրուած է «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ» ընկերային ձեռնարկութիւնը: Ուրկէ՞ ծագած է <<Մաչանենց>> անուանումը եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի անիկա:

«Տ. Խ.» – «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ»-ը «Հայ միասնութեան խաչ» բարեգործական մշակութային հասարակական կազմակերպութեան ընկերային ձեռնարկութիւնն է, որ ստեղծուած է կազմակերպութեան ինքնաբաւութիւնը ապահովելու համար։ Անիկա ունի ընդգծուած ընկերային ուղղուածութիւն, քանի որ աշխատանքներուն մէջ ներգաւած է խոցելի խումբերու երիտասարդները, միեւնոյն ժամանակ ուղղելով իր եկամուտը ընկերային այլ խնդիրներու լուծման (մշակութային սրահներու, դպրոցի կառուցում եւ պահպանում):

«Մաչանենց» անուանումը կը ծագի կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Գրիգոր Մաչանենց Բաբախանեանի պապի անունէն, որ գիւղին մէջ յայտնի եղած է որպէս համբուրուիլը սիրող մարդ։ «Մաչ» բառը Խոյի բարբառով կը նշանակէ համբոյր։

«Զ.» -Ի՞նչ ծառայութիւններ կ’առաջարկէ <<Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ>>-ը:

«Տ. Խ.» – «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ»-ի մէջ կրնաք վայելել հայկական աւանդական եւ «Մաչանենց» խոհանոցի կերակրատեսակներ։ Ձեր մշակութային հանգիստը կրնաք անցընել հիւրատունը կամ արուեստի հիւրանոցը։ «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ»-ը նաեւ կ’առաջարկէ վարպետաց դասեր՝ կաւագործութեան, գորգագործութեան, նկարչութեան, տիկնիկագործութեան, գինիի պատրաստման, ազգային խոհանոցէն կ’առաջարկէ աւանդական շաքար-չորակիի, տոլմայի, թոնիրի լաւաշի թխման վարպետաց դասեր։

«Զ.» -Ի՞նչ կարելի է տեսնել <<Մաչանենց>>, <<Խեցեգործութիւն>>, <<Սրտի ձայներ>> եւ <<Համաշխարհային բանաստեղծներու գինետուն>> թանգարաններուն մէջ:

«Տ. Խ.» – «Մաչանենց» թանգարանը հիմնադրուած է 2000-ին: Անիկա Գրիգոր Մաչանենց Բաբախանեանի անձնական հաւաքածոն է, որ հաւաքուած է 30 տարիներու ընթացքին: Ցուցադրուած են տարբեր ժամանակաշրջաններու հայկական կենցաղավարման նմոյշներ եւ մշակութային արժէք ներկայացնող իրեր:

Խեցեգործութեան թանգարանը հիմնադրուած է 2015-ին: Թանգարանին մէջ առկայ են Հայաստանի տարբեր տարածաշրջաններու կաւէ հազարամեայ նմոյշներու կրկնօրինակներ:

Սրտի ձայներու թանգարանը հիմնադրուած է 2015-ին: Այցելուն այստեղ կրնայ ձայնագրել իր սրտի ձայնը, որպէսզի գալիք սերունդները լսեն զայն: Թանգարանի նպատակն է ապահովել սերունդներու միջեւ կապը:

Համաշխարհային բանաստեղծներու գինետունը թանգարան է, ուր այցելուն հնարաւորութիւն ունի ծանօթանալու գինիի ստեղծման պատմութեան: Սրահի աթոռները ունին մագաղաթի տեսք, որոնց ետեւ կրնաք կարդալ բանաստեղծութիւններ գինիի մասին՝ գրուած համաշխարհային բանաստեղծներու կողմէ։ Այստեղ կայ նաեւ մառան, ուր կը պահուին մեր պատրաստած գինիներն ու օղին: Սեղանները կիրառական կպչարուեստեր են, որոնց հեղինակը Գրիգոր Մարչանենցն է: Սեղաններու ոտքերը նոյնպէս կ’օգտագործուին գինի պահելու համար: Մեր հիւրերը կը գնեն իրենց գինին եւ կը պահեն սեղանի ոտքին մէջ: Անոնք կրնան վերադառնալ տարիներ անց եւ խմել իրենց գինին: Իւրաքանչիւր սեղան ունի իր անուանումը.

Այգեպանի յիշատակին. պէտք է միշտ յիշել այգեպանը եւ իր կատարած քրտնաջան աշխատանքը, քանի որ եթէ չ’ըլլար այգեպանը, չմշակեր խաղող, մենք չէինք խմեր այս կախարդական ըմպելիքը:

Ազատութեան գինի.

Նոյ նահապետի յիշատակին. Գ. Մաչանենցը հող լեցուցած է սեղանին մէջ, որպէսզի այստեղ նստող իւրաքաչիւր մարդ, անկախ հասարակութեան մէջ զբաղեցուցած իր դիրքէն, յիշէ՛, որ հողէն ստեղծուած է եւ օր մը նորէն հող պիտի դառնայ եւ պէտք է ապրի արժանապատիւ կեանքով:

 Հայոց/ Մաչանենց գինի.

Գինիին զսպաշապիկ մի՛ հագցնէք. գինին, ինչպէս եւ մարդ արարածը, ազատութիւն կը սիրէ:

Ամպերու օղի

Այստեղ կը գտնուի նաեւ «Հայը եւ գինին» թանգարանը, ուր ներկայացուած են օտար աղբիւրներէ տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ հայերը գինեգործութեամբ զբաղած են 6000 տարի առաջ:

«Մաչանենց» պատկերասրահ

Այստեղ ցուցադրուած են «Մաչանենց» միջազգային արուեստի ամէնամեայ գիտաժողովի մասնակիցներու աշխատանքները: Գիտաժողովի նպատակն է հայ եւ օտարերկրացի արուեստագէտներուն հնարաւորութիւն ընձեռել ծանօթանալու եւ փոխանակուելու փորձով, համալրել Էջմիածին քաղաքին մէջ ստեղծուած միջազգային արուեստի պատկերասրահի հաւաքածոն՝ նպաստելով միջմշակութային երկխօսութեան: Մասնակիցները գիտաժողովի ընթացքին կը ծանօթանան հայ մշակոյթին, ականատես կ’ըլլան խաչքարագործի, կաւագործի, գորգագործի, քանդակագործի եւ նկարիչի աշխատանքներուն։

Այս տարի գիտաժողովը նուիրուած է գինիի արարման: Նոյ Նահապետը ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթատունկը: Այստեղ կը գտնուի Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Էջմիածին քաղաքը, ուր տեղի կ’ունենայ գիտաժողովը: Գիտաժողովի առաջին օրը արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, աւանդական եղանակով կը պատրաստուի գինի եւ կը հիմնուի «Աշխարհի արուեստագէտներու գինիի թանգարան»:

«Զ.» ՞նչպէս կը կազմակերպուի մշակութային ժամանցը <<Մաչանենց>>-ի մէջ: Ի՞նչ կարելի է ձեռք բերել յուշանուէրներու սրահէն: Եւ ի՞նչ թեմայական սրահներ ունի Մաչանենց հիւրատունը:

«Տ. Խ.» – «Մաչանենց տունը» մշակութային ժամանցը կը կազմակերպուի վարպետաց դասերու, աւանդական երգ ու պարի, զբօսարշաւի եւ այլ ծառայութիւններու միջոցով։ Յուշանուէրներու սրահէն կրնաք գնել ձեռքով պատրաստուած իւրայատուկ աշխատանքներ, գորգեր։ Վաճառքէն ստացուած հասոյթը կը տրամադրուի «Հայ միասնութեան խաչ» ԲՄՀԿ-ի բարեգործական ծրագիրներուն։

Մշակութային շրջագայութենէն ետք Ձեր նախընտրած սրահին մէջ կրնաք վայելել հայկական աւանդական խոհանոցի ճաշատեսակները, սորվիլ անոնց պատրաստման եղանակը, մասնակից դառնալ հնամեայ հնձանի մէջ աւանդական եղանակով «Մաչանենց» գինիի պատրաստման արարողութեան, հազարաշէն երդիկով թոնրատան մէջ մասնակցիլ անուշաբոյր լաւաշի թխման։

«Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ»-ի մէջ կը գործէ 2 հիւրանոցային համալիր՝ «Մաչանենց հիւրատունը» եւ «Մաչանենց արթ հիւրանոցը»։ Մաչանենց հիւրատան մէջ կը գործէ 7 անուանական սենեակ՝ «Պոէտ», «Ադամ եւ Եւա», «Լուսանկարիչ», «Խոհարար», «Ազգային հագուստ», «Նոյը եւ Գինին», «Նկարիչ»։

«Մաչանենց արթ հիւրանոց»-ը ունի 5 անուանական սենեակ՝ «Միջնաբերդ», «Սիրոյ Բանալի», «Խրճիթ», «Մանկութեան ցանկապատ», «Երիցուկներ»։

«Զ.» -Որո՞նք են <<Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ>>-ի բարեկամներն ու բարերարները: Ի՞նչ կազմակերպութիւններու հետ կը համագործակցիք:

«Տ. Խ.» – «Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ»-ի գլխաւոր գործընկերն է «Հայ միասնութեան խաչ»-ը, որուն միջոցով կ’իրականացուին հայապահպանութեան, կրթական, մշակութային, ընկերային ծրագիրներ: Անիկա կը համագործակցի նաեւ տեղական եւ միջազգային զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու հետ։

«Զ.» ՞նչ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ <<Մաչանենց տունը>> զբօսաշրջիկներու համար: Տարեկան քանի՞ զբօսաշրջիկ այցելու կ»ունենաք: Ո՞ր երկիրներէն աւելի շատ կ»այցելեն:

«Տ. Խ.» –  «Մաչանենց» տունը մշակութային իւրայատուկ համալիր է, ուր զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու հայ բազմադարեան մշակոյթին: «Մաչանենց» տունը տարեկան կ’այցելէ աւելի քան 20 000 զբօսաշրջիկ՝ աշխարհի տարբեր ծայրերէն։ Աւելի յաճախ կ’այցելեն Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Լիբանանէն, ԱՄՆ-էն եւ Հարաւային Քորէայէն։

«Զ.» ՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:

«Տ. Խ.» – «Հայ միասնութեան խաչ»-ը ստեղծման օրէն սերտ համագործակցութիւն ունի սփիւռքահայ գաղթօճախներուն հետ՝ տարբեր համայնքներու մէջ կազմակերպելով մշակութային ձեռնարկներ (համերգներ, թատերախաղեր, ցուցահանդէսներ), ներկայացնելով հայ մշակոյթը, կարեւորելով մշակոյթի համաշխարհային պատերազմին հայ մշակոյթի զօրագունդի առկայութիւնը եւ գիտակցելով, որ առանց մշակոյթի չկայ նաեւ հայ ազգ:

«Զ.» -Կը պատահի, որ գրողի գրիչը ի վիճակի չէ նկարագրելու, եւ մենք ստիպուած ենք  մնացածը յանձնել ընթերցողի երեւակայութեան:  <<Մաչանենց թուրիզմ եւ արթ>> կեդրոնը այդ դէպքերէն մէկն է: Յիշեցնեմ, որ <<Մաչանենց տունը>> կը գտնուի Հայաստանի հոգեւոր մայրաքաղաք Էջմիածինի Բալենիներու փողոցի գողտրիկ անկիւնը:

Հեռ (+374 98) 665 300, (+374 93) 101 214

Էլ հասցէ` info@mta.am

Կայքէջ` www.mta.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին