Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ծնողներու Մեծարանքի Երեկոյ՝ Կազմակերպութեամբ «Շնորհալի» Երգչախումբին

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ։

 

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբիս ղեկավար հոգշ. Տ. Զաւէն աբղ. Նաճառեան։ Ան կարեւորեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը թէ՛ ընտանիքին եւ թէ ազգին նկատմամբ։

Ընթրիքը ճոխացաւ զանազան խաղերով ու ընկերային մթնոլորտով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ զաւակները իրենց ծնողները պատուեցին վարդերով։

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին