Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախ Կը Գտնուին՝ Իրագործուածը Գնահատելու Եւ Ընելիքները Յստակեցնելու Առաքելութեամբ

Բնակարաններ բազմազաւակ ընտանիքներուն, համայնքային կեդրոններ, ուսումնական հաստատութիւններ, արտեզեան հորեր եւ արեւային ուժանիւթի օգտագործման նոր հնարաւորութիւններ: Երեք օրուան ընթացքին կարմիր ժապաւէն կտրելու բազմաթիւ առիթներ եղած են: Հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական նիստէն առաջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը երեք օր շարունակ՝ Մայիս 18-21 շրջած է Արցախի մէջ:

Նոր Առանձնատան Հետ Բարեկամներ Պրազիլի Մէջ

Նորակառոյց ճանապարհով ու բարձր տրամադրութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներն ու նուիրատուները Արցախ հասան: Այցը առիթ է արդէն իրականացուած ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու, ընթացիկ աշխատանքներուն ծանօթանալու եւ հետագայ ծրագիրներու մասին մօտեցումները յստակեցնելու համար: Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին շահագործման յանձնելէ ետք Արցախի հիւսիսային հատուածը ներառող Շահումեանի ու Մարտակերտի շրջաններուն մէջ երթեւեկը աշխուժացաւ: Աստիճանաբար այդ աշխուժացման հետեւանքները սկսան երեւիլ մայրուղիի երկայնքով տեղակայուած մէկ ու կէս տասնեակ համայնքներուն մէջ: «Ճամբան, կրնանք ըսել, վերջերս բացուեցաւ, բայց արդէն իսկ նկատելի է անոր դրական ազդեցութիւնը: Անիկա նկատելի աշխուժութիւն կը հաղորդէ մեր շրջանին: Նաեւ նոր հնարաւորութիւննր կ’ապահովէ: Ճամբու երկայնքով արդէն իսկ հանրային նշանակութեան 3 կառոյց կառուցուած է մեր շրջանին մէջ: Կրնանք վստահ ըլլալ, որ մինչեւ տարեվերջ այդ թիւը կը կրկնապատկուի»,- լաւատեսութիւնը չի թաքցներ Շահումեանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Յարութ Մնացականեանը:

Արցախի հիւսիսը մայրուղիի կառուցումը հիմնադրամի միակ ծրագիրը չէր: Հիմնադրամի տարաբնոյթ ծրագիրները բազմաթիւ շահառուներ ունին նաեւ Արցախի այս հատուածին մէջ: Չարեքտար գիւղէն Ցականեաններու բազմանդամ ընտանիքը նորակառոյց առանձնատուն ստացաւ: «Երեք ննջասենեակ է, հիւրասենեակ, խոհաոց: Բոլոր յարմարութիւները կան»,-  կը թուարկէ ընտանիքի մայրը՝ Սիրանուշ Բարսեղեան-Ցականեանը: Շնորհաւորանքները առաջին հերթին ընտանիքի 5 երեխաներուն կ’ուղղուին. աւագը զինուորական ծառայութիւնը նոր աւարտած է, իսկ կրտսերը, հակառակ բազմաթիւ հիւրերու աղմկոտ ներկայութեան, քնացած է: Ցականեաններու ընտանիքը ոչ միայն նոր առանձնատուն ստացաւ, այլեւ բարեկամներ ձեռք բերաւ՝ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու: Առանձնատունը Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմինի ֆինանսաւորումով կառուցուած է: Ընտանիքի հետ կապը համայնքի ներկայացուցիչները կը խոստանան բարեկամութեան վերածել: «Այո՛, ինչու ոչ: Անպայման: Ամէն անգամ Արցախ այցելելու ժամանակ կու գանք, մեր նոր բարեկամներուն հետ գաւաթ մը սուրճ կը խմենք: Առաւել եւս, որ բնակարանը նոյնինքն Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի հարեւանութեամբ կը գտնուի»,-  կը խոստանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի տեղական մարմինի ղեկավար Քարլոս Պոյաճեանը:

Գետաւանի Մէջ Հերթական Նախաձեռնութիւնը. Յաջորդը Դպրոց Պիտի Ըլլայ

Չարեքտարէն մի քանի քիլոմեթր հեռու, բայց արդէն ոչ թէ Շահումեանի, այլ Մարտակերտի շրջանն էր հիմնադրամի բազմամարդ պատուիրակութեան կանգառը, Գետաւան գիւղին մէջ: Այստեղ հիւրերուն կը սպասէին ոչ պակաս տօնական տրամադրութեամբ ու շահառուներու անհամեմատ մեծ բանակով: Օրը բոլոր գետաւանցիները հաստատ պիտի յիշեն: Համայնքային կեդրոնի՝ 2015-ին մեկնարկած շինարարութիւնը աւարտած է: Գետաւանցիներուն շնորհաւորելու եկած են նաեւ Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, կառավարութեան անդամներ: Համայնքային կեդրոնը կառուցուած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորումով: «Կ’ուզեմ վստահեցնել, որ ասիկա վերջին նախաձեռնութիւնը չէ,- համայնքային կեդրոնի բացման արարողութեան նշած է պետական նախարարը:- Գիւղի զարգացման ուղղուած մեր ծրագիրները պիտի շարունակուին»: Արցախի մէջ հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի հերթական նախաձեռնութիւնը Միշէլ Թանքրեզի համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի: 1990-ականներուն մի քանի անգամ եղած է այս գիւղը, շատ յուշեր ունի: Իսկ յետոյ վերադարձած է բարեգործական ծրագիրներով, որոնց շարքին համայնքային կեդրոնի բացումը հերթականն է: «Գիւղի ջրամատակարարման հարցը կարգաւորած ենք: Աւելի ուշ, գիւղի դպրոցին գոյք տրամադրած ենք, իսկ հիմա՝ համայնքային կեդրոնը: Վստահ եմ, որ այս համայնքային մեծանշանակ կեդրոնը գիւղի սիրտը կը դառնայ»,- ուրախութիւնը չի թաքցներ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆրանսայի տեղական մարմինի ղեկավար Միշէլ Թանքրեզը: Երախտապարտ գետաւանցիները իրենց շնորհակալութիւնը արտայայտելու ձեւ գտած են: Միշէլ Թանքրեզը արդէն Գետաւանի պատուաւոր քաղաքացի է: Պատուաւոր քաղաքացին ու համայնքի ղեկավարը միասին կը կտրեն կարմիր ժապաւէնը՝ ազդարարելով, որ Գետաւանին արդէն հասանելի են տարիներով սպասուած հնարաւորութիւնները: «Հանդիսութիւններու 150 աթոռնոց սրահ ունի կեդրոնը, բայց 200-ի համար կահաւորուած է: Այստեղ նաեւ համայնքապետարանը եւ քարտուղարութիւնը պիտի ըլլայ»,- կը թուարկէ Գետաւանի համայնքի ղեկավար Արարատ Զաքարեանը: Հիմնադրամի աջակցութեամբ դեռ 2015-ին լուծուած է  Գետաւանի ջրամատակարարման հարցը: Համայնքային կեդրոնէն բացի, եւս ակնկալիքներ կան: 60 դպրոցական, նոյնքան ալ նախադպրոցական տարիքի երեխաներ կան գիւղը: Դպրոցը վերակառուցելու եւ մանկապարտէզ կառուցելու հարցը օրակարգի վրայ: Հիմնադրամի տնօրէնը կը խոստանայ, որ այդ մէկն ալ կ’իրականանայ ոչ հեռու ապագային:

ՅԳ. Համայնքային կեդրոնի բացումէն ընդամէնը մէկ օր անց պարզուեցաւ, որ «ոչ հեռու ապագան» այս պարագային իսկապէս շատ պիտի չուշանայ: Հիմնադրամի նուիրատուներէն մէկը՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանը, պատուիրակութեան անդամներուն հետ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի  հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Գետաւանի դպրոցի հիմնանորոգման համար:

 

Երկար Սպասուած Նուէրը՝ Համայնքային Կեդրոնի Տեսքով

 


Մայիս 19-ին տօնական տրամադրութիւնը Ասկերանի շրջան հասաւ: Իվանեանի համայնքին մէջ շահագործման յանձնուեցաւ համայնքային կեդրոնի շէնքը: Սպասուած արարողութեան ներկայ էր նաեւ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը՝ կառավարութեան անդամներու ուղեկցութեամբ: Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Արցախի կառավարութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի համաֆինանսաւորումով: Իվանեանի համայնքին մէջ ասիկա հիմնադրամի մասնակցութեամբ իրականացուած երկրորդ ծրագիրն է:  Առաջինը նախադպրոցական հաստատութեան կառուցումն էր: «Մենք բարձր կը գնահատենք արտերկիր ապրող մեր հայրենակիցներու հոգատար վերաբերմունքը մեզի հանդէպ,- իր խօսքին մէջ ընդգծած է համայնքային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցող Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Գրիգորեանը:- Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը մասնակից է Արցախի Հանրապետութեան կայացման եւ ամրապնդման գործին»: 1500 բնակիչ ունեցող համայնքի համար սպասուած էր նաեւ երկրորդ ծրագիրը՝ համայնքային կեդրոնի կառուցումը: Անիկա հնարաւորութիւն տուաւ մէկ տանիքի տակ հաւաքելու գիւղի բժշկական կէտը, գրադարանը, գիւղապետարանը: Կայ նաեւ համակարգչային սենեակ: Ամենասպասուած նորութիւններէն մէկն ալ հանդիսութիւններու մեծ, լաւապէս կահաւորուած սրահն է, որ համայնքային կեդրոնի եւս մաս կը կազմէ: Օրուան հերոսը հիմնադրամի՝ Թորոնթոյի մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանն է: Իվանեանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումին հետ նաեւ գիւղի խորհրդանշական բանալին ստացած է եւ Իվանեանի համայնքի ղեկավար Բորիս Ղահրամանեանի հետ կտրած է կարմիր ժապաւէնը: «Իմ մաղթանքս է, որ այս կեդրոնին մէջ տեղակայուած բժշկական կէտը օգտագործուի որքան քիչ, այնքան լաւ: Իսկ հանդիսութիւններու սրահը թող հարսանիքներու, կնունք-ծնունդներու համար ամէն օր օգտագործուի»,- կը բարեմաղթէ Մկրտիչ Մկրտչեանը:  Իվանեանի գիւղապետարանը մինչ այդ կը գործէր  բազմաբնակարան շէնքի պզտիկ անկիւնը: Շէնքային նախկին ու ներկայ պայմանները համեմատութեան եզրեր չունին: Իվանեանի համայնքային կեդրոնը կահաւորուած է, ունի ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգ: «Համայնքի ձեւաւորման օրէն կը սպասենք նման հնարաւորութիւններու: Այդ ժամանակ համայնքին մէջ ոչ մէկ բան կար: Իսկ հիմա դպրոց կայ, երկու տարի առաջ այս նոյն ամիսը մանկապարտէզի բացումն էր, այսօր ալ համայնքային հրաշք կեդրոն ստացանք»,- յուզումը չի թաքցներ Իվանեանի համայնքի ղեկավար Բորիս Ղահրամանեանը:


Ջուրն Ու Արեւը՝ Տարուան Առաջնահերթութիւնները

Արցախի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրները աւանդական ուղղութիւններով կը շարունակուին: Բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներ կը կառուցուին, կը շարունակուի համայնքային կեդրոններու կառուցումը, կառուցման, հիմնանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին շարք մը դպրոցներու մէջ: Հիմնադրամի 50 հոգինոց պատուիրակութիւնը հասցուց բազմաթիւ համայնքներ ըլլալ, այդտեղ ծանօթանալ աշխատանքներու ընթացքին:

Տարուան նորութիւնը Արցախի մէջ խորքային հորեր աւելցնելու եւ արեւի ուժանիւթը օգտագործելու հնարաւորութիւններու ստեղծման կ’առնչուի: Ասկերանի շրջանի Յովսէփաւան գիւղին մէջ խորքային հորի խորհրդանշական բացում կատարուած է:  «Շուրջ 16 տեղ սկսած են խորքային հորերու կառուցման աշխատանքները: Քարին տակ գիւղին մէջ բոլոր բնակիչներուն տուները կ’ապահովուին արեւային ջրաջերմացուցիչներով: Իսկ Ասկերանի շրջանին մէջ բոլոր մանկապարտէզները եւ բժշկական հիմնարկները ելեկտրականութիւնը կը ստանան  արեւի շնորհիւ: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը սկսին մօտ մէկ ամիսէն»,- կը մանրամասնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը: Այս բոլոր ծրագիրներուն մէջ հիմնադրամի հետ որպէս համաֆինանսաւորող հանդէս կու գայ Արցախի կառավարութիւնը: «Հիմնադրամի հետ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի,- կը վստահեցնէ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:- Ատիկա արդիւնաւէտ է մէկ կողմէ անով, որ կ’ընդգծուի իրականացուող ծրագիրներու կարեւորութիւնը, միւս կողմէ՝ երկու աղբիւրներէ եղած ֆինանսաւորումը երկկողմանի վերահսկողութիւն կը նշանակէ, ինչ որ նաեւ շինարարութեան որակին վրայ դրական կ’անդրադառնայ»:

 

Թալիշը Կը Վերածնի Համահայկական Ջանքերով

Արդէն երկու տարիէ Թալիշը աւերուած է, բայց գիւղի յուշահամալիրը կոկիկ է, ծաղիկները՝ անպակաս: Անպակաս են նաեւ հիւրերը: Մայիս 20-ին Թալիշը առանձնապէս մարդաշատ էր: Արցախի բարձրաստիճան ղեկավարներն ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները եւ նուիրատուները սահմանապահ գիւղ հասած են: Բոլորը միասին նախ սահմանապահ գիւղի յուշահամալիր այցելած են ու ծաղիկներ խոնարհած:

Թալիշցիները իրենց պատմութիւնը կը գնահատեն ու կը սիրեն: Այդ մէկն ալ իր դերը ունեցաւ, որ Ապրիլեան պատերազմէն անմիջապէս ետք որոշուեցաւ աւերուած Թալիշը վերականգնել եւ զայն նախորդէն աւելի գեղեցիկ, աւելի ապահով դարձնել:  «Ապրիլեան պատերազմէն ետք թիւ մէկ նպատակն էր ցոյց տալ աշխարհին, որ մեզ՝ հայերուս, կարելի չէ կործանել: Եւ այսօր մենք անոր վառ ապացոյցի մասնակիցն ենք: Եւ շատ կարեւոր է, որ մենք ունինք մարդիկ, ինչպիսին՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանը ԱՄՆ-էն, որ բաւական մեծ գումար տրամադրեց եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորումով կրցաւ կեանքի կոչել ծրագիրը»,- ծրագիրի նախապատմութեան կ’անդրադառնայ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Թալիշի «Վերածնունդ» ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը կը յայտարարեն բարերարները՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանը եւ իր կինը՝ Սոսի Բաբելեանը՝ վերածնուող Թալիշի մէջ ամուսնացած առաջին զոյգի՝ Տիգրանի եւ Լիլիթի հետ: Խորհրդանշական յուշատախտակը բանալէ ետք բարերարը անկեղծօրէն կ’ըսէ, որ տարիներ առաջ նոյնիսկ չէր մտածեր, որ Թալիշի մէջ ծրագիր կը ֆինանսաւորէ, բայց երբ կարիքը կը յառաջանայ, պէտք չէ երկար մտածել: «Ես իմ պարտքիս, ազգիս պարտքի ամենաչնչին մասը կու տամ: Թալիշը պաշտպանողները մեր այդ զինուորներն են, մեր այդ զոհերն են: Մեր ուժը մեր երիտասարդներն են, որոնք մեր հողը կը պաշտպանեն, որոնք իրենց արիւնը կու տան՝ առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու,- կ’ընդգծէ Անդրանիկ Պաղտասարեանը:- մի քանի տարի առաջ ես չէի պատկերացներ նոյնիսկ, որ Թալիշի մէջ որեւէ ծրագիր կ’իրականացնեմ: Բայց երբ հանդիպեցայ նախագահին, խօսեցանք, տեղեկացայ իրավիճակին, ըսի՝ պէտք է, ուրեմն կ’ընենք: Վստահ եմ, մեր հայրենակիցներէն շատերը, երբ իրավիճակին աւելի տեղեակ ըլլան, աւելի աշխոյժ կ’աշխատին հայրենիքի մէջ»: Թալիշի «Վերածնունդ» ծրագիրի պաշտօնական բացումը կը յայտարարուի կատարուած աշխատանքներու պատկառելի ծրարով: Կառուցուած է համայնքային կեդրոնը, հանդիսութիւններու կեդրոնը՝ յագեցած բոլոր հնարաւորութիւններով: «Ես կ’ողջունեմ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք ճակատագիրի բերումով կ’ապրին Արցախէն դուրս, բայց իրենց ապրելակերպով, իրենց գործունէութեամբ միշտ հայրենիքի հետ են: Սա մեր հաւաքական ներուժի հերթական դրսեւորումն է: Այս ծրագիրը նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ մեր յաջորդ յաղթանակները արձանագրելու համար»,- Թալիշի «Վերածնունդ» ծրագիրի շնորհանդէսի ժամանակ նշած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:

Պաշտօնական շնորհանդէսէն ետք Թալիշի մէջ աշխատանքները աւելի կ’աշխուժանան: Արցախի կառավարութեան եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով կը շարունակուի դպրոցի, մանկապարտէզի եւ առանձնատուներու շինարարութիւնը:

 

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին