Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Հայաստանը

*ԼԵՒՈՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Հայաստանի գործադիր նոր իշխանութիւնը լուրջ փորձութեան դիմաց կանգնած է։ Թէ՛ ներքին առումով, թէ՛ միջազգային եւ արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէն։

Փաշինեանին ստուգելու համար կան մի քանի փորձաքարեր․ առաջինը ես կը համարեմ Ամուլսարի ոսկեհանքի շահագործման հարցը։ Ինչքան ալ ուզեն բացատրել եւ համոզեն Հայաստանի ժողովուրդին, որ այս նախագիծին համար մեծ ներդրում կատարուած է, աշխատանքի մեծ մասը աւարտած է ու կարելի չէ զայն կասեցնել, մէկ է, ժողովուրդի, հայրենի ու արտասահմանի բնապահպաններուն համար անոնք բաւարար եւ համոզիչ պատասխաններ չեն։ Հանքին մէջ տարիներ է որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին, բայց տակաւին շահագործման փուլ չէ հասած։ Մասնագէտները կը պնդեն, որ պէտք է ընդհուպ կասեցնել եւ ընդունիլ նիւթական վնաս՝ մօտ 300 միլիոն տոլարի չափով, քան թէ հանքի շահագործումով ապականուի Հայաստանի ջրային պաշարներն ու կենսոլորտը, որուն հետեւանքով կը վտանգուի սերունդներու առողջութիւնը եւ բազմահազար ժողովուրդ ստիպուած կ’ըլլայ հեռանալ այդ տարածքներէն, որ հիմա Հայասատանի մաքուր բնութիւնն է՝ Ջերմուկ կեդրոնով։ Հարցը ամենալուրջ ձեւով դրուած է նոր իշխանութիւններու սեղանին։ Տարածաշրջան այցելած վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ իր այցը ճանաչողական բնոյթ ունի, բայց իր խօսքերուն մէջ զգացնել տուաւ, որ հնարաւորութիւն չունի այդ նախագիծը կասեցնելու։ Ի վերջոյ, հանքին մէջ շահառու կողմ են բրիտանական ընկերութիւնն ու Հայաստանի մէջ բարեգործութեամբ զբաղող մի քանի յայտնիներ, եւ կ’ըսուի, որ Ամուլսարի ոսկեհանքի շահագործումի պայմանագիրի կնքահայրն է Հայաստանի ներկայ նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Նոր իշխանութիւններուն համար կարեւոր փորձաքար է Ամուլսարը։ Փաշինեանը կը յաջողի՞ դիմադրել այս հսկայ ուժերու ճնշումին, եւ նորերը ինչքանո՞վ հետաքրքրուած են Հայաստանի համար կենսական այս հարցով։ Ատիկա ցոյց կու տայ մօտ ապագան։

    Մոսկուա այցերու ժամանակ նոր իշխանութիւնները միշտ խօսած են Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործակցութեան ու կնքուած պայմանագիրերուն հաւատարիմ մնալու՝ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու քաղաքական ուղղութեան մասին, բայց, ըստ երեւոյթին, ռուսական կողմին չեն բաւարարեր այս խոստումները։ Անոնք մէկ անգամ չէ, որ յայտնած են իրենց դժգոհութիւնը Հայաստանի մէջ նոր անձնակազմեր նշանակելու վերաբերեալ՝ ըսելով, որ անոնց մէջ կան հակառուս տարրեր եւ լրիւ արեւմտամէտ գործիչներ։ Նոր փորձութեան մը դիմաց կանգնած է Փաշինեան յաջորդ շաբաթ, երբ այցելէ Պրիւքսել եւ կնքէ Հայաստան-ԵՄ պայմանագիը։ Կը նախատեսուի, որ Փաշինեան ցանկալի հիւր կ’ըլլայ նաեւ ուրիշ գագաթաժողովի, որ է՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Այդտեղ պիտի քննարկուին Ռուսաստանի նկատմամբ դիրքորոշումը եւ Ղրիմի հարցը։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշումը այս կարեւոր ժողովին եւ ի՞նչպէս պիտի քուէարկէ Հայաստանը Ռուսաստանին ու Ղրիմին կապուող հարցերուն վերաբերեալ։ Յիշեցնենք, որ Հայաստանը կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի որոշ ծրագիրներուն՝ խաղաղապահ ջոկատներ տրամադրելով եւ «գործակցութեան» այլ ոլորտներու մէջ։

    Այս ամէնուն ի տես՝ Ռուսաստանը արդէն անթաքոյց ու յստակ պատգամ կը յղէ Հայաստանին՝ փորձելով ճնշում բանեցնել Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն վրայ՝ հեռու մնալու Ռուսաստանը անհանգստացնող խնդրայարոյց հարցերէն։ Այդ ճնշումներէն են․-

    – Ռուսաստանի տումայի-խորհրդարանի-խօսնակի ազրպէյճանամէտ արտայայտութիւնը՝ Արցախեան հարցի լուծման գծով։ Ի հարկէ, Հայաստանի մէջ հակադարձութիւններէ ետք եւ Հայաստանի հարցումներուն ի պատասխան՝ ռուսական կողմը ըսաւ, որ այդ արտայայտութիւնը Ռուսաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ։ Բայց…

    – Համարեա միաժամանակ, Ռուսաստանէն խորհրդարանական երկու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եղան Նախիջեւանի ազրպէյճանական դիրքերուն վրայ եւ Ապրիլեան պատերազմէն ետք կորսնցուցած տարածքներուն մէջ, եւ այդտեղ ալ ունեցան ազրպէյճանամէտ մի քանի արտայայտութիւններ։

    – Երբ կ’ուզեն սրուին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, Հայաստանի բեռնատար մեքենաներուն դիմաց անպայման կը փակուի Վրաստան-Ռուսաստան սահմանային անցակէտը։ Արդէն քանի մի օրէ բեռնատար մեքենաներու կուտակումներ կան այդ սահմանին, եւ այսօրուան լուրերուն մէջ նշուեցաւ, որ հերթը քիլոմեթրեր դարձած է։ Բեռնատարները իրենց բողոքը կը յայտնեն, բայց այդ սահմանակէտը այդպէս ալ մինչեւ այսօր փակ մնացած է։

    Կան եւ ուրիշ կարեւոր զարգացումներ։

Եզրակացնենք․-

    Փաշինեանը լուրջ փորձութեան դիմաց կանգնած է թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան առումով։ Սպասենք քիչ մըն ալ, ու ամէն ինչ պարզ կը դառնայ։

 

Բնագիրը՝ Արեւելահայերէն
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին