Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Զանգուածները Կառավարելու 10 Մեթոտ

*ՆՈԱՄ ՉՈՄՍՔԻ*

Մարդու վարքագիծի կառավարումը պետութեան առաջնահերթութիւններէն է: Ճիշդ է, որ պետութիւնը ստեղծուած է քաղաքացիներուն շահերը պաշտպանելու համար, սակայն յաճախ իշխանութիւն ունեցող մարդիկ կը փորձեն կառավարել նոյնինքն քաղաքացիները՝ իրենց դիրքերը պահպանելու համար:

Երբ քաղաքացիները կը սկսին դժգոհութիւն ցուցաբերել իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութենէն, ապա բռնութիւններէն խուսափելու համար իշխանական օղակները ի գործ կը դնեն քարոզչամեքենան, որուն հիմնական գործիքը լրատուամիջոցներն են:

Նոամ Չոմսքին Մասաչուսեթսի արհեստագիտական հիմնարկի լեզուաբանութեան դասախօս է, լեզուաբան, փիլիսոփայ, հասարակական գործիչ, գիրքերու հեղինակ եւ քաղաքական վերլուծաբան: Ան բազմաթիւ աշխատութիւններու եւ հետազօտութիւներու հեղինակ է: Չոմսքին կազմած է լրատուամիջոցներու միջոցով զանգուածները ձեռնածելու 10 մեթոտներու ցանկ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

Մեթոտ 1. Ուշադրութեան շեղում

Հասարակութիւնը ղեկավարելու ամենաառաջին եւ պարզ միջոցը ժողովուրդի ուշադրութեան շեղումն է քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր իրադարձութիւններէն եւ որոշումներէն՝ լրատուական դաշտը հեղեղելով աննշան նորութիւններով: Այսպիսով քաղաքացիները հնարաւորութիւն չեն ունենար տեղեկութիւն ստանալու ժամանակակից առաջատար արհեստագիտութիւններու, տնտեսութեան, հոգեբանութեան, կառավարման արուեստի եւ այլ զարգացումներու մասին: Լրահոսը յագեցած կ’ըլլայ ժամանցային ոլորտի մէջ առեւտրական գործունէութեան, դեղին մամուլի, խորհրդապաշտութեան վերաբերող անկարեւոր նորութիւններով, որոնք հիմնուած են մարդու բնազդներուն վրայ:

Մեթոտ 2. Խնդրայարոյց իրավիճակներու ստեղծում եւ զանոնք լուծելու առաջարկներ

Տուեալ մեթոտը նաեւ կ’անուանեն «խնդիր-հակազդեցութիւն-լուծում»: Կը ստեղծուի խնդիր, այսպէս կոչուած, «իրավիճակ» մը, որ նախատեսուած է հասարակութեան մօտ որոշ արձագանգ յառաջացնելու համար: Իսկ կառավարող օղակներուն կողմէ առաջարկուող լուծումները առաջին հերթին իրենց ձեռնտու կ’ըլլան:  Օրինակ՝ քաղաքներուն մէջ կ’աճին բռնութեան դէպքերը կամ ահաբեկչական արիւնալի յարձակումներ տեղի կ’ունենան: Որպէս պատասխան քաղաքացիներուն՝ կ’առաջարկուի անվտանգութեան ապահովման համար աւելի խիստ օրէնքներու մշակում եւ ընդունում, որոնք խորքին մէջ կ’ոտնահարեն քաղաքացիական ազատութիւնները կամ ընկերային իրաւունքները: Այդ օրէնքները կը ներկայացուին որպէս «անհրաժեշտ չարութիւն»: Բայց պէտք է հասկնալ, որ ճգնաժամները առանց լուրջ դրդապատճառի չեն յառաջանար:

Մեթոտ 3. Աստիճանաբար կիրարկում

Որպէսզի կարելի ըլլայ առաջ քաշել հանրութեան համար ոչ ձեռնտու օրէնք մը, աստիճանաբար, օրէ-օր, տարի առ տարի կը կիրարկուի ներդնելու մեթոտը: Նախորդ դարու 80-90-ական թուականներուն նմանապէս համաշխարհային տարածում ստացան սկզբունքօրէն նոր ընկերա-տնտեսական պայմանները՝ նորազատականութիւնը: Եթէ միաժամանակ տեղի ունենային այնպիսի երեւոյթներ, ինչպիսիք են՝ պետութեան դերի նուազագոյնի հասցնելը, մասնաւորեցումը, անվստահութիւնը, ոչ կայուն իրավիճակը, զանգուածային գործազրկութիւնը, ցած աշխատավարձերը, ապա անպայման արդիւնքը կը յանգեցնէր յեղափոխութեան:

Մեթոտ 4. Իրականացման յետաձգում

Հանրութեան համար ոչ նպատակայարմար որոշումներ կայացնելու մէկ այլ միջոց է զայն որպէս «ցաւալի եւ անհրաժեշտ» գործողութիւն ներկայացնելը, որ, սակայն, ուժի մէջ կը մտնէ ոչ թէ այսօր, այս պահուն, այլ մօտ ապագային: Աւելի դիւրին է որոշ զոհողութիւններու համաձայնիլ ապագային, քան ներկայ ժամանակին։

Հասարակութիւնը միշտ միամտաբար յոյս ունի, որ «վաղը ամէն ինչ դէպի լաւ կը փոխուի», իսկ իրմէ պահանջուող զոհողութիւններէն կարելի կ’ըլլայ խուսափիլ: Ասիկա հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքացիներուն համակերպուելու աւելի շատ ժամանակ ունենալ գալիք փոփոխութիւններուն հետ:

Մեթոտ 5. Դիմել հասարակութեան՝ որպէս անմիտ երեխայի

Շատ յաճախ հանրութեան համար նախատեսուած քարոզչութիւն պարունակող ելոյթներու ժամանակ կ’օգտագործուին այնպիսի փաստարկներ, բառեր եւ եղանակներ, զորս կը կիրարկուին անչափահաս երեխաներու հետ շփուելու ատեն: Ինչքան շատ փորձեն շփոթեցնել լսողը, այնքան շատ կը ջանան օգտագործել լեզուաբանական մանկական դարձուածքներ: Ինչո՞ւ:

Եթէ մէկը մարդու հետ շփուի այնպէս, կարծես ան 12 տարեկան է (կամ աւելի փոքր), ապա քարոզչութեան պատասխան-հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ քննադատութեան բացակայութեան բաւականին մեծ հաւանականութիւնը: Ասիկա բնորոշ է մինչեւ 12 տարեկան երեխաներուն, եւ հետեւաբար ամբոխը ենթագիտակցաբար կ’ունենայ համապատասխան արձագանգ:

Խօսքը, հումորը այս պարագային նախատեսուած է լայն լսարանի համար: Հոս կարեւոր է նաեւ յիշել, որ արդէն իսկ կը կիրարկուին վերոնշեալ եւ ներքոնշեալ բոլոր շահագործման մեթոտները, զորս մէկը միւսը կը լրացնէ:

Մեթոտ 6. Շեշտը դնել զգացումներու եւ ոչ թէ բանականութեան վրայ

Զգացումներու վրայ ազդեցութիւնը ջղա-լեզուաբանական ծրագրաւորման դասական հնարք է, որ ուղղուած է մարդկանց տրամաբանական վերլուծում կատարելու յատկութեան խափանման, ինչպէս նաեւ, վերջինիս արդիւնքով, իրավիճակի մասին քննադատական մտածելակերպի արգելափակման: Միւս կողմէ՝ զգացումներու վրայ ազդեցութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ բանալու ենթագիտակցութեան դուռը, որպէսզի այդտեղ ներարկուին միտքեր, ցանկութիւններ, վախեր, հարկադրանք կամ վարքի կայուն ձեւեր: Յաճախակիօրէն կիրարկուող այսպիսի նախադասութիւնները, ինչպիսիք են՝ դաժան ահաբեկչութիւնները, անարդար կառավարութիւնը, սոված մարդկանց տառապանք, դուրս կը ձգեն կատարուածի իրական պատճառները եւ մեղաւորները: Զգացումները տրամաբանութեան թշնամին են:

Մեթոտ 7. Մարդկանց տգիտութեան մէջ պահելը՝ զարգացնելով միջակութիւնը

Այս ռազմավարութեան իմաստը կը կայանայ հոն, որ մարդիկ չբացայայտեն այն մեթոտները, որոնցմով կը կառավարուին իրենք կամ կ’ենթարկուին կառավարող օղակներու կամքին: Կրթութեան որակը, յատկապէս միջնակարգ հասարակական դպրոցներու մէջ պէտք է ըլլայ միջակ, որպէսզի անտեղեակութիւնը, տգիտութիւնը, անճաշակութիւնը համատարած դառնայ, եւ ցած խաւը չկարենայ յաղթահարել զանոնք:

Մեթոտ 8. Դրդել քաղաքացիները միջակութեամբ հիանալ

Հասարակութեան մէջ սերմանել այն գաղափարը, որ տգիտութիւնը, գռեհիկ հումորները, անդաստիարակութիւնը ժամանակակից են: Այս միջոցը միւսներէն չտարանջատուիր, քանի որ ժամանակակից աշխարհին մէջ մեծ քանակութեամբ միջակութիւններու կարելի է հանդիպիլ որեւէ ընկերային ոլորտի մէջ՝ սկսած կրօնէն եւ գիտութենէն եւ հասնելով քաղաքականութեան: Գայթակղութիւնները, դեղին մամուլը, անմակարդակ ֆիլմները, կեղծ հերոսները, կասկածելի հումորը եւ կիսաժողովրդական ցոյցերը շատ լաւ միջոցներ են հասարակութեան մտահորիզոնը ընդլայնելու փորձերէն ետ պահելու համար:

Մեթոտ 9. Սեփական մեղքի զգացողութեան ուժեղացումը

Այս մեթոտի միջոցով մարդուն կը համոզեն, որ միայն ինքը մեղաւոր է սեփական անյաջողութիւններու պարագային, որուն պատճառը իր մտաւոր միջակ ունակութիւններն են, նպատակասլացութեան բացակայաթիւնը: Ասոր արդիւնքով՝ տնտեսական եւ քաղաքական համակարգի դէմ պայքարելու փոխարէն, մարդը կը սկսի ինքնախարազանումով զբաղիլ, ինչ որ կը յանգեցնէ ճնշուած հոգեվիճակի եւ անտարբերութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցողի հանդէպ:

Մեթոտ 10. Մարդոց մասին գիտնալ աւելին, քան իրենք գիտեն

Վերջին 50 տարիներուն գիտութեան զարգացման արդիւնքով՝ զգալիօրէն մեծցաւ տեղեկութեան հասանելիութեան անդունդը հասարակ անձանց եւ իշխող վերնախաւի միջեւ:

Կենսաբանութեան, ջղաբջիջային կենսաբանութեան եւ կիրառական հոգեբանութեան շնորհիւ «համակարգը» ունի առաջատար գիտելիքներ մարդու մասին, ինչպէս բնախօսութեան, այնպէս ալ հոգեբանութեան ոլորտէն ներս: «Համակարգը» ունի աւելի շատ գիտելիք մարդու մասին, քան մարդը գիտէ, հետեւաբար ան ունի աւելի մեծ իշխանութիւն եւ կառավարման աւելի մեծ հնարաւորութիւններ:

****

Հեղինակին մասին՝

Ավրամ Նոամ Չոմսկին ամերիկացի լեզուաբան, ճանաչողական գիտնական, պատմաբան, ընկերային քննադատ եւ քաղաքական ակտիւիստ է: Չոմսկին, որ նաեւ երբեմն բնութագրուած է որպէս «Ժամանակակից լեզուաբանութեան հայր», կը հանդիսանայ նաև ճանաչողական գիտութեան հիմնադիրներէն մէկը: Ան հեղինակ է աւելի քան 100 գիրքի հետևեալ նիւթերու մասին՝ լեզուաբանութիւն, պատերազմ, քաղաքականութիւն եւ զանգուածային լրատուութիւն: Գաղափարապէս ան Ազատական ընկերվարական է: Ան կը հանդիսանայ նաեւ  Մասաչուսեթսի Թեքնոլոճիի ինսթիթիւտի (MIT), ինչպէս նաև Արիզոնայի համալսարանի պատուաւոր փրոֆեսոր:

Արեւելահայերէնի Թարգմանեց՝ 
ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Աղբիւր՝ «Ճամբորդ» Կայքէջ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին