Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր տաճարի կառուցման աշխատանքները թեւակոխած են աւարտական փուլ:
Յունիս 24-ին հանդիսաւորութեամբ տեղադրուեցան եկեղեցւոյ եւ զանգակատան գմբէթներու խաչերն ու զանգերը:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաչերու եւ զանգերու օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, ՊԲ զօրամասի զինծառայողներ, ստեփանակերտցիներ եւ այլք:
Նուիրատուութիւններու շնորհիւ կառուցուող Աստուածամօր Սուրբ Յովանի Մայր տաճարի հիմնարկէքը տեղի ունեցած է 2006 թուականի Յուլիս 19-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ձեռամբ: Շուրջ 12 տարի տեւող շինարարութեան աւարտը կը նախատեսուի այս տարուան Հոկտեմբեր 1-ին, երբ տեղի կ’ունենայ եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: