*ԱՐԹՈՒՐ ԱԹԱՆԵՍԵԱՆ*
Հաւատալով բազմակարծութեան եւ հիմնուելով խօսքի ազատութեան մեր դաւանանքին վրայ` ուզեցինք այս շահեկան յօդուածը մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ դնել, որ թէեւ առաջին դատումով հայրենի ներկայ իշխանութիւնները քննադատող յօդուած մը կարելի է սեպել, սակայն մեր կարծիքով եւ յօդուածագիրին մասնագիտութեան բերմամբ աւելի քան առարկայական մօտեցում ունի, որուն վրայէն պէտք չէ մակերեսային անցնիլ:
Մեր բնութագրութեամբ՝ «թաւշեայ սինտրըմը (syndrome)» եթէ շուտով չհաւասարակշռուի, հետեւանքները կրնան աննախատեսելի եւ ոչ միայն աննախատեսելի ըլլալ: Այս թեմային մենք ալ մեր կարգին մեր սիւնակով շուտով կ’անդրադառնանք:
«Խմբ.»
Անկախ անկէ, թէ որքանո՛վ արդիւնաւէտ կ’ըլլան նոր կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումները, հասարակութեան ընկերա-հոգեբանական մթնոլորտը արդէն աշխուժօրէն կը կեղտոտուի ժողովրդականութեան (populism), այլոց հաշուոյն ինքնահաստատուելու, չստուգուած տեղեկութիւնը ազատօրէն հրապարակելու (զրպարտելու) եւ մասնագիտական մօտեցումներէ հեռու, սակայն պաշտօնական մակարդակ ունեցող գնահատականներ տալու վտանգաւոր միտումներով:
Այս ամէնը քաղաքական մշակոյթի աղաւաղման, ժողովրդականութեան (populism) եւ բռնութեան վերաբերեալ կիսագրագէտ եւ բարդութաւորուած ընկալումներու հետեւանքներէն է:
Ապրիլեան զանգուածային ընդվզման արդիւնքով Հայաստանի մէջ փոխուեցաւ պատմութիւնը: Կարծես թէ վերածնաւ հայաստանցիներու՝ համատեղ ուժերով սեփական պետութեան տէր կանգնելու կարողութիւնը։ Այդ կարողութեան առկայութեամբ կամ բացակայութեամբ պայմանաւորուած է տարբեր ժողովուրդներու՝ պետութիւն ունենալու կամ չունենալու եւ այլ պետութիւններու հովանիին (լուծին) տակ ապրելու պատմական իրողութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, արդէն իսկ պահն է ինքնագովասանքով տարուելու փուլը աւարտած համարել:
Պետականութեան ամրապնդումը եւ զարգացման ապահովումը մէկ պատմական պահի խնդիր չէ միայն, այլ միասնական ջանքերու եւ մասնագիտական մօտեցումներու մշտական ներդրման, հայրենասիրութեան ոչ խօսքային-ելոյթային, այլ գործնական եւ արդիւնաւէտ դրսեւորումներու արդիւնք է։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղը. այս հարցը հաւանաբար ժամանակին տուած է ոչ միայն ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեան, ոչ միայն երկրի գլխաւոր հրապարակին եւ փողոցներուն վրայ Ապրիլ 23-ին երջանկացած իւրաքանչիւր հայաստանցի կամ հեռուստացոյցերու մօտ նստած ու իշխանափոխութեան հետ համաձայն կամ անհամաձայն իւրաքանչիւր ոք, այլեւ պիտի շարունակենք տալ իւրաքանչիւր յաջորդ օրը։
Արդեօք Հայաստանի մէջ որոշ բան իրապէս փոխուեցա՞ւ դէպի լաւը, արդեօք ի զուր չէի՞ն հասարակութեան ստուար զանգուածի ջանքերը։
Յայտնի է, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի կամ քաղաքականութեան մասնակցող անձի, խումբի ջանքերու վերջնանպատակը իշխանութեան հասնիլն է ու զայն ունենալը: Ասիկա դասագրքային հանրայայտ սահմանում է, ու անոր հետ վիճիլ՝ ըսելով, թէ իշխանութիւնը վերջնանպատակ չէ, այլ, ըսենք, միջոց՝ սեփական երկրի կամ ժողովուրդի համար որոշ բան ընելու, զուտ ժողովրդականութիւն է կամ հռետորաբանութիւն։
Միաժամանակ հռետորաբանութիւնը կրնայ ըլլալ պերճախօս, գեղեցիկ, գրաւիչ, համոզիչ, հռետորաբանութեան մասնագիտական գործիքներու կիրարկումով, որուն շնորհիւ թիրախային լսարանը կրնայ թմրիլ՝ չզգալով տարբերութիւնը իրականութեան եւ տուեալ հռետորաբանութեան միջեւ եւ կարծել, որ խօսքը իրաւամբ գործ է:
Մինչդեռ իւրաքանչիւր հասարակութիւն անկեղծօրէն կ’ուզէ պետութեան օգտագործմամբ լուծել սեփական խնդիրները: Սա արդէն հռետորաբանութիւն չէ, որովհետեւ, չստանալով իր երկրին մէջ սեփական խնդիրներու լուծումները կամ չտեսնելով անոնց ուղղուած ջանքերը, մարդը, վերջին հաշուով, կը ձգէ եւ ուրիշ երկիր կ’երթայ:
Ասիկա անհերքելի փաստ է, որ արտայայտուած է վիճակագրութեամբ։
Որոշ երկիրներու մէջ մարդիկ կը հպարտանան այդ երկրին պատկանելով: Այդ երկիրները մարդոց անընդհատ ներհոսք կայ: Մարդիկ հոն կ’ամրապնդուին, կը ստեղծեն սեփական գործ, կը ստանան մրցունակ եւ արդիական կրթութիւն, կը գնեն բնակարան, կը կազմեն ընտանիք, կը ստանան քաղաքացիութիւն եւ այլն:
Կան նաեւ երկիրներ, ուրկէ մարդիկ միշտ կը հեռանան՝ ձգելով եւ վաճառելով ամէն ինչ, նոյնիսկ սեփական արմատները, տոհմածառն ու ինքնութիւնը։ Ցաւօք, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ հիմնականօրէն դասուած ենք նոյն այդ երկրորդ տեսակին եւ այդ վիճակով կը փորձենք մօտենալ պետութեան բարեփոխման նոր հնարաւորութիւններէն: Եթէ մեր նոր ջանքերը ապարդիւն անցնին, ապա ուրիշ բան չի մնար, քան ընդունիլ պետականութիւն չունենալուն մէջ մեր սեփական մեղքի բաժինը:
Փաստօրէն, ոեւէ անհատ կամ խումբ, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի քաղաքականութեան, նպատակ ունի հասնիլ իշխանութեան եւ զայն ստանձնել, իսկ հասարակութեան նպատակն է իր պետութեան սահմաններուն մէջ ունենալ որքան կարելի է քիչ խնդիրներ, ըլլալ պաշտպանուած եւ ապրիլ անհոգ։
Խորքին մէջ, սակայն, այս երկու նպատակները միշտ չէ, որ լիարժէքօրէն կ’իրացուին, բայց խելամիտ ժողովուրդները շատոնց արդէն հասկցած են, որ առանց իշխանութեան օգտագործման եւ իշխանութենէն պահանջելու՝ կարելի չէ հասնիլ հանրային բարեկեցութեան, իսկ առանց հանրային բարեկեցութիւնը քիչ թէ շատ երաշխաւորելու՝ կարելի չէ հասնիլ իշխանութեան։
Մնացեալը լոկ հռետորաբանութիւն է:
Կարելի է տարիներ շարունակ անընդմէջ եւ գեղեցիկ խօսիլ, թէ որքա՛ն կը սիրենք մեր ժողովուրդը, որքա՛ն կը կարեւորենք սեփական հայրենիքը, եւ միւս կողմէ երկար հրճուիլ այն հանգամանքով, թէ ի՛նչպէս կրցանք «բան մը ըսել իշխանութիւններուն», նոյնիսկ հեռացնել զանոնք։ Սակայն երկու պարագաներուն ալ, այս ամէնը կիսաճշմարտութիւն է: Հասարակութիւնը պէտք է ունենայ երաշխաւորուած եւ մշտապէս գործող համակարգեր, ինչպէս նաեւ ունակութիւն, կարողութիւն եւ տրամադրութիւն՝ իշխանութեան միշտ «բան մը ըսելու» բառիս բուն եւ փոխաբերական իմաստով, իսկ իշխանութեան հասնիլը հնարաւոր պէտք է ըլլայ միայն հասարակութեան աջակցութեան եւ ոչ թէ խումբ մը մարդոց թաքուն որոշումին արդիւնքով:
Դարձեալ… ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղը՝ գարնանային հանգուցային իրադարձութիւններուն յաջորդող օրերուն եւ ամիսներուն։
Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ, կախուած է անկէ, թէ ի՛նչ կ’ընենք մենք այսօր։ Եթէ այսօր աշխատեցա՛ր, վաղը կը ստանաս, եթէ այսօր ծառ տնկեցիր եւ ջրեցիր, վաղը բերք կը հաւաքես։
Կը նախանձիմ այն մարդոց, որոնք համոզուած են, թէ այն ինչ այսօր կը կատարուի, անվերապահօրէն ճիշդ է: Միեւնոյն ժամանակ ակնյայտօրէն կը տեսնեմ, որ մենք այսօր փաստացիօրէն եւ բառացիօրէն կը փոխարինենք մէկ անձ ու մէկ անհատապաշտութիւնը՝ միւսով։ Իսկ անձով պայմանաւորուած իշխանութիւնը միանձնեայ կը կառավարէ՝ մենատիրութիւն։
Իսկ ի՞նչ պէտք է ընեն այն քաղաքացիները, որոնք կտրականապէս դէմ էին Սերժ Սարգսեանին, դէմ են հանրապետականներուն, սակայն չեն ցանկար փոխարինել փոխկապուած անձանց խումբ մը մէկ ուրիշով: Ի՞նչ ընեն անոնք, որ հանրապետական կուսակցութեան անդամ էին, սակայն մասնագիտական առումով երբեք կուսակցական կողմնակալութիւն չեն դրսեւորած (անձամբ` որպէս ոչ կուսակցական, տասնեակ մարդիկ կը ճանչնամ այդպէս) եւ ցուցաբերած են արհեստավարժութիւն` նպաստելով իրենց վստահուած ոլորտներու յառաջընթացին:
Կամ ի՞նչպէս վարուին այն ոչ կուսակցականները, որոնք կ’աշխատէին հանրապետական կուսակցութեան անդամներուն կողմէ ղեկավարուող հիմնարկներուն մէջ… եւ աշխատած են ազնիւ, արդիւնաւէտ, պետականամէտ:
Հերքել նման մարդոց գոյութիւնը կը նշանակէ առնուազն չունենալ որեւէ անձնական միջավայր, ինչպէս նաեւ պատկերացում հասարակութեան եւ պետութեան կառուցուածքին մասին: Ի՞նչ ընեն բոլոր անոնք, որոնց անտեղի եւ ոչ մասնագէտ կը համարեն` զուտ քաղաքական նկատառումներէ մեկնելով:
Այսօր Նիկոլ Փաշինեանը հրապարակաւ քննադատելը նոյնքան անշնորհակալ գործ է, որքան անցեալին` Սերժ Սարգսեանը: Աւելին՝ հանրային կարծիքը ուղղակիօրէն կը ճնշէ այն ինչ կապուած չէ նոր անձի անվերապահ պաշտամունքին հետ: Տուեալ համակարգը յայտնի է եւ յենուած է այն տրամբանութեան վրայ, թէ մարդը կը խուսափի հասարակութենէն մեկուսացուելէ, կը վախնայ մինակ մնալ կամ դառնալ փոքրամասնութիւն, ուստի հակուած է աշխուժօրէն փնտռել «մեծամասնութեան» կարծիքն ու առանց մտածելու յարիլ անոր:
Յատկապէս ընկերային ցանցերուն վրայ այսօր ակներեւ է ատելութեան եւ հայհոյանքի լեզուն, որ իրեն հրապարակաւ խօսելու իրաւունք վերապահող իւրաքանչիւր մէկը աշխուժօրէն կ’օգտագործէ վերացական անհատներու հասցէին: Կարծես Նիկոլ Փաշինեանի կոչերը «սիրոյ եւ համերաշխութեան» մասին չեն վերաբերիր իրենց «յեղափոխութեան զինուոր» համարող այդ հարիւրաւոր անդէմ անձերուն, որոնք միշտ նստած են համացանցի վրայ` իրենց հանգիստի գօտիին մէջ, եւ ճահիճի խոնաւութեան մէջ թաքնուած գորտերու պէս անտեղի կ’աղմկեն` զուտ իրենց գոլութեան մասին ահազանգելով:
Ի՞նչ կը նշանակէ` «Դե՜հ, գացէ՛ք, տականքնե’ր» եւ բազում ուրիշ պիղծ խօսքեր գրառել այն մարդոց ետեւէն, զոր չես ճանչնար կամ որուն մասնագիտական մակարդակը չես կրնար գնահատել կամ որուն աշխատանքէն ազատած են` նոյնիսկ այդ մասին զինք չզգուշացնելով, հակառակ անոր որ տարիներ շարունակ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼԱԾ Է: Ի՞նչ է ասիկա, 1937 թուակա՞նը, երբ հարեւանի, «բարեկամի» կամ պարզապէս անծանօթի անհատական կարծիքով եւ ցանկութեամբ մարդու մասին հանրային բացասական կարծիք կը ձեւաւորէին ու կը պատժէին, իսկ տասը տարի անց` յետմահու կ’արդարացնէին:
Մենք աշխատանքէն անտեղի ազատուած որակեալ մասնագէտներու արտագաղթի նոր ալի՞ք կը ստեղծենք (բնական է` խօսքը այն անհատներուն մասին չէ, որոնց վերաբերեալ քրէական գործեր յարուցուած են): Մեր փոքրաթիւ ազգը արդեօք կրնա՞յ ինքնիրեն այսօր այդպիսի ճոխութիւն եւ յիմարութիւն թոյլ տալ:
Այժմ՝ բռնութեան մասին։
Բռնութիւնը իշխանութեան հասնելու, զայն իւրացնելու պատմականօրէն ձեւաւորուած համակարգերէն է։
Ի հարկէ, բռնութիւնը կրնայ օրինական ըլլալ՝ թոյլատրելի եւ օրէնքով սահմանուած։ Չմոռնանք, որ բռնութիւնը պետութեան կառավարման արդիւնաւէտ գործիքներէն է: Ցանկալի արդիւնք ստանալու համար մարդոց ոչ միայն պէտք է խրախուսել, այլեւ պատժել։ Բռնութեան կիրարկումը արդարացուած է նաեւ ներքին եւ արտաքին թշնամիներու հանդէպ, որոնք կը փորձեն խարխլել պետականութեան հիմքերը եւ կը սպառնան ազգային անվտանգութեան։
Իսկ կարելի՞ է արդեօք իշխանափոխութիւն՝ առանց բռնութեան։
Ի հարկէ, կարելի է ըսել՝ «այո՛» եւ պատմական տարատեսակ օրինակներ բերել։
Ներկայիս հայաստանեան իրողութիւններուն մէջ հասարակութեան ստուար զանգուածի գործողութիւնները՝ ընդհուպ մինչեւ վարչապետի հեռացումն ու նոր վարչապետի թեկնածութեան առաջադրումը, ուղեկցուած են բռնութիւններէ խուսափելու, խաղաղ եւ իրարու հետ համերաշխ ըլլալու իմաստուն կոչերով։ Այս հանգամանքը միաժամանակ պատուաբեր է ինչպէս հայաստանեան հասարակութեան ստուար զանգուածին, այնպէս ալ խաղաղ կերպով իշխանութենէն հեռացած Սերժ Սարգսեանի համար։
Միեւնոյն ժամանակ իշխանութեան համար որեւէ պայքար կ’ենթադրէ, որ անոր համար մրցող ուժերէն ոմանք իրենց նպատակին կը հասնին, իսկ ոմանք՝ ոչ։
Իսկ բռնութիւնը պայքարի աւանդական եւ նոյնիսկ անխուսափելի գործիքներէն է։
Քաղաքականութեան մասնակցողներու նպատակն է հասնիլ իշխանութեան, ունենալ զայն եւ օգտագործել, իսկ հասարակութեան նպատակը ուրիշ է՝ հանգիստ քնանալ եւ գիտնալ, որ պետութիւնը հոգ կը տանի իրենց համար։ Ուստի հասարակութիւնը չէ, որ կը պայքարի իշխանութեան համար, այլ հասարակութեան առանձին ներկայացուցիչները՝ հանդէս գալով հասարակութեան անունով։
Հասարակութեան շահերու ներկայացումը այլ քաղաքական ուժերու, որ է՝ լոպպիստական գործունէութիւնը, ոչ այլ ինչ է, քան ճնշում, իսկ ճնշումը բռնութեան տարատեսակ է։
Պատահական չէ, որ այս կամ այն շահերու ապահովման սատարող եւ զանոնք առաջ տանող խումբերը «ճնշման խումբ» կը կոչուին: Պարզունակ կ’ըլլար կարծել, թէ 21-րդ դարուն քաղաքական բռնութիւնը պէտք է իրականացուի աւանդական՝ ֆիզիքական մեթոտներով։ Այսօր տեղեկատուական յեղափոխութիւններու եւ քաղաքական արհեստագիտութեանց դարաշրջանին բռնութիւնը բազում այլ երանգներ եւ ձեւեր ստացած է՝ տեղեկատուա-հոգեբանական, ֆինանսական, կառավարման համակարգերու յարձակումներու բնոյթի եւ այլն։
Հասարակութեան կամքի պարտադրումը վարչապետ Սերժ Սարգսեանին եւ ապա հանրապետական կուսակցութեան՝ իր բնույթով (մեթոտները երկրորդական են) ոչ այլ ինչ էր, քան օրինական, ժողովրդավարութեան տառին համապատասխանող ճնշում։ Նոյնն ալ տեղի ունեցաւ Ազգային Ժողովին մայիսմէկեան քննարկումներու ընթացքին. ընդդիմութեան ամենաազդեցիկ փաստարկը ոչ թէ ԱԺ-ի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթներն էին, այլ իր ետին «Հանրապետութեան» հրապարակին ու փողոցներուն վրայ կանգնածներու պահանջները, այսինքն` հասարակական ճնշումը:
ԱԺ-ի մէջ մեծամասնութիւն կազմողներու ամենաուժեղ փաստարկը նոյնպէս ոչ թէ հանրապետականներու ելոյթներու ամբողջութիւնն էր, այլ անոնց ետին կանգնած իշխանական հնարաւորութիւնը, ներառեալ` բռնութիւն գործադրելու օրինական իրաւունքին դեռեւս տիրապետելը:
Ուստի, այն գաղափարաբանութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ գարնան ամիսներուն իրականացուած իշխանափոխութիւնը եւ անոր յաջորդող գործընթացները փոխադարձ իմաստով բռնի չեն, այսինքն` որեւէ փոխադարձ ճնշում չեն պարունակեր, նոյնպէս ժողովրդականութիւն է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ոեւէ մէկը իր կամքով իշխանութենէն չի հրաժարիր, նոյնիսկ եթէ տկար դառնայ: Իշխանութեան շուրջ մղուող պայքարը տարաձայնութիւն է, ուր կողմերէն մէկուն յաղթանակը պայմանաւորուած է կա՛մ միւսը բռնի կերպով ոչնչացնելու հնարաւորութեամբ, կա՛մ ալ բռնութեան այլ ձեւերու կիրարկման արդիւնքով միւս կողմի ինքնակամ վերացումով։
Նորութիւն չէ, որ ժամանակակից հայաստանեան հասարակութեան մէջ բարձր տարաձայնութիւնը տխուր եւ շատոնց արձանագրուած իրողութիւններէն է, իսկ քաղաքական բանակցութիւններու մշակոյթը (եւ նոյնիսկ փոքր հարցի շուրջ կենցաղային մակարդակի վիճաբանութեան խաղաղ ընթացքը)՝ աւելի շուտ բացառութիւն, քան լայնօրէն տարածուած երեւոյթ է։
Ուստի, քաղաքական մերօրեայ իրողութիւններու պայմաններուն մէջ, երբ ոեւէ մէկը իր կամքով իշխանութենէն չի հրաժարիր, եւ երբ հանրային ճնշումը, ըստ էութեան, արդէն բռնութիւն է, թէկուզ եւ խաղաղ, պէտք է հասկնալ, որ համակարգային փոփոխութիւններու պարագային իշխանութեան համար տարաձայնութիւնը պիտի շարունակուի։
Միեւնոյն ժամանակ, եթէ լրատուամիջոցներու կողմէ լայնօրէն լուսաբանուող հարթակներուն վրայ քաղաքական ժողովրդականութիւնը դարձեալ կրնայ ներկայացուիլ քաղաքացիական ընդվզումները եւ իշխանութիւններու դիմադրութիւնը՝ որպէս իրենց մէջ ճնշում եւ բռնութիւն չպարունակող, ապա աւելի ցած օղակներու մէջ՝ միջին եւ մանր պաշտօններու վերաբաշխման պարագային, ինչպէս նաեւ սովորական մարդոց կենցաղին, այդ ճնշումներն ու բռնութիւնը կրնան աւելի առարկայական, նոյնիսկ ֆիզիքական բնոյթ ստանալ։
Ընկերային ցանցերու վրայ անդէմ եւ ոչ ինքնահաստատուած տարաբնոյթ անձնաւորութիւններու կողմէ տարբեր պաշտօնեաներու հեռացման համար նախաձեռնուող ստորագրահաւաքները, աշխատանքէն այս կամ այն ազատուած անձի ետեւէն «ցեխ շպրտելու» նորաստեղծ փնթի սովորութիւնը ոչ այլ ինչ են, քան բռնութիւն։ Եւ եթէ զանգուածային ընդվզումը իր էութեամբ օրինական եւ ժողովրդավարութեան կանոնակարգերով իրականացուած ճնշում էր, ապա այդ շրջագիծին մէջ ընկերային ցանցերու եւ այլ հարթակներու վրայ բազում հայաստանցիներու եւ արտերկրի «հայրենասէր հայորդիներու» կողմէ կազմակերպուող եւ որոշ անհատներու դէմ ուղղուած, վերջիններս պիտակաւորող եւ անոնց հրաժարականը պահանջող միջոցառումները ոչ օրինական բռնութիւն են:
Քաղաքական իշխանութեան փոփոխութիւններու փաստի չարաշահումով անձնական հաշիւներու մաքրումը, միւսը զրպարտելու միջոցով պաշտօն ստանալը Պուլկաքովի «Շան սիրտը» ստեղծագործութեան հերոսներէն մէկուն անուանումով՝ Շուոնդերականութիւն է, իսկ մերօրեայ հայաստանցի շուոնդերները աշխուժօրէն կը ստուերեն ապրիլեան զանգուածային ընդվզման վեհ փաստը, կը խափանեն նոր իշխանութիւններու ձեւաւորման եւ գործունէութեան հնարաւորութիւնները։
***
Արթուր Աթանեսեանի Մասին
Արթուր Աթանեսեան քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր է, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալասարանի կիրառական ընկերաբանութեան ամպիոնի վարիչ:
Ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսանի փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ հոգեբանութեան բաժանմունքի փիլիսոփայութեան բաժնին մէջ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկին, ԱՄՆ Հիւսիսային Գարոլինայի համալսարանի Ուոլքերի անուան Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին, միջազգային իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան Ֆլեթչերի դպրոցին մէջ եւս (Թաւթս համալսարան):
Ըստ հեղինակին, ինք կի սորվի կաենքին մէջ եւ կը սորվի ամէն օր:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ TheArmenians.am
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
(«Զարթօնք»ի աշխատակից)