Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Լեհաստանի Մէջ Թրքական Բանակի Յուշարձան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-Ամեակի Ոգեկոչումներ

*Դոկտ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ*

Ինչպէս սփիւռքի մէջ բնակող հայ համայնքներու մեծամասնութիւնը, նոյնպէս լեհահայերն ալ մօտէն հետեւեցան այս տարուան Ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական տագնապին, ժողովրդային ցոյցերուն, ընդվզումին եւ պետական համակարգ փոխելու արդար պահանջներուն, որոնք նախ եւ առաջ ուղղուած էին Հայաստանի մէջ տիրող իշխանութեան ու անոր շահագործող հարստապետական կարգերուն դէմ եւ հայ քաղաքացիին արժանապատիւ ապրելակերպ ապահովելու, ընկերային տնտեսական բնագաւառին մէջ արդար հասարակարգ ձեւաւորելու եւ օրէնքի իշխանութեան ներկայութիւնը պարտադրելու հիմնական ու վսեմ նպատակներուն: Իշխանութենէն խաղաղօրէն հեռանալու ու քաղաքակիրթ ոճով իշխանափոխութեան այս օրինակելի անկիւնադարձը եզակի ու ուսանելի երեւոյթ մըն է ոչ միայն միջին արեւելեան պետութիւններուն, այլ նաեւ ամբողջ ազատատենչ աշխարհին համար:

Յատկանշական էր նաեւ Լեհաստանի մէջ այս տարուան հայանպաստ քաղաքական եռուզեռը, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած զանազան նախաձեռնութիւնները, զորս անհնար է բոլորը յիշատակել:

Սակայն ինքնայատուկ էր 2018 թուականի առաջին օրերէն ծայր առած Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թրքական բանակի զինուորներու յիշատակին նուիրուած Լեհաստանի մէջ յուշարձան կանգնեցնելու թրքական նախաձեռնութիւնը: Յուշարձան կանգնեցնելու այս ծրագրի թրքական կամեցողութիւնը կեանքի կոչուած էր Լեհաստանի մէջ թրքական դեսպանատան ջանքերու միջոցաւ:

Երբ 17 Հոկտեմբեր 2017-ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Լեհաստան այցելութեան ժամանակ անոր ներկայացուցած առաջարկին հիման վրայ հաւանութին տրուած էր երկու յուշարձաններ կանգնեցնելու ծրագրին, մին մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ, իսկ միւսը՝ Քրաքով: Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը ձեռնածալ չմնաց այս երեւոյթին դիմաց: Քրաքով քաղաքի մէջ երկար տարիներէ ի վեր գործող հայ մշակութային ընկերութեան մասնակցութեամբ ու լեհահայութեան հետ միատեղ ջանքերով ընկերային ցանցերու, ստորահաւաքներու, բողոքներու ու Քրաքով քաղաքի քաղաքապետարանի ազդեցիկ ներկայացուցիչներու, հայկական շահերը պաշտպանող համախոհներու օգնութեամբ, լեհահայերու բարեկամ՝ լեհ ականաւոր քաղաքական գործիչներու, զանազան անձնաւորութիւններու, գրաւոր ու բերանացի փողոքներու, ջանքերու արդիւնքով լեհահայութիւնը կարողացաւ խոչընդոտել ու արգելակել Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թրքական բանակի զինուորներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան կանգնեցնելու թրքական նախաձեռնութիւնը:

Յաջորդ յիշատակելի նախաձեռնութիւնը եղաւ Բոզնան քաղաքի մէջ Սուրբ Պենետիկդի հիմնարկութեան ու միջազգային քննարկումներու կեդրոնի միատեղ կազմակերպութեամբ` Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2018 ին Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի առիթով տեղի ունեցաւ «Հայկական հարցը երէկ եւ այսօր» դասախօսական շարք, հանրային ասուլիս եւ հայկական պատարագ:  Այս առիթով Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ կազմակերպուած նախաձեռնութեան,  հանրային ասուլիսին ու պատարագին: Դասխօսութիւններ ունեցան Վերոնիքա Թոմիս, Մակտալենա Ստաշիաք եւ ուրիշներ: Պէտք է յիշել, որ Բոզնանի պետական համալսարանի դասխօս լեհ փրոֆ. Կժեկոժ Քուխարչիք բազմաբովանդակ ու տպաւոիչ դասախօսութիւն ներկայացուց՝ լուսաբանելով հայկական հարցին հետ կապուած գերմանական առնչութիւնները: Քուխարչիք հեղինակն է նաեւ Լեհաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Քսաներորդ դարու առաջին հոլոգոսթը» գիրքին, որուն առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսաւ 2005-ին, իսկ երկրորդը՝ 2012-ին, այս առիթով սրտի խօսք փոխանձեց նաեւ եւրոխորհուրդի լեհ պատգամաւոր հայասէր Մարէք Եուրէքը, դասախօսական շարքի այս երեւոյթին անդրադարձաւ տեղական մամուլը:

Համագումարէն ետք ներկաները հրաւիրուած էին Բոզնանի Սուրբ Մալկոժաթա կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հայկական պատարագին: Հետաքրքրական էր, որ Կոմիտասեան  պատարագի խմբային երգեցողութիւնը կատարելու համար վերոյիշեալ կազմակերպիչներու հրաւէրով Ուքրանիայէն հրաւիրուած էր ուքրանացի դպրապետ Անդրիաս Սքրապիուքը, որ երկար տարիներէ  ի վեր կը ղեկավարէ Լվովի Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման մայր եկեղեցւոյ Սաղմոս երգչախումբը: Դպրապետ Սքրապիուք երեք օրերու մէջ խտացուած դասընթացքի շնորհիւ կարողացաւ մարզել 30 լեհերէ կազմուած երգչախումբը, որուն երկու հալէպահայեր կը մասնակցէին: Մարզուած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ ներկայ խուռներամ հաւատացեալներուն հրապուրիչ ձեւով ներկայացուց Կոմիտասեան հմայիչ պատարագի երաժշտութիւնը: Պատարագը հայերէն լեզուով մատուցեց հայ եկեղեցւոյ ծէսին նուիրեալ լեհ հոգեւորական ու Վարշաւայի Սթեֆան Վիշինսքիի Աստուածաբանական կաթողիկէ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Եուզէֆ Նաումովիչը:

Իսկ Լեհաստանի Վրոցլավ քաղաքի ազգագրական թանգարանի մէջ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ հայ-լեհական կապերու զարգացման կեդրոնի հասարակական կազամկերպութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած մշակութային ու գեղարուեստական երեկոյ: Նախաձեռնութենէն առաջ Լեհաստանի ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեանի մասնակցութեամբ Վրոցլավի մէջ հայկական պուրակին մէջ գտնուող խաչքարի առջեւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք ներկաները ուղղուեցան տեղւոյն ազգագրական թանգարան: Հայ-լեհական կապերու զարգացման կեդրոնի նախագահ Կարէն Շահումեանի գրական երեկոյի բացման խօսքէն ետք ՀՀ դեսպանը 103-ամեակի այս առիթով փոխանձեց իր սրտի խօսքը: Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներ ջութակի ու կիթառի վրայ հայ դասական ու հայրենասիրական երգեր նուագեցին: Բոզնանցի լեհ բանաստեղծուհի, թարգմանիչ, լրագրող, մշակութային գործիչ, զանազան մրցանակներու դափնեկիր, բազմաթիւ բանաստեղծական հատորներու, թարգմանութիւններու հեղինակ, Հայաստանի գրողներու միութեան ոսկէ մետալակիր՝ Կալինա Իզապելա Ժոլան հատընտիր մը ընթերցեց իր բանաստեղծութիւններէն, իսկ ՀՀ դեսպան Է. Ղազարեան մասնակցեցաւ այդ բանաստեղծութիւններու հայերէն  թարգմանութիւններու ընթերցումով: Թող այս նախաձեռնութիւնները խունկ ու աղօթք դառնան մեր սրբադասուած նահատաներու բազմաչարչար հոգիներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին