Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Վարչապետն Ու Նախագահը Պիտի Միանան Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտութեան Ուսումնարանի Քննարկումին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Արմէն Սարգսեան տեսակապի միջոցով պիտի միանան Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան ուսումնարանին մէջ կայանալիք քննարկման՝ «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» խորագիրով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Civilnet.am»-ը։

Մեծ քննարկումին պիտի մասնակցին աւելի քան մէկ տասնեակ գիտնականներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, յայտնի ցուցարարներ (activist) Հայաստանէն։

Մասնակիցները պիտի անդրադառնան բազմաթիւ հարցերու, զորս ծագած են Հայաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակի փոփոխութենէն, վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրուելէն ետք․ «Ի՞նչ փոփոխութիւններ կարելի է եւ պէտք է ընել շատ արագ՝ հասնելու այն վերափոխման, որ խոստացած են բողոքի շարժումի առաջնորդները», «Քաղաքականութիւնը ի՞նչպէս պիտի փոխակերպուի քաղաքականութեան մշակման եւ իրագործման»:

«Այն, ինչ մարդիկ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս կ’անուանեն յեղափոխութիւն, կը թուէր ե՛ւ անհնարին, ե՛ւ անխուսափելի՝ հաշուի առնելով Հայաստանի քաղաքացիական ուսումնարաններու եւ տնտեսութեան անկումային վիճակը»,- նկատած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Սալբի Ղազարեանը: Անոր խօսքով՝ ուսումնարանը կը հովանաւորէ կիրակնօրեայ ձեռնարկը՝ օգնելու բոլորին հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ այն երկիրներուն մէջ, որոնք կարճ ժամանակահատուածի մէջ կ’անցնին նման լայնածաւալ վերափոխման մէջէն։

Քննարկումի մասնակիցներէն է յեղափոխութեան առաջնորդներէն, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, վրաստանեան Վարդերու յեղափոխութեան ժամանակ երկրի խորհրդարանի խօսնակ Դաւիթ Ուսուպաշվիլին, Յորդանանէն փրոֆէսոր Ֆայեզ Համմատը, որ ուսումնարանին մէջ կը դասաւանդէ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութիւն եւ փրոֆէսոր Աննա Օհանեան, որ պիտի խօսի պետականաշինութեան մարտահրաւէրներուն մասին։

Փրոֆէսոր Քեթի Փիրս պիտի անդրադառնաայ բողոքի ցոյցերուն ժամանակ հասարակական լրատուամիջոցներու դերին եւ հետագայ կառավարման, Իրինա Ղափլանեան պիտի խօսի հասարակական-տնտեսական եւ քաղաքական այն պայմաններուն մասին, որոնք յանգեցուցին բողոքի շարժումին։

Փաստաբան եւ նախկին դատաւոր Էդուարդ Մուրատեան պիտի անդրադառնայ դատական անյապաղ բարեփոխումներուն, լրագրողներ Էմիլ Սանամեանն ու Գրիգոր Աթանեսեանը՝ տարածաշրջանին մէջ սպասուելիք իրադարձութիւններուն։ Տնտեսագէտներ Տարօն Աճեմօղլուն եւ Պետրոս Թերզեանը պիտի խօսին ուժանիւթի կախուածութիւն ունեցող երկրի տնտեսական մարտահրաւէրներուն մասին, որ կը փորձէ աւազակապետութենէն անցում կատարել բաց խաղադաշտի։

«Հզօր ժամանակներ են Հայաստանի եւ հայերու համար։ Աշխարհը իշխանութեան այս խաղաղ, միեւնոյն ժամանակ, հիմնարար փոփոխութիւնը կը կոչէ բացառիկ։ Հայերը Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս ոգեւորուած են եւ խանդավառ։ Այդուհանդերձ, դեռ այնքան շատ բան կայ հետազօտելու եւ վերլուծելու, որպէսզի հսկայական այս փոփոխութեան մէջ ներգրաւուիլ ուզողները ատիկա ընեն օգտակար եւ գործնական ճանապարհով»,- ըսած է Սալբի Ղազարեան։

Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 20-ին Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան ուսումնարանին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին