*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Շուշի–Ստեփանակերտ Ճոպանուղին Կը Գործէ
Արցախի Պետական Նախարարը Խօսած Է 2017-ի Ձեռքբերումներուն Եւ 2018-ի Ծրագիրներուն Մասին
Արցախի Ազգային ժողովին մեկնարկած են 2017 թուականի պետական պիւտճէի կատարման շուրջ քննարկումները: Նախքան Պիւտճէ-2017-ի մանրամասնութիւններուն անդրադառնալը, ֆինանսներու նախարարը ընդհանուր իրավիճակը ներկայացուցած է: 2017 թուականը տնտեսական առումով կարելի է ձեռքբերումներու տարի համարել: «2017-ի տնտեսական աճը հանրապետութեան մէջ կազմած է 15.6 տոկոս: Համախառն ներքին արդիւնքը կազմած է 272.1 միլիառ դրամ՝ 2016-ի 229.7 միլիառ դրամի դիմաց»,- նախորդ տարուան ձեռքբերումներուն կ’անդրադառնայ ֆինանսներու նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան: Աճի նման աննախադէպ ցուցանիշներու ֆոնին բնական կը հնչեն պիւտճէի կատարողականը բնութագրող թիւերը: Սեփական եկամուտներու մասով 2017-ին 23 տոկոսով գերակատարուած են նախորդ տարուան մօտաւորապէս 7 տոկոսով ծրագրաւորուած մուտքերը:
2017-ին մօտ 9 տոկոսով աճած են պետական պիւտճէի ծախսերը: Ընկերային հատուածի ծախսերը ընդհանուրի մօտ 35 տոկոսը կազմած են եւ ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուած են: Տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ միւս հիմնական ոլորտներուն մէջ եւս ծախսերու կատարողականը 100 տոկոսի մօտ է: Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կատարուած աշխատանքը դրական որակած է եւ վստահեցուցած է, որ կառավարութեան կազմը 2018-ի համար եւս աճի ունեցած թափը պիտի պահպանէ: Պետական նախարարը իր խօսքին մէջ որոշ մանրամասնութիւններու անդրադարձած է: Անոնց շարքին առաջինը յատկապէս ընդդիմադիր հատուածէն պարբերաբար հնչող մեղադրանքն է, թէ Արցախի տնտեսութիւնը չափէն աւելի շատ կախուած է լեռնահանքային արդիւնաբերութենէն: Արայիկ Յարությունեան չի ժխտեր, այո՛, 2017-ին տնտեսական աճի մեծ բաժինը հանքաարդիւնաբերութիւնը ապահոված է, ինչ որ անսպասելի երեւոյթ չէր, եւ 2018-ին ալ այդպէս կ’ըլլայ: «Մենք այդպէս ալ նախատեսած էինք, որ 2017-ին տնտեսական աճի հիմնական մասը Կաշէնի հանքավայրը պէտք է ապահովէ: 2018-ին ալ աճի հիմնական մասը նոյնինքն այս ոլորտէն կ’ակնկալենք: Եւ առաջին եռամսեակի հաշուարկով արդէն 16 տոկոսի տնտեսական աճ ունինք: Անոր զգալի մասը լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնը ապահոված է»,- մանրամասնած է Արցախի պետական նախարարը եւ վստահեցուցած, որ տնտեսութեան միւս ճիւղերն ալ չեն անտեսուիր, յատկապէս հեռանկարային զարգացման ծիրէն ներս: Ելեկտրաուժանիւթի արտադրութիւնը այդ ուղղութիւններէն մէկն է: «Այս պահուն Արցախի մէջ մօտ մէկ ու կէս տասնեակ նոր ջրելեկտրակայաններ կը կառուցուին: Անոնց մէկ մասը շահագործման պիտի յանձնուի այս տարի, միւսները՝ հետագայ տարիներուն: Այդ ձեւով պիտի պահպանուի աճի թափը այս ոլորտին մէջ եւս»,- Ազգային ժողովին կայացած հանդիպումին յայտարարած է Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ եւս աճի թափը կը պահպանուի: Պետական նախարարը բոլոր փակագիծերը չի բանար, բայց կը վստահեցնէ, որ մեկնարկած են ծրագիրներ, որոնց արդիւնքները անհամեմատ մեծ պիտի ըլլան: «Ընդլայնուած են մշակուող տարածքները: Այդ գործընթացը կը շարունակուի: Մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք յատկապէս նոր այգիներու հիմնադրման, գիւղատնտեսութեան մէջ նոր ու ժամանակակից արհեստագիտութիւններու ներդրման»,- ընդգծած է Արայիկ Յարութիւնեան:
Յաւակնոտ ծրագիրներ կ’ուրուագծուին նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ: Ժամանակին անհաւանական թուացող ծրագիրներէն մէկը արդէն կը նախագծուի հիմա: Ստեփանակերտը եւ Շուշին նաեւ ճոպանուղային կապ պիտի ունենան: «Ճոպանուղիի նախագիծը արդէն պատրաստ է: Սակայն միայն ճոպանուղիի կառուցումով պիտի չբաւարարուինք: Շուշիի մէջ կը նախատեսենք նաեւ ժամանակակից հանգիստի ու ժամանցի գօտի ունենալ»,- ծրագիրը ընդհանուր գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
Ստեփանակերտ