*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Քաղաքական Պահանջներ՝ «Ազգային Վերածնունդ» Կուսակցութենէն
Արցախի խորհրդարանին մէջ Յունիս 13-ին տեղի ունեցած է «Ներքաղաքական իրավիճակը ու Ազգային Ժողովի ընելիքները» թեմայով լսումներ: Առիթը ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Խանումեանի հրաւիրած հանրահաւաքն էր: Թէ՛ իշխանական թեւի, թէ՛ ընդդիմադիր պատգամաւորները հաւաքներուն դէմ չեն: Իրենց գործընկերոջը կոչ ըրած են Արցախի իւրայատկութիւնները եւ մարտահրաւէրները հաշուի առնել: «Մեր իւրաքանչիւր քայլը պէտք է հաշուարկուած ըլլայ այն տեսանկիւնէն, թէ ինչքանո՛վ այդ քայլը առաջ կը տանի մեր հասարակութեան եւ ինչքանո՛վ կրնայ վտանգել մեր անվտանգութիւնը՝ ընդհանուր առմամբ»,- ընդգծած է Արցախի ԱԺ ընդդիմադիր «Շարժում-88» խմբակցութեան անդամ Գագիկ Բաղունցը:
Խորհրդարանի ընդդիմադիր Հայկ Խանումեան օրեր առաջ յայտարարած էր Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ հանրահաւաք կազմակերպելու մտադրութեան մասին: Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը սահմանուած կարգով չէր ծանուցուած: Հանրահաւաքէն ժամեր առաջ Ստեփանակերտի համայնքային աւագանին նիստ գումարեց հանրահաւաքի կազմակերպիչներու մասնակցութեամբ եւ յայտարարեց, որ թոյլ չի տար Վերածնունդի հրապարակին մէջ նմանատիպ հաւաքի իրականացման եւ այլընտրանքներ առաջարկեց: «Օրինակ՝ Նելսոն Ստեփանեանի անուան զբօսայգին, Ստեփան Շահումեանի անուան մարզադաշտը, ի վերջոյ Մենք ենք մեր սարերը յուշարձանի յարակից հրապարակը»,- կը թուարկէ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը: Կազմակերպիչները խոստացան զայն հաշուի առնել հետագայ հանրահաւաքներու համար, իսկ յայտարարուած հանրահաւաքի տեղը փոխելուն չհամաձայնեցան: Քաղաքապետարանը իր որոշումին մասին ծանուցում ուղարկեց ոստիկանութեան:
Քաղաքապետարանի որոշումին արձագանգելով՝ Յունիս 13-ին ոստիկանութիւնը արգելափակած է Վերածնունդի հրապարակը: Հրապարակ հասած ոստիկանութեան նորանշանակ պետ Իկոր Գրիգորեանի եւ հաւաքի կազմակերպիչներու՝ Ազգային վերածնունդ կուսակցութեան ղեկավարներու բանակցութիւններուն արդիւնքով որոշուեցաւ հանրահաւաքը հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող Նելսոն Ստեփանեանի անուան զբօսայգիին մէջ իրականացնել: Հայկ Խանումեանը կ’ընդգծէ, որ Յունիսի սկիզբը սկսած քաղաքացիական շարժումին փոխարէն Արցախի մէջ քաղաքական շարժում կը սկսի, որուն պահանջներուն ներկայացման համար ձեւաւորուած հանրային խորհուրդը բաւարար չէ: «Հանրային հարթակի վրայ մարդիկ իրենց բողոքներն ու խնդիրները կը ներկայացնեն: Մենք կը ներկայացնենք ճգնաժամի պատճառները եւ մեր քաղաքական լուծումները կ’առաջարկենք»,- կը մանրամասնէ ԱՀ ԱԺ պատգամաւոր, «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութեան նախագահ Հայկ Խանումեանը:
Քաղաքական առաջին պահանջը կարճ կը ձեւակերպէ՝ նախագահի հրաժարական: Այդ շարքին դատական համակարգի բարեփոխումներու պահանջն է, քաղաքական դաշտի ազատականացումը, մամուլի ազատութեան ապահովումը, քաղաքական հասարակութեան ամրապնդումը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեանը ներարցախեան իրավիճակը արտառոց չի համարեր: Օրէնքը չ’արգիլեր հաւաքները: Իւրաքանչիւրը ազատ է իր կարծիքը արտայայտելու, հանրահաւաք իրականացնելու հարցին մէջ: Պարզապէս այդ մէկը պէտք է ընել օրէնքով սահմանուած կարգով ու թոյլատրուած վայրերու մէջ: «Այս զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ Արցախը իսկապէս ժողովրդավարական երկիր է եւ իւրաքանչիւր ոք կրնայ իր կարծիքը արտայայտել: Երէկ շուրջ 30 մարդ հաւաքուած էր: Բնական է: Եթէ նոյնիսկ մէկ մարդ ըլլայ, իրաւունք ունի գալու եւ իր կարծիքը ըսելու»,- կ’ընդգծէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեանը:
Պահանջները այս պահուն «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնը առանձին կը ներկայացնէ եւ առանձին ալ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ հանրահաւաքներու կազմակերպման հարցին մէջ:
Հանրահաւաքի կազմակերպիչները համոզուած են, որ իրավիճակը հնարաւոր է հարթել ներարցախեան միջոցներով: Այս պահուն այդ միջոցներէն մտադիր են հանրային ճնշման գործիքը կիրարկել: Հայկ Խանումեանը Յունիս 13-ին կայացած հանրահաւաքը մեկնարկ կը յայտարարէ: Հետագայ օրերուն եւս տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ, քննարկումներ տեղի կ’ունենան:
Ստեփանակերտ