Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Մասնակցի Ուաշինկթընի «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնին

ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Յունիս 27-ին սկիզբ պիտի առնէ Սմիթսընեան հաստատութեան կողմէ իրականացուող «Ֆոլքլայֆ» փառատօնը, որուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Հայաստանը: Երկու շաբաթ տեւող փառատօնին ընթացքին այդտեղ պիտի թեւածէ հայկական շունչը: Փառատօնի հանդիսաւոր բացման ներկայ պիտի ըլլայ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: Յունիս 26-ին նախագահը պիտի մեկնի Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Սմիթսընեան ուսումնարանի «Ազգային կեանք» ամէնամեայ փառատօնին:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, ազգագրագէտ, «Ֆոլքլայֆ» փառատօնին Հայաստանի մասնակցութեան գործընթացը համակարգող Լեւոն Աբրահամեան ըսած է, որ նախագահի մասնակցութեամբ կ’ընդգծուի փառատօնին Հայաստանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը:

Սմիթսընեան հաստատութիւնը 50 տարիէ ի վեր կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Այս տարի արդէն 51-րդն է, որուն առաջին անգամ պիտի մասնակցի նաեւ Գաթալոնիան՝ իր բարձրագոյն ղեկավարութեան մասնակցութեամբ:

««Ֆոլքլայֆ»-ը սովորական ցուցահանդէսի փառատօն չէ, անիկա կենդանի ձեւով կը ներկայացնէ տուեալ երկրի կենցաղը, արհեստը, խոհանոցը եւ այլն: Ամէն տարի կ’ըլլայ տարբեր ուղղուածութիւն ու նիւթ: Այս տարի գլխաւոր հերոսը վարպետն է, որուն միջոցով ցոյց պիտի տրուի այսօրուան արհեստը, աւանդոյթները, խոհանոցը՝ կապը պահելով անցեալի հետ: Գաղափարը այն է, թէ ի՛նչպէս այդ արհեստները պահպանուած ու փոխանցուած են սերունդներուն»,- ըսած է Լեւոն Աբրահամեան:

Ծրագիրին հիմքը բնութենէն դէպի տուն միտքն է: Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը, գորգագործութիւնը: Ըստ Լեւոն Աբրահամեանի՝ նախատեսուած է նաեւ խաչքարի օծման արարողութիւն:

Այնտեղ պիտի աշխատին դարբինները՝ ցոյց տալով այս արհեստի հետաքրքրական կողմերը: Քարագործներու, դարբիններու կողքին պիտի ըլլան նաեւ գորգագործները, որոնք տեղւոյն վրայ պիտի գործեն քանի մը տեսակ գորգ:

Յաջորդ ուղղութիւնը ասեղնագործութիւնն է, որ պիտի ներկայացուի սուրիահայերու միջոցով:  Լեւոն Աբրահամեան ընդգծած է, որ փառատօնը պիտի ունենայ անմիջական բնոյթ, այդ ամբողջ ծրագիրներուն պիտի ընդգրկուին այցելուները, պիտի տեսնեն, թէ ինչպէս կը  պատրաստուի այս կամ այն իրը, պիտի ունենան իրենց մասնակցութիւնը:

«Փառատօնին հայաստանեան մասնակցութեան ծրագիրի կարեւոր բաղադրիչներէն  է խոհանոցը: Ջանք ու եռանդ չենք խնայած հայկական խոհանոցի լաւագոյն ուտեստները պատշաճ ներկայացնելու գործին: Նախ այնտեղ պիտի ըլլայ թոնիր: Հացթուխները այդ ամբողջ ընթացքին ցոյց պիտի տան լաւաշ թխելու գործընթացը եւ թխելէ ետք պիտի հիւրասիրեն այցելուները: Պիտի ներկայացուի փախլաւայ, թել պանիր, տոլմա, չիրեր, քաղցր երշիկ, Հայաստանի բերքն ու բարիքը, անուշահամ գինին»,- ըսած է ազգագրագէտը:

Լեւոն Աբրահամեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ պիտի ստեղծեն քարանձաւային միջավայր, ուր փոքրիկները պիտի մասնակցին պեղումներուն: Անոր արդիւնքով՝ փոքրիկները պիտի գտնեն Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած ամենահին կօշիկի յուշանուէրային տարբերակը: Լեւոն Աբրահամեան նշած է, որ գործի դրած են նաեւ ճարտարագիտական լուծումները:

Այս ամբողջ ձեռնարկները պիտի ուղեկցուին հայկական երգ ու պարով: Լեւոն Աբրահամեան նշած է, որ ոչ միայն գաթալոնացիներու հետ շուրջ պար պիտի բռնեն, այլեւ փառատօնի ընթացքին այցելուներուն հայկական պարեր պիտի սորվեցնեն:

Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 8: Յուլիս 4-ը ԱՄՆ-ի անկախութեան օրն է, երբ սովորաբար Ուաշինկթըն կ’երթան մեծ թիւով այցելու: Հաշուարկները ցոյց կու տան, որ այս փառատօնը միջինը պիտի ունենայ 500 հազար այցելու:

«Կու գան ընտանիքներով, փոքրիկներով: Զբօսաշրջութեան, Հայաստանը ճանաչելի դարձնելու տեսանկիւնէն շատ կարեւոր ձեռնարկ է, անիկա լուրջ խթան պիտի ըլլայ այդ ոլորտի զարգացման»,- աւելցուցած է Լեւոն Աբրահամեան: Փառատօնի աւարտը նախատեսուած է Յուլիս 8-ին, եւ քանի որ այս տարի Վարդավառը կը նշուի այդ օրը, հետեւաբար եզրափակիչ հատուածը պիտի ըլլայ իրարու վրայ ջուր ցօղելը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին