Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբի Տարեկան Ելոյթը Նշանաւորուեցաւ Մեծ Յառաջընթացով

Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբին տարեկան ելոյթը, որ յաջողեցաւ ներկաները համակել հայ պարի խրոխտութեամբ ու նազանքով եւ գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահերով:

Ելոյթը բացուեցաւ հայկական աւանդական Նազպարով, որուն յաջորդեցին թիւով 18 պարեր, որոնք ներկայացուեցան  «Շուշի» պարախումբի չորս ենթախումբերուն՝  նախկին սաներուն, երէցներուն եւ միջակ ու փոքր տարիքի խմբակներուն կողմէ՝  առանձնաբար եւ միացեալ: Պարացանկը գրեթէ ամբողջութեամբ բաղկացած էր հայկական պարերէ ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով:

Յայտագիրը յատկանշուեցաւ պարերու բեմադրութեանց, տարազներու եւ երաժշտական ձեւաւորման բարձրաճաշակ բծախնդրութեամբ, ինչպէս նաեւ պարողներու ակնյայտ խանդավառութեամբ եւ լաւապէս պատրաստուած կատարումներով:

Ելոյթի փակման խօսքին մէջ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Շուշի պարախումբի պարուսոյցներ տիկին Սարին Արթինեան Տեմիրճեանին եւ Պարոն Աւօ Գարաքէշիշեանին՝ նուիրումով ու սիրով կատարուած գործին եւ արձանագրուած արդիւնքին համար: Ան նաեւ գնահատեց պարախումբի բոլոր անդամներուն եւ վարչական օգնականներուն աշխատանքը՝ այս իրագործումին մէջ: Պարոն Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Շուշի պարախումբին հինգերորդ ելոյթը կու գայ յստակօրէն նշելու մեծ յառաջընթաց թէ՛ քանակական եւ թէ՛ որակական առումներով: Ան յոյս յայտնեց, որ պարախումբին անդամներուն թիւը հետեւողական աճ կ’արձանագրէ՝ յատկապէս ներգրաւելով արական սեռի ներկայացուցիչներ:  Պարոն Գալուստ մատնանշեց այն զուգահեռը, որ գոյութիւն ունի «Մեսրոպեան» եւ «Շուշի» անուանումներուն միջեւ. եթէ երկրորդը, Սարդարապատի հետ միասին, կը խորհրդանշէ հայ ռազմական ուժին յաղթանակը, ապա Մեսրոպեանը խորհրդանիշն է այն յաղթանակին, որ հայութիւնը Սփիւռքի մէջ կարողացաւ իրականացնել հայապահպանութեան դժուարին ճակատին վրայ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին