Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ժայռերու Քաղաք Գորիսը՝ Մշակութային Մայրաքաղաք

*ԱՐՄԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ*

2017-ի Հոկտեմբեր 11-ին ԱՊՀ երկիրներու պետութիւններու ղեկավարներուն՝ Սոչիի մէջ կայացած խորհուրդի նիստի ժամանակ Գորիսը հռչակուեցաւ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք: Միջպետական ծրագիրի հանդիսաւոր բացումն ու մեկնարկի միջոցառումները տեղի ունեցան Յուլիս 7-ին եւ 8-ին: Միջոցառումներուն միացած էին բազմաթիւ հիւրեր Երեւանէն եւ ԱՊՀ երկիրներէն:

 

«Այս յուշարձանը կ’ամբողջացնէ ժայռերու քաղաքի առանձնայատկութիւնը»«

Երեւան-Գորիս մայրուղիի մուտքը խորհրդանշող «Զանգեր» յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ մեկնարկեց «Գորիսը 2018 թուականի մայրաքաղաք» միջպետական ծրագիրը։ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալ Մենուա Յովսէփեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Գորիսը ունի հարուստ պատմութիւն, այս յուշարձանը կ’ամբողջացնէ ժայռերու քաղաքի առանձնայատկութիւնը. «Կառոյցը առանձնայատուկ է նաեւ անով, որ համայնքի եւ Գորիսի համայնքապետարանի համատեղ ջանքերով ու ներդրումներով իրականացուած են վերականգնման աշխատանքները»: Կառոյցի ճարտարապետը Սեւադա Զաքարեանն է: «Զանգերու» քարերը բերուած են Իշխանասարի փէշերէն: Կառոյցին դիմաց գտնուող սարին վրայ կայ դիտակէտ, որ, հաւանաբար, պատրաստ կ’ըլլայ աշնան:

 

«Art Expo»՝ մշակութային քաղաքին մէջ

Գրիգոր Տաթեւացիի հրապարակին մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Art Expo» ծրագիրի արհեստագործութեան եւ ձեռարուեստի ցուցադրութիւն-տօնավաճառը։ Ծրագիրին մասնակից երկիրներու տաղաւարներուն մէջ ներկայացուեցաւ ձեռարուեստի աւանդական ու հարուստ տեսականի՝ տոհմածառ, տարազներ, գեղազարդային բոյսեր, նոյնիսկ անուշեղէն: Ծրագիրին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էին ԱՊՀ երկիրներու պաշտօնական եւ ստեղծագործական պատուիրակութիւններ։

 

Հին ու նոր Գորիսը լուսանկարներու մէջ

Գորիսի Տաթեւացիի անուան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հին ու նոր Գորիս» գիրք-ալպոմի (ռուսերէն, անգլերէն) շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ ներկայացուած են հին Գորիսի պատմամշակութային արժէքները, անոր ստեղծման պատմութիւնը, գորիսեցիները, անոնց տարազը, արուեստը։ Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ «Նահապետ» հրատարակչութեան տնօրէն, գիրքի հեղինակ Սեն Յովհաննիսեանը: «Գորիսը ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի մէջ մեծ տեղ ունի, բայց կ’ափսոսամ, որ խորապէս չէ ուսումնասիրուած: Կան հրաշալի աշխատութիւններ, սակայն իմ ուշադրութիւնս գրաւեց մշակութային ժառանգութիւնը, որ առանձին գիրքով չէ հրատարակուած»:
Սեն Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ բացառիկ են յատկապէս Գուրոսի՝ 30-ականներուն առած լուսանկարները: Իր կարծիքով՝ Գորիսի մէջ պէտք է ըլլայ լուսանկարչական թանգարան, ուր կը ներկայացուին Գուրոսի աշխատանքները:

«Հին ու նոր Գորիսը» տպագրուած է 1000 օրինակով, նախատեսուած է հիմնականը հիւրերուն համար: Գիրքի հեղինակը նշեց, որ եռալեզու ըլլալու պարագային շատ կը ծանրաբեռնուէր եւ բնականաբար քիչ տեղեկութիւն կ’ընդգրկէր: Գիրքը լոյս ընծայած է «Նահապետ» հրատարակչութիւնը:

 

Հնամենի քարանձաւը՝ արուեստանոցը

Հին Գորիսի՝ Կիորեսի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռագործութեան փառատօն: Ներկայացուեցան բնական թելերով գործուած գորգեր, պայուսակներ, տիկնիկներ, գուլպաներ, բարձեր:

Միջոցառումին հիւրերը ականատես եղան, թէ ի՛նչպէս գորիսեցի կանայք թել կը մանեն, բուրդ կը չփխեն: Հին Գորիսի քարայրային այս տարածքին մէջ «Կիորես» բեմադրութեամբ ներկայացան Վաղարշեանի անուան դրամատիկական թատրոնի դերասանները: Ժայռափոր այդ կացարանները ժամանակին բնակատեղի եղած են գորիսեցիներուն համար: Այս մասին «Իրատեսի» հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Գորիսի պատկերասրահի տնօրէն, նկարիչներու միութեան Սիւնիքի մասնաճիւղի նախագահ Ժիրայր Մարտիրոսեանը, որ հին Գորիսի հնամենի քարանձաւը վերածած է արուեստանոցի, աւելի ուշ՝ թանգարանի: Նկարիչի հաւաքած վեց տասնեակ ցուցանմուշները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս ապրած են այստեղ մարդիկ 100-150 տարի առաջ: Նկարիչը այցելուներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ քարանձաւի պատերէն կախուած սպիտակ սարդերուն վրայ ու կ’ըսէ, որ անոնց սպիտակութեան պատճառը այն է, որ անոնք արեւի երես չեն տեսած: Ժիրայր Մարտիրոսեան կ’աւելցնէ. «Պետական մօտեցումի խնդիր կայ, տարածքը պահպանման խնդիր ունի: Այս ժայռերը, քարանձաւը Աստուած տուած է Գորիսին, հետեւաբար մենք պէտք է կարենանք զանոնք պահպանել»:

Մութ, անձեռակերտ քարանձաւի պատերէն կախուած էին նկարիչին գունագեղ, լուսաւոր աշխատանքները: Գրեթէ բոլոր նկարներուն մէջ Գորիսն է:

 

Սերօ Խանզադեանի նորաբաց տունթանգարանն ու սրճարանգրադարանը

«Գորիսը՝ 2018-ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք» միջոցառումներու ծիրէն ներս Գորիսի մէջ բացուեցաւ Սերօ Խանզադեանի տուն-թանգարանը։ Թանգարանի տարածքին պիտի գործէ նաեւ սրճարան-գրադարան: Գիրքերուն մեծ մասը նուիրած է Հայաստանի ազգային գրադարանը:

«Սրճարան-գրադարան համադրութիւնը հաճելի միջավայր կը ստեղծէ, մարդիկ կու գան ընտանիքներով, թէյ, սուրճ կը խմեն, գիրք կը կարդան, երեխաները կը հաղորդակցուին գիրքերու հետ: Այս ձեւաչափը ամբողջ աշխարհի մէջ ընդունուած է»,-  զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զաքարեանը:

«Կա՞ր գրադարանի անհրաժեշտութիւն» հարցին ի պատասխան ըսաւ, որ եթէ մենք խնդիրը չբարձրաձայնենք, կը թուի, թէ չկայ. «Գիրքը չկայ, ընթերցող չկայ, բայց երբ գիրքը կը յայտնուի, կը պարզուի, որ ընթերցող ալ կայ, պահանջարկ ալ: Պետական ատեանները եւ գրադարանավարները պէտք է այդ միջավայրը ստեղծեն, ընթերցողները, վստահ եղէք, շատ արագ կը յայտնուին»: Անդրադառնալով մեր դիտարկումին, թէ գրադարանները հիմնականօրէն չեն համալրուիր թանկ ու լաւ գիրքերով՝ ըսաւ, որ Ազգային գրադարանին մէջ այդ խնդիրը չկայ, որովհետեւ պարտադիր օրինակ կը ստանան, իսկ այստեղ գրադարանը կը գտնուի համայնքապետարանի ենթակայութեան տակ, քաղաքապետարանը պէտք է որոշ գումար յատկացնէ պիւտճէէն, որպէսզի գիրք գնեն: Բայց գրքափոխանակութեան ժամանակ, ի հարկէ, գիրքեր կը նուիրեն: Խօսելով տօնական եռուզեռի մասին՝ ըսաւ` ԱՊՀ երկիրներու մշակութային շատ ու շատ գործիչներ կը գտնուին Գորիս, կը ծանօթանան Սիւնեաց աշխարհի պատմութեան, մշակոյթին, պատմական յուշարձաններուն: Շփումներէն հասկցած է, որ բոլոր հիւրերը տպաւորուած են:

 

Սաթեաններուն Նուիրուած Երեկոյ Գորիսի Մէջ

Երաժշտահաններու միութեան նախագահ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արամ Սաթեանը միջպետական ծրագիրի հիւրերու շարքին էր: Գորիսի հետ իր կապը շատ հեռուէն կու գայ: Պապերը Զանգեզուրէն են, թէեւ ոչ ինքը, ոչ հայրը Գորիս կամ Խնձորեսք ծնած են, սակայն կապը միշտ պահած են: Ան կ’ըսէ, որ օդը, ջուրը շատ մեծ նշանակութիւն ունին, հօր` Արամ Սաթունցի եւ հօրեղբօր՝ Աշոտ Սաթեանի երաժշտութեան մէջ նոյնպէս կ’արտացոլուի սարեցիի ներքին ուժը:

Երկու եղբայրներու անուանումով երաժշտական դպրոցներ կը գործեն Գորիսի եւ Խնձորեսքի մէջ: Աշոտ Սաթեանի անունով նաեւ փողոց կայ Գորիսի մէջ:
«Ես դեռ 18 տարեկան էի, երբ աւարտեցի երաժշտական ուսումնարանն ու երաժշտանոց ընդունուեցայ: Հայրս ըսաւ` պիտի երթաս Աշոտ Սաթեանի դպրոցը աշխատիս ու զայն բարձրացնես: Անիկա իմ առաջին դասաւանդման վայրս էր,- ըսաւ ԿՄ նախագահը։ Իր տեղեկացմամբ՝ Յուլիս 27-ին Գորիսի մէջ կը կայանայ Սաթեաններուն նուիրուած երեկոյ, կը հնչեն Աշոտ Սաթեանի, Արամ Սաթունցի եւ Արամ Սաթեանի ստեղծագործութիւնները։- Ափսոս աւելի երիտասարդներու գործերը չենք կրնար ներկայացնել (Սաթեաններու երիտասարդ սերունդին մէջ չորս երաժշտահան կայ), որովհետեւ աւելի հակուած են ճազային, դասական ժանրերուն, ուստի մեծ նուագախումբի անհրաժեշտութիւն կ’ըլլայ»: Երաժշտական փոքր խումբով պիտի կատարեն սաթեանական երգերը, ի միջի այլոց, անոնցմէ շատերը յայտնի են, սիրուած, երգեր կան, որոնք կարծես Զանգեզուրի խորհրդանիշը ըլլան՝ «Իմ հայրենի Զանգեզուր», «Ես իմ անուշ Հայաստանի», «Մարտիկի երգը», «Սիրոյ վալսը» եւ այլն:

Խօսելով ԱՊՀ մշակութային միջպետական ծրագիրին մասին՝ ըսաւ, որ բացումի համերգը թէ՛ լաւ էր, թէ՛ վատ. «Մենք ԱՊՀ-ի տարածքին Գորիսը կը ներկայացնենք որպէս մշակութային մայրաքաղաք, կը ցաւիմ, որ 50 տարի առաջ գրուած ստեղծագործութիւններ ներկայացուցինք: Ուրեմն վերջին յիսուն տարուան մէջ մենք որեւէ ստեղծագործութիւն չունէի՞նք, որ այս հարթակէն կատարուէր: Պէտք է առջեւ նայիլ, չէ՞ որ կան հիանալի գործեր: Նախարարութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ, որպէսզի հնչեն մեր երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները, ի՞նչպէս կ’ըլլայ, որ անոնք արտերկիր կը ներկայացուին: Ալ չըսեմ երիտասարդներուն մասին, որոնք հնարաւորութիւն չունին իրենց ստեղծագործութիւնը հնչեցնելու սիմֆոնիք նուագախումբերու կատարումով: Մենք պէտք է մտածենք ապագայի մասին: Երէկուան համերգը ցոյց տուաւ մեր բացերէն մէկը»: Արամ Սաթեանի կարծիքով, եթէ 100 գործ կատարուի ու երկուքը հանճարեղ ըլլան, մենք պէտք է շատ գոհ ըլլանք: Ընդգծեց, որ թերեւս պէտք է փոխուին կատարող-երաժշտահան, երաժշտական հաւաքական-երաժշտահաններու միութիւն յարաբերութիւնները:

 

Այգիաղաքի Ճարտարապետութիւնը

Ժայռերու քաղաք Գորիսը կը կոչեն նաեւ առանձնատուներու քաղաք, այգի-քաղաք: Տարբեր մարդոց պատկանող տուները կառուցուած են նոյն ոճով: Երիտասարդ ճարտարապետ Արտակ Խոճապաղեանը զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ քաղաքի ճարտարապետութիւնը իւրօրինակ է մի քանի երեւոյթներով. «Եթէ նկատած էք, Գորիսը ունի փողոցային ուղղահայեաց յատակագիծ, ճարտարապետները շատ խելացի լուծում գտած են՝ ստեղծելով ուղղանկիւն եւ քառակուսի բնակելի թաղամասեր, որոնք ունին դէպի փողոց նայող ճակատային նոյնանման տուներ։ Որոշ թաղամասերու պարագային, այգիները կը գտնուին աւելի ցած մակերեսի վրայ, իսկ որոշ տուներ իրարմէ կը բաժնուին պատերով` թաղամասերու ներքին այգիները պաշտպանելով ոչ բարենպաստ քամիներէն եւ բերքի համար ապահովելով աւելի բարենպաստ միջավայր»:

Ինչ կը վերաբերի Գորիսի պատերու շարուածքին, ճարտարապետը ըսաւ, որ անոնք բարքեաշ կը կոչուին: Ըստ իրեն՝ անոնք հետաքրքրական են անով, որ բոլոր պատերը գետի կլորաձեւ քարերով պատրաստուած են, որոնք կապուած են կիրով, ինչ որ ոչ այնքան կարծր շաղախ է: Իսկ երկրաշարժերու ժամանակ քարերը իրար մէջ կը խաղան, երկրաշարժային թափահարող ուժերը իրար մէջ կը մեկուսացնեն, կիրն ալ թոյլ կու տայ, որ աւելի ազատ ըլլայ այդ շարժը:
«Քաղաքը ունի առուներու համակարգ, որ առաջնահերթօրէն կը ծառայէ այգիներու ոռոգումին, միաժամանակ կը մաքրէ փողոցի եւ մայթերու փոշին, թափուող տերեւները»,- աւելցուց մեր զրուցակիցը՝ նշելով, որ այս պահուն առուները այնքան ալ լաւ վիճակի մէջ չեն, բայց յոյս ունին, որ յառաջիկային կը վերանորոգուին, Գորիսի բոլոր առուները ջուրով կ’ողողուին:

Գորիսը հիմնադրուած է 1870-ին: Վերանորոգման, մաքրման կարիք կայ: «Տարիներու ընթացքին տուները մաշուած են, քարերը քիմիական գործընթացներու միջոցով քայքայման ենթարկուած են, Գորիսը մոխրագոյն երանգ ստացած է, այս պահուն քաղաքը քիչ մը ցուրտ պատկեր ունի: Եթէ բարքեաշը թարմացնեն եւ լուացուին պատերը, գոյները կրնան լիովին փոխուիլ»,- պարզաբանեց Արտակ Խոճապաղեանը, տեղեկացուց նաեւ, որ Գորիսի կեդրոնը վերականգնելու ծրագիր մշակուած է. բոլոր շէնքերը փայտեայ պատշգամներով, լուսամուտներով ու դարպասներով պիտի ըլլան: Առայժմ ծրագիրը նախագծային փուլի մէջ է: Արդէն մի քանի տարիէ կը սպասեն զարգացման հիմնադրամին, որ մրցոյթ յայտարարէ շինարարութիւնը սկսելու համար։

Աւելցնենք, որ տարուան ընթացքին Գորիսի մէջ կ’իրականացուին մշակութային տարբեր միջոցառումներ, ներառեալ՝ քանդակի խնդրի առնչուող միջազգային խորհրդակցութիւն: Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Նազենի Ղարիպեանը լրագրողներուն տեղեկացուց, որ Հայաստան ժամանող ԱՊՀ երկիրներու քանդակագործները շուրջ մէկ ամիս կ’աշխատին ու ստեղծուած քանդակները կը նուիրեն քաղաքին:

«Գորիսը 2018 թուականի մայրաքաղաք» միջպետական ծրագիրը կ’ամփոփուի աշնան վերջը:

 Երեւան-Գորիս-Երեւան
Բնագիրը՝ Արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ «Իրատէս» Կայքէջ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին