Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին ընդառաջ` գրողի երեւանեան թանգարանը նախաձեռնած է անոր երկերու լիակատար ժողովածուի վերահրատարակութիւնը:
1990-ականներուն Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկը, նշանաւոր գրականագէտ Էդուարդ Ջրպաշեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպած էր Թումանեանի 10-հատորեակի հրատարակութիւնը: Հակառակ ահռելի աշխատանքին` ժամանակի թելադրանքով որոշ նիւթեր հրատարակուած էին խմբագրումներով, կային բացթողումներ:
Վերջին տարիներու ընթացքին ի յայտ եկած էին նոր նիւթեր: Այդ բոլորը նկատի առնելով Յովհ. Թումանեանի թանգարանը, իր միջոցներով ու ԳԱԱՄ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի թումանեանագիտութեան բաժնի հետ համագործակցութեամբ սկսած է վերահրատարակել ամենայն հայոց բանաստեղծին երկերը:
Թանգարանին մէջ վերահրատարակութեան աշխատանքները սկսած են անցեալ տարուընէ: Առաջին հատորին մէջ Թումանեանի բանաստեղծութիւններն են` ժամանակագրական կարգով: Առանձին բաժինով սեւագիր եւ անաւարտ գործերն են: Որոշ բանաստեղծութիւններ տպագրուած են առաջին անգամ: Յաջորդ հատորներուն մէջ եւս պիտի ըլլան մինչեւ այսօր չհրատարակուած նիւթեր:
«Գուցէ մէկ կամ հինգ տարի անց այլ նիւթեր յայտնուին: Այն ինչ կայ այս պահուն, առանց խմբագրումներու տեղ պիտի գտնէ 10-հատորեակին մէջ, որովհետեւ յատկապէս Թումանեանի հրապարակախօսական յօդուածները, Արեւմտեան Հայաստան 1914-1915 կատարած ճամբորդութիւններու օրագրային գրառումները, ցաւօք սրտի, հասկնալի պատճառներով հրատարակուած են որոշակի խմբագրումներով»,- ըսած է թանգարանի փոխտնօրէն Անի Եղիազարեան:
Առաջին հատորը լոյս տեսած է 900 օրինակով: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսին հրատարակել եւս երկու հատոր: Երկու կամ երեք հատոր ալ պիտի տպագրուի յաջորդ տարի: «2 տարուան մէջ վեց հատոր հրատարակելը աներեւակայելի է»,- կ’ըսէ թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանը եւ կ’աւելցնէ, որ Թումանեանի եղբօր` Վահան Թումանեանի ընտանիքը կը պատրաստուի աջակցիլ երկրորդ եւ երրորդ հատորներու հրատարակութեան: