Մարդու գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը կ’իրականացուի արուեստի տարբեր միջոցներով: Արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն մեզի կը ներկայացնէ կեանքի ողբերգական կամ հերոսական, վեհ կամ նսեմ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ կողմերը: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին կը ներկայանանք գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսով մը, որ կը միտի քաջալերել տաղանդաւոր եւ արուեստը սիրող աշակերտները:
Ուրբաթ, 18 Մայիս 2018-ին վարժարանիս մէջ աշակերտները արտակարգ ոգեւորութեամբ կը սպասէին օրուան յարգարժան հիւրին, լիբանանահայ արուեստի աշխարհին մէջ իւրայատուկ տաղանդով օժտուած արուեստագիտուհի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեղական վարչութեան անդամ Տիկ. Լենա Այտընեանին, ինչպէս նաեւ գեղանկարչուհի Ուսայմա Տիմաշքիային, որոնց նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ միջդասարանային ձեռային աշխատանքներու մրցանքը (նախ. Ա-էն միջն. Բ.):
Մրցանքի աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Աշակերտական Ցուցահանդէս»-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ծնողներ:
Վարժարանիս միջնակարգի արաբերէն լեզուի դասատու Տիկ. Նաժուա Եազպէք իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց յարգարժան հիւրերուն, ապա, ներկայացնելով Տիկ. Լենա Այտընեանը, ըսաւ, որ ան իր մասնագիտութեան՝ դեղագործութեան զուգահեռ զարգացուցած է իր գծագրական տաղանդը եւ կը համարուի Լիբանանի նշանաւոր գեղանկարիչներէն մէկը, որ գոյներու, գիծերու, շուքի եւ լոյսի միջոցով իր գործերուն մէջ կ’արտայայտէ մարդու ներաշխարհին մէջ գոյացող պայքարները: Ապա, ներկայացնելով Ուսայմա Տիմաշքիան, ըսաւ, թէ ան Արաբական Մշակութային Միութեան Գեղագիտական Յանձնախումբի ատենապետն է, «White Space» պատկերասրահին՝ սեփականատէրը, ուր կը ներկայացուին ցուցահանդէսներ: Ան ամուր յարաբերութիւններ հաստատած է լիբանանցի եւ արաբ արուեստագէտներու հետ: Կը գծէ ներքին գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն ունենալու համար: Կեանքի եւ միջավայրի դրութիւնները եւ առօրեայ փորձառութիւնները կը հանդիսանան անոր ներշնչման աղբիւրը: Ան կը սիրէ նաեւ երաժշտութիւնը:
Վերջապէս, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ դպրոցական ծրագիրին զուգահեռ վարժարանս յատուկ հոգատարութիւն կը տածէ գեղարուեստի նկատմամբ: Այս տեսակէտէն մեկնելով՝ ամէն տարի կը ներկայանանք մեր աշակերտներուն գծագրական եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսով: Հայկական մշակոյթը մարմնաւորող անկիւնը, որ նուիրուած էր Երեւանի 2800-ամեակին եւ Սարդարապատի Հերոսամարտի 100-ամեակին, անմասն չմնաց այս ցուցահանդէսէն: Ան իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով, որ գծագրութիւնը կ’ընդարձակէ աշակերտին մտահորիզոնը եւ կը զարգացնէ անոր ստեղծագործութեան ոգին, որուն ընդմէջէն ան կը դրսեւորէ իր ապրումները: Այս ցուցահանդէսով կու գանք յայտնաբերելու մեր աշակերտներուն թաքուն ձիրքերը, ինչպէս նաեւ անոնց կապուածութիւնը հայկական գեղարուեստին ու հայոց պատմութեան: Տնօրէնուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին վարժարանիս հրաւէրին, ապա զանոնք պատուեց յուշանուէրով մը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անուանացանկը իւրաքանչիւր շրջանի առաջին երեք մցանակակիրներուն՝
Գ. շրջանէն՝ Գէորգ Գէորգ (միջն. Ա. ), Կարօ Կիւլեան (Միջն. Ա. ) եւ Տէյվիտ Գէորգ (միջն. Ա. ): Բ. շրջանէն՝ Ատրիանա Տօմպուրեան (նախ. Զ.), Ալին Գէորգեան (նախ. Ե.) եւ Ռիթա Նալպանտեան (նախ. Զ.): Ա. Շրջանէն՝ Սելինա Քէօսէեան (նախ. Գ.), Սելինա Մուրատեան (նախ. Բ.) եւ Պերճ Գոմպեճեան (նախ. Բ.): Իսկ ձեռային աշխատանքներու մրցանքին մասնակցող իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ վկայագիր մը:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի ուսուցչակազմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կու գայ անգամ մը եւս ամրապնդելու վարժարանիս առաքելութիւնը՝ ջամբելով ուսում, արուեստ, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն: