Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ղարաբաղի Զօրքը Ի՞նչպէս Գրաւեց Չինաստանը. Լաչինի Ազատագրման Մասին Ուշագրաւ Պատմութիւն

1992 Մայիս 17-18-ին հայկական ուժերը ազատագրեցին Լաչինը` Բերձորը: Այդ գործողութիւնը արդարացիօրէն կը համարուի Արցախեան պատերազմի կարեւորագոյններէն մէկը, քանի որ Լաչինի ազատագրումով կը վերականգնուէր Հայաստանի ցամաքային կապը Արցախի հետ: Ի զուր չէ, որ անիկա կեանքի ճանապարհ կ’անուանեն, իսկ գործողութիւնը` Լաչինի մարդասիրական միջանցքի բացում:

Լաչինի ազատագրման հետ կապուած կայ առասպել դարձած պատմութիւն մը, ըստ որուն՝ միջազգային քննարկման մը ժամանակ Լաչինը, որ ֆրանսերէն թարգմանութեան ժամանակ հնչած է «La Chine», շփոթի հետեւանքով ընկալուած է իբրեւ Չինաստան:

«Aysor.am»-ը պատմութեան մանրամասներով հետաքրքրուած է Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանէն, որ 1992-ին ԵԱՀԿ-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարն էր ու այս պատմութեան ականատեսը:

«Այո՛, այդ պատմութիւնը իսկապէս իրականութիւն է, բայց խօսքէ-խօսք պատմելով քիչ մը փոխուած է: Իրականութիւնը այսպէս է. 1992-ի Յուլիսին, այսինքն` Լաչինի ազատագրումէն ամիսներ անց, ԵԱՀԿ ծիրէն ներս բանակցութիւններ կ’ընթանային Հռոմի մէջ: Դեռ համանախագահներ չկային, իսկ Մինսքի խումբի նախագահը Մարիօ Ռաֆայէլին էր: Ներկայ էին Մինսքի խումբի անդամները, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնները: Ես հայկական պատուիրակութեան ղեկավարն էի»,- պատմած է Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան:

«Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը իր ելոյթին մէջ ըսած է`«Հայաստանը գրաւած է Լաչինը»: Ես հակադարձեցի անոր եւ ֆրանսերէնով պատասխանեցի` «Հայաստանը չէ գրաւած Լաչինը, Լաչինը գրաւած են Ղարաբաղի ուժերը»: Իմ խօսքը միւս ներկաներուն համար կը թարգմանուէր ռուսերէնով: Քանի որ ֆրանսերէնով Լաչինը կը հնչէ նոյն կերպ, ինչպէս Չինաստան պետութեան անուանումը` «La Chine», թարգմանիչը, որ, հաւանաբար չէր գիտէր Ղարաբաղի Լաչինի գոյութեան մասին, խօսքս թարգմանեց այսպէս` «Հայաստանը չէ գրաւած Չինաստանը, Չինաստանը գրաւած են Ղարաբաղի ուժերը»:

Պէտք էր տեսնել ռուսական ու յատկապէս ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներուն վիճակը այդ թարգմանութենէն ետք»,- ծիծաղելով յիշած է Քրիսթիան ՏէրՍտեփանեան:

Անոր խօսքով` ժամանակին պատմութիւնը շատ հաճելի թուացած էր նաեւ Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանին:

«Կարծեմ 1999-ին էր արդէն, մայիսեան տօներուն, Սարդարապատի մէջ Հայաստան-Սփիւռք համատեղ մեծ ձեռնարկ էր եւ նոյն ծիրէն ներս` ընթրիք: Այդ ժամանակ Արկադի Ղուկասեան այս ուշագրաւ դէպքին մասին պատմեց բոլոր ներկաներուն ու այդպէս ալ անիկա տարածուեցաւ»,- ամփոփած է Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին