Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մխիթար Հայրապետեանը, Երկպալատեայ Խորհրդարանը Եւ Սփիւռքը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Սփիւռքի նոր նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ այդ պաշտօնին նշանակուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, Մայիս 11-ին յայտարարած էր, որ երկրորդ օրէնսդիր մարմին պիտի ստեղծուի Հայաստանի մէջ` սփիւռքահայերը ներկայացնելու համար: Իտէալական, սակայն, ըստ ինծի, անիրագործելի ծրագիր, որ կարօտ է խոր քննարկումի:

Ընկերային գիտութիւններու մէջ ազգի մը կամ համայնքի մը բոլոր մասնիկներուն ընկերաքաղաքական համարկումը (integration) յաջողցնելու համար շատ կարեւոր գործիք է անոնց, ինչպէս՝ ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս, նաեւ քաղաքական կեանքի մէջ լաւագոյնս ընդգրկումին: Հետեւաբար նախարարին առաջարկը գիւտ մը չըլլալով հանդերձ (եթէ նկատի ունենանք, որ ան նաեւ կը պատկանէր ՀՀ Սփիւռքի հիմնադիր նախարարին, որ նախարարութեան հիմնադրութեան առաջին օրերուն արտայայտուած էր այս մասին, սակայն աւելի ուշ եւ, երեւի աւելի եւս ճանչնալով Սփիւռքը, Տիկ. նախարարը յարմար չէր տեսած աւելի եւս առաջ քշել զայն) պէտք է ընդունիլ, որ բաւականին ազնիւ, ժողովրդական, նաեւ վերի տեսութեան հետ համահունչ է փաստօրէն:

Արաբերէն ասացուածքը կ’ըսէ. «Սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ կը կայանայ»: Ուրեմն եթէ իտէալականէն եւ, ինչո՛ւ չէ, ժողովրդականութենէն (populism) անդին անցնելով,  երբ սկսինք մտածել այս առաջարկին գործնականացումին մասին, իմ համեստ կարծիքով մենք պիտի հանդիպինք աւելի քան լուրջ խոչընդոտներու ու նաեւ վտանգներու:

Բացատրեմ միտքս: Հայկական Սփիւռքը դժուար է վերլուծել՝ պարզապէս հիմնուելով ողջմտութեան (common sense) կամ պատրաստի տեսութիւններու վրայ: Հետեւաբար գիտական մօտեցում չէ քանի մը ծանօթութիւններու վրայ հիմնուած եզրակացութիւններու յանգիլ անոր իրավիճակին մասին: Սփիւռքը շատ աւելի բարդ է եւ նաեւ բարդութաւորուած, քան ինչպէս կրնայ պատկերացուիլ ոմանց կողմէ: Սփիւռքի ճանաչողականութիւնը խորունկ ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի:

Օրինակի համար, ըստ ինծի, չկայ մէկ Սփիւռք: Կան սփիւռքներ իրենց մասնայատկութիւններով, բարդութիւններով ու խնդիրներով, որոնք կարգաւորելու հասունութեան ու լուծումներու շուրջ հասարակաց կարծիքի մը գոյառումը չիրագործած գրեթէ անկարելի է համասփիւռքեան տարողութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել եւ ակնկալել, որ ան յանգի յուսալի արդիւնքներու:

Հակառակ այն իրողութեան, որ գաղափարականօրէն կը պատկանիմ ժողովրդավարութիւնը դրօշ ընտրած կուսակցութեան մը, որ սկզբունքով պէտք է ինք ջատագովէ ընտրութեամբ ներկայացուցիչներ քաղաքական բեմ հասցնելու ու ժողովուրդի մը համար օրէնսդիր իշխանութեան աւելի քան պալատ ստեղծելու գաղափարը, սակայն այս պարագային նաեւ հաւատալով, որ մեր կուսակցութիւնը՝ ՌԱԿ-ը քաղաքական եւ գաղափարական կուսակցութիւն մը ըլլալէ անդին ու վեր՝ ազգային կուսակցութիւն է, որուն համար ազգային ապահովութիւնը աւելի քան կենսական է, որպէս հաւատաւոր անդամը անոր, չեմ կրնար քաջալերել համասփիւռքեան ընտրութիւններու կայացումը, որքան ալ գաղափարը ազնիւ ըլլայ: Նման բան կրնայ աւելի եւս պառակտել Սփիւռքը թէ՛ գաղաբարական ու թէ՛ ժողովրդագրական իմաստներով. այսինքն՝ առաջարկը կրնայ ծառայել իր նպատակադրած լաւ բանին ճիշդ հակառակին…:

Երկրորդ կարեւոր մտահոգութիւնը, որ դարձեալ կապակցութիւն ունի վերոյիշեալ առաջարկին գործնականացումին միտող մանրամասնութիւններուն ու հոն թաքնուած սատանաներուն հետ, հետեւեալն է. մարդկային արդի պատմութեան մէջ մեծ է թիւը այն երկիրներուն, ուր կայ հայկական համայնք մը, որոնց մօտ եւ միջեւ պէտք է կատարուին ընտրութիւններ՝ կազմելու ՀՀ Ազգային ժողովի երկրորդ պալատը, որ, ըստ Պրն. նախարարի առաջարկին, կազմուած պիտի ըլլայ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներէ:  Երկրի մը քաղաքական կեանքին մէջ նման տասնեակ պատկանելիութիւններով յաճախ ալ հակասական նոյնացումներով (identification) ի՞նչպէս կարելի է երկրի մը համար խորհրդարանական առողջ մարմին մը ստեղծել: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ առաւել կամ նուազ չափով կապուած է իր ծննդավայրին ու ջատագովը տուեալ ծննդավայրին իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան: Ոմանք ծառայողներ են բազմատեսակ գործակալութիւններու եւս: Անոնցմէ շատեր աւելի ռռւս են, ամերիկացի կամ եւրոպացի են, քան հայ: Աւելին, ի՞նչպէս կարելի է այդ խորհրդարանին մէջ տեղ գտած ամերիկահայուն մոռցնել տալ իր ամերիկեան պատկանելիութիւնը եւ ակնկալել, որ իր որոշումներն ու կեցուածքները բխին միայն ու միայն Հայաստանի շահերէն: Մարդկայնօրէն անկարելի բան է: Հետեւաբար ի՞նչպէս ռուսահայը պիտի գործակցի ամերիկահայ իր պաշտօնակիցին հետ՝ երբեմն հակասելով իր ծննդավայրին քաղաքականութեան: Ի՞նչպէս ամերիկահայը պիտի հանդուրժէ ծաւալողական քաղաքականութեան ու մշակոյթի երկրէն եկող պարսկահայուն: Լիբանանահայը ի՞նչպէս պիտի սիրէ սուրիահայը եւ հակառակը: Իրենց այս հակասութիւններով ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը անվտանգ պահել:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ՝ նախարարի առաջարկին մէջ տեղ գտած երկպալատ խորհրդարանը պիտի վերածուի քաղաքական լաբիրիւնթոսի,  մինչ նոր պալատը՝ քաղաքական բաբելոնի աշտարակի:

Եզրակացնելու համար, համեստիս կը մնայ ՀՀ Սփիւռքի երիտասարդ նախարարին առաջարկել, որ ըլլայ համբերող իր առած քայլերուն մէջ, աւելի եւս փորձէ ճանչնալ իրեն վստահուած նախարարութեան գործելադաշտը հանդիսացող հայ սփիւռքները, որպէսզի իր որոշումներն ու աշխատանքը  լաւագոյնս արդիւնաւորուին՝ յօգուտ Հայ ժողովուրդին ի Հայաստան ու Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին