Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Որեւէ Պատժամիջոց Պէտք Չէ Խոչընդոտէ Հայաստանի Եւ Իրանի Համատեղ Աշխատանքին. Իրանագէտ

Իրանը միջուկային ծրագրի առնչութեամբ կը շարունակէ Արեւմուտքի հետ երկու թեւերու քաղաքականութիւն վարել: ԵՄ-ի հետ իրանական քաղաքականութիւնը միտուած է, որ Եւրոպական Միութեան երկիրները, մասնաւորապէս Իրանի միջուկային համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւնները մնան այդ փաստաթուղթի շրջանակին մէջ: Մինչդեռ համաձայնագիրէն՝ ԱՄՆ-ի դուրս գալու գործընթացը ստիպած է իրանական կողմը Իրան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ աւելի խիստ դիրքորոշում որդեգրել:

Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեանի խօսքով՝ կարեւոր պէտք է համարել Իրանի ԱԳ նախարարի՝ Վիեննայի մէջ փաստացի յաջողութիւնը. բացի ԱՄՆ-էն՝ միւս բոլոր պետութիւնները հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ այդ համաձայնագիրի տառին եւ ոգիին:

«ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Իրանը կը փորձէ միջուկային ծրագիրի գործընթացը տեղափոխել այդ երկրի ներքին դաշտ: ԱՄՆ-ի մէջ կը սպասուին քոնկրեսի ընտրութիւններ, իրանցիներն ալ կ’ակնկալեն, որ մեծամասնութիւն կրնան ունենալ դեմոկրատները: Հետեւաբար  կը մեծնայ հաւանականութիւնը, որ ԱՄՆ-ի վարչակարգի կողմէ նաւթային ոլորտին մէջ պատժամիջոցները չիրագործուին, եւ քոնկրեսականները, ի դէմս դեմոկրատներու, կ’ընդդիմանան հակաիրանական քաղաքականութեան»,- «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ գումարուած ասուլիսի ընթացքին նշեց Վարդան Ոսկանեանը:

Անդրադառնալով այս օրերուն հնչած ԱՄՆ-Իրան փոխադարձ յայտարարութիւններուն՝ Վարդան Ոսկանեան առանձնացուց իրանական նաւթի վրայ պատժամիջոցներ կիրարկելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը եւ Իրանի արձագանգը:

«Իրանի նախագահը զգուշացուց, որ եթէ Իրանի նաւթի արտահանման վրայ կիրարկուի ամբողջական պատժամիջոցներու ռեժիմ, ապա կ’արգելափակեն տարածաշրջանէն ամբողջ նաւթի ելքը, ինչ որ կը նշանակէ, որ Իրանը դարձեալ կ’օգտագործէ Հորմուզի նեղուցի խաղաքարտը, այդտեղէն կ’անցնի Պարսից ծոցէն դուրս եկող նաւթի կարեւորագոյն զարկերակը»,- ըսաւ իրանագէտը:

Ինչ կը վերաբերի Իրան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ Հայաստանի համար հաւանական վտանգներուն, ապա, ըստ իրանագէտին, անոնք կ’առնչուին նախ ԱՄՆ-ի ճնշումներուն կամ յորդորներուն Իրանի հետ գործակցութիւնը սահմանափակելու մասին, որ, ըստ ամենայնի, չի բխիր Հայաստանի շահերէն: Վարդան Ոսկանեան ընդգծեց, որ Իրանի հետ համագործակցուիւնը կ’առնչուի Հայաստանի կենսական շահերուն:

«Իրանի համար նման իրավիճակները արտասովոր չեն, հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին Իրանը մշտապէս գործած է ներքին եւ արտաքին մի քանի մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ: Իրանի մէջ տեղի ունեցող որեւէ գործընթաց անմիջականօրէն կ’առնչուի Հայաստանի անվտանգութեան որոշ բաղադրիչներուն հետ: Իրանի շուրջ ծաւալուող զարգացումները, պատժամիջոցները կրնան ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի հետ նախանշուած ծրագիրներուն վրայ, սակայն ընդգծեմ, որ վատթարագոյն պատժամիջոցներու ժամանակ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները զարգացած են, Հայաստան-Իրան կազամուղը կառուցուած է, երբ Իրանը միջազգային մեկուսացման մէջ էր, ինչ որ պէտք է ուղենիշ ըլլայ մեզի համար: Որեւէ պատժամիջոց չի կրնար եւ պէտք չէ խոչընդոտէ երկու երկիրներու համատեղ աշխատանքին»,- ըսաւ Վարդան Ոսկանեանը:

Իրանագէտը առաջնահերթ կը համարէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու աշխուժացումը: Իր խօսքով՝ վերջին շրջանին, այդ ուղղութիւնը կարծես որոշ չափով մոռացութեան մատնուած է: Աւելի կեդրոնացում կը նկատուի ներքին հարցերու վրայ, սակայն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է աշխոյժ աշխատի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին