Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Արմէն Աշոտեան Կ’արձանագրէ, Որ ՀՀԿ-ն Խորհրդարանին Մէջ Այլեւս Բացարձակ Մեծամասնութիւն Չունի

Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան կ’արձանագրէ, որ խորհրդարանական ՀՀԿ խմբակցութիւնը այլեւս բացարձակ մեծամասնութիւն չի կազմեր: Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արմէն Աշոտեանը, անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ 6 պատգամաւոր արդէն հեռացած է ՀՀԿ խմբակցունենէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ խմբակցութիւնը 52 աթոռ ունի, բացատրեց, թէ ՀՀԿ-ն այդպիսով կը զրկուի բացարձակ եւ որոշիչ մեծամասնութիւն ըլլալէ: «Մեծամասնութեան տարբեր տեսակ կ’ըլլայ խորհրդարանական կառավարման կառուցուածքի տեսակէտէն՝ սահմանադրական մեծամասնութիւն, զոր մենք ունէինք նախորդին ՀՅԴ-ի հետ, բացարձակ մեծամասնութիւն կ’ըլլայ, երբ որեւէ քաղաքական ուժ 50+1 ձայներու քանակ ունի. ատիկա ՀՀԿ-ն էր մինչեւ այսօր. եւ կայ պարզապէս մեծամասնութիւն, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական որեւէ ուժ ունի ամենամեծ ձայներու քանակը, սակայն չի տիրապետեր 50+1 ձեւաչափին»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով ընդգծեց Աշոտեանը:

Ան աւելցուց, թէ ՀՀԿ-ն արդէն մեծամասնութիւն չէ, սակայն նկատեց, որ կը շարունակեն մնալ խորհրդարանին մէջ ամենաշատ պատգամաւոր ունեցող խմբակցութիւնը: «Այսինքն՝ ձայներու քանակով առաջին խմբակցութիւնն ենք, սակայն եթէ մնացած պատգամաւորները միասնական քուէարկութեամբ հանդէս գան, ապա իրենք կը դառնան որոշիչ մեծամասնութիւն»,- ըսաւ ան:

Աշոտեանը կարծիք յայտնեց, որ այս իրավիճակը պէտք է դիտարկել քաղաքական բնական գործընթացներու ձեւափոխութեան հունին մէջ: «Ակնյայտ է, սակայն, որ կուսակցախումբէն որոշ գործիչներու դուրս գալը պայմանաւորուած է նաեւ պետական մարմիններու ոչ համաչափ գործողութիւններով: Ասիկա իմ անձնական կարծիքս է: Ակներեւ է, որ այս գործընթացները գործադիր իշխանութեան մէջ եղած իշխանափոխութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է, եւ խորհրդարանը աւելի շատ համահունչ կը դառնայ հասարակական-քաղաքական տրամադրութիւններուն, այն առումով, որ գումարային որոշիչ ձայները այլեւս ՀՀԿ-ին չեն պատկանիր: Ասիկա, ի հարկէ, կ’ենթադրէ, որ ոչ ՀՀԿ-ական բոլոր պատգամաւորները՝ անկախները եւ այլ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները, այդ պարագային պէտք է միասնական քուէարկեն եւ ներկայ ըլլան քուէարկութիւններուն: Քանի որ շատ փոքր է ձայներու տարբերութիւնը, եւ նոյնիսկ եթէ 1-2 պատգամաւոր ալ լքէ ՀՀԿ-ն, քուէարկութեան ժամանակ խնդիր կայ երկու կողմերէն ալ»,- մանրամասնեց Արմէն Աշոտեանը: Պատգամաւորին խօսքով՝ ռազմավարական տեսակէտէն ՀՀԿ-ն խորհրդարանին մէջ եւ քաղաքական ամբողջ դաշտի վրայ միակ ընդդիմութիւնն է: Արմէն Աշոտեան ըսաւ, թէ իրեն ծանօթ չէ արտախորհրդարանական որեւէ քաղաքական ուժ, որ ինքզինք որպէս ընդդիմութիւն կը դիտարկէ: «Ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքական զարգացումներու տրամաբանութեան մէջ ՀՀԿ-ի դիրքերը կը բիւրեղանան. բան մը, որ կարեւոր է նաեւ գործադիրին համար, որովհետեւ եթէ մենք ժողովրդավարութեան, քաղաքական բազմակարծութեան մասին կը խօսինք, ակնյայտ է, որ ՀՀԿ-ն իր քաղաքական արժէքը կը վերաիմաստաւորէ՝ այս պարագային որպէս քաղաքական բազմակարծութիւն ապահովող քաղաքական կարեւոր մարմին»,- ըսաւ ան:

Աշոտեանը չբացառեց, որ ՀՀԿ-ն լքող նոր պատգամաւոր կ’ըլլայ: «Կը կարծեմ, գործընթացը կրնայ շարունակուիլ ոչ այն ծաւալով, որ եղած է մինչեւ այսօր, սակայն չեմ բացառեր, որ եզակի դէպքեր տեղի կ’ունենան: Բոլոր պարագաներուն, ՀՀԿ-ն պիտի պահպանէ իր թիւ մէկ քաղաքական խմբակցութեան դերը՝ ամենամեծ խմբակցութիւնը ըլլալով այս խորհրդարանին մէջ»,- եզրափակեց ՀՀԿ-ական պատգամաւորը:

Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութիւնը լքելու մասին Յունիս 6-ին յայտարարած է Սամուէլ Ալեքսանեանը: Մինչ այդ խմբակցութիւնը լքած էին պատգամաւորներ՝ Արթուր Գէորգեանը, Արման Սահակեանը, Շիրակ Թորոսեանը, Ֆելիքս Ցոլակեանը, Արտակ Սարգսեանը: Այսպիսով, 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով 58 աթոռ ստացած ՀՀԿ խմբակցութիւնը այս պահուն ունի 52 աթոռ, ինչ որ նշանակէ, որ խմբակցութիւնը կը զրկուի բացարձակ եւ որոշիչ մեծամասնութիւն ըլլալէ:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին