*ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք«ի Երեւանի Աշխատակից
Կոմիտաս, ինչպէս սիրածից, քո երգից ես չեմ կշտանում,
Թուում է իմ Արագածի հեռաւոր հովերն են գալիս, –
Թուում է դեռ պանդուխտ եմ ես ու երգդ ինձ տուն է տանում,
Ու դէմից Սեւանն է կանչում, կարօտած իմ եարն է լալիս…
Դու մեր հին վշտերի մորմոք, մեր սիրոյ ծիրանի դու ծով,
Կոմիտաս, թէ մթին հեռուում հալուի էլ Մասիսն իմ անհետ,
Դու նորից Մասիս կը մնաս մեր երգի նուրբ շշնջոցով,
Աշխարհի ծովերը մտած դու հայոց մայր մրմունջի գետ։
Յովհաննէս Շիրազ
Երգահան, ազգագրագէտ, գիտնական, մանկավարժ, խմբավար, երգիչ, հասարակական հզօր եռանդի տէր արուեստագէտ Կոմիտասին վիճակուեցաւ շրջադարձային դեր խաղալ հայ երաժշտական մշակոյթի պատմական զարգացման մէջ: Կոմիտասի մեծագոյն վաստակը ազգային վերածնունդի դարաշրջանի գեղարուեստական գաղափարներու կուտակումն էր, անոնց մարմնաւորման կենսունակ ձեւերու յայտնաբերումը: Մշակելով իր գեղագիտական իտէալները, հիմնուելով հայ երաժշտութեան խոր եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան վրայ՝ ան առաջ քաշեց հայ երաժշտութեան ինքնուրոյնութեան կարեւոր դրոյթը եւ իր բազմաբնոյթ գործունէութեամբ հիմնադրեց ազգային դասական երաժշտութիւնը, կանխանշեց անոր հետագայ զարգացման ուղիները:
2015 թուականի Յունուար 29-ին Երեւանի մէջ Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի բացումը, որուն կառուցման որոշումը կայացուած էր 2013 թուականի Մայիս 30-ին Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին՝ ՀՀ նախագահի առաջարկի հիման վրայ: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող կառոյցը յագեցած է ժամանակակից արհեստագիտութիւններով. ունի համերգասրահ, մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ: Այստեղ կը գործեն գիտահետազօտական կեդրոն, համերգային դահլիճ, երաժշտանոց, գրադարան:
«Զարթօնք»-ի պտոյտները Հայաստանի մշակութային գանձարաններ կը շարունակուին: Մեր այս շաբթուան կանգառը Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկն է: Մեր հարցերուն սիրով պատասխանեց Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ներկայացուցիչ Սեւակ Յակոբեանը:
«Զ.» – Կ’ըսէ՞ք՝ հիմնադրման ի՛նչ պատմութիւն ունի թանգարան–հիմնարկը: Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս տեղի ունեցած է բացման արարողութիւնը:
«Ս. Յ.» – Թանգարանի ստեղծման գաղափարը հասունցած է 2013-ին, երբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին որոշում կայացուեցաւ ստեղծելու Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ձեռնարկին նուիրաբերեց Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգին գտնուող նախկին Մշակոյթի պալատը, որուն հիման վրայ ալ սկսան կառուցապատման աշխատանքները: Այդ աշխատանքներու ֆինանսական ծախսերը հոգացած են «Փիւնիկ» մարդկային միջոցներու զարգացման համահայկական եւ «Լոյս» հիմնադրամները: Թանգարան-հիմնարկի կառոյցի ճարտարապետը Արթուր Մեսչեանն է: Ծրագիրը իրականացուցած է Թանգարանային խորհուրդի (ICOM) Հայաստանի ազգային կոմիտէն: Ծրագիրի ու ձեռնարկի նախաձեռնութիւնը, գաղափարը եւ հովանաւորութիւնը կը պատկանին ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեր մտայղացումները կեանքի կոչել, եւ այդպիսով թանգարանը հանրութեան ներկայացուեցաւ 2015-ին Յունուար 29-ին: Նոյն այդ օրն ալ թանգարանը պաշտօնապէս բացուեցաւ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ն եւ շարք մը բարձրաստիճան հիւրեր:
«Զ.» – Ի՞նչ առաքելութեամբ հիմնադրուած է թանգարան-հիմնարկը:
«Ս. Յ.» – Թանգարան-հիմնարկը նպատակ ունի մէկտեղելու Կոմիտասի ամբողջ ժառանգութիւնը, համակողմանիօրէն ներկայացնելու Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութեան տարբեր ոլորտները, ինչպէս նաեւ հանրաճանաչ դարձնելու անոր երաժշտական ժառանգութիւնը: Անհրաժեշտ պայմաններ կը ստեղծուին համերգային, կրթական ծրագիրներու եւ գիտական հրապարակումներու միջոցով Կոմիտասի կեանքն ու գործը աւելի ընդգրկուն կերպով ներկայացնելու համար:
Մինչեւ թանգարանի հիմնադրումը, գոյութիւն չուներ նման վայր մը, ուր մէկտեղուած ըլլար Կոմիտասի՝ աշխարհով մէկ սփռուած հարուստ ժառանգութիւնը: Կոմիտասի արխիւը կը պահուի Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, իսկ որոշ մասը` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Պոլիս, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլուր: Այս թանգարանը հնարաւորութիւն ընձեռեց հաղորդակից ըլլալու, հետազօտելու թէ՛ Կոմիտասի կեանքն ու գործը, թէ՛ հայ երաժշտութեան պատմութիւնը: Թանգարան-հիմնարկը աշխարհին կը ներկայացնէ Կոմիտասը, հայ երաժշտութիւնն ու պատմութիւնը եւ հայ ազգը:
«Զ.» -Ինչո՞վ կը զբաղի թանգարանի գիտահետազօտական հիմնարկը:
«Ս. Յ.» – Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտահետազօտական հիմնարկը նպատակ ունի համակարգուած կերպով հետազօտելու Կոմիտասի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Այդ առումով կը շեշտուի հայ հոգեւոր երաժշտութեան տարբեր ճիւղերու եւ դպրոցներու պատմական ու տեսական խնդիրներու հետազօտութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ըստ Կոմիտասի գիտական մօտեցումներուն: Գիտական ուղղութիւնը, մեր գործունէութեան մէջ առանցքային համարելով, մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք անոր, որպէսզի այդ գործունէութիւնը ընթանայ թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ միջազգային հարթակներու վրայ:
Առհասարակ կը փորձենք մեր ցուցադրութիւններու նիւթերը ներկայացնել գիտական հրապարակումներու ձեւով, այսինքն՝ ոչ միայն որպէս պատկերագիրք, այլեւ յօդուածաշար:
«Զ.» -Ի՞նչ միջոցառումներ կը կազմակերպուին թանգարանին մէջ: Կրթական ի՞նչ ծրագիրներ ունի թանգարանը:
«Ս. Յ.» – Թանգարանային միջոցառումները բազմազան են՝ սկսած համերգներէն մինչեւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնները: Մեր մօտ պարբերաբար կը կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ, զրոյց-քննարկումներ Կոմիտասի, իր ձգած ժառանգութեան եւ ընդհանրապէս հայ երաժշտութեան մասին: Նախորդ տարի ալ առաջին անգամ ըլլալով ամառնային դպրոց կազմակերպեցինք՝ «Կոմիտասը եւ հայ երաժշտութիւնը» թեմայով, որ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ:
Կրթական ծրագիրները թանգարանային մշակոյթի հիմքն են եւ բաւականին կարեւոր են, քանի որ անոնք կը փոխանցեն թէ՛ գաղափարներ, թէ՛ գեղեցկութեան ընկալում: Կրթական ծրագիրներու շնորհիւ կապ կը ստեղծուի թանգարանին եւ այցելուներուն միջեւ: Այդ փոխազդեցիկ կապը կ’ապահովէ թանգարանի՝ ժամանցի վայր դառնալը:
Կրթական ծրագիրները տարբեր ուղղուածութիւն ունին՝ երաժշտական, ուսուցողական, մոռցուած երգերու եւ օրօրներու, հայկական երաժշտական գործիքներու հետ ծանօթացման նուիրուած եւ այլն: «Օրօրներ» կրթական ծրագիրը ICOM-ի կրթութեան եւ մշակութային գործունէութեան միջազգային կոմիտէի «Լաւագոյն փորձ» կրթական ծրագիրներու 2016 թուականի մրցանակաբաշխութեան արժանացած է մրցանակի եւ ընդգրկուած է լաւագոյն ծրագիրներու հնգեակին մէջ:
«Զ.» -Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի թանգարանը:
«Ս. Յ.» – 2016-ին լոյս տեսած է մեր առաջին պարբերականը՝ «Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» վերնագիրով տարեգիրքը: 2018-ին ալ ընթերցողի սեղանին դրուեցաւ երկրորդը՝ «Կոմիտասը եւ հայ աւանդական երաժշտութիւնը»:
Մեր գիտական ներուժով տարեկան 10-15 գիտական յօդուած կը հրատարակենք ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտերկրի մէջ՝ նուիրուած Կոմիտասին, բանագիտութեան, միջնադարագիտութեան, հայ երգահանութեան արուեստին:
«Զ.» -Ի՞նչ սրահներէ բաղկացած է թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը: Ի՞նչ կարելի է տեսնել թանգարանին մէջ, ի՞նչ բաժիններով կ’իրականացուի ցուցադրութիւնը:
«Ս. Յ.» – Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութեան կազմակերպման համար թանգարանային առարկաներ յանձնուած են Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն:
Կոմիտասի ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը, ապրումներն ու մտորումները, երաժշտական-տեսական եւ հոգեւոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ բանահաւաքչական հարուստ ժառանգութիւնը ամփոփուած են թանգարանի 8 սրահներու մշտական ցուցադրութեան մէջ, որուն հեղինակը եւ համադրողը Վարդան Կարապետեանն է, ձեւաւորող–նկարիչը՝ Ալպերթօ Թորսելլոն:
Առաջին՝ «Ժամանակագրութիւն» սրահին մէջ ներկայացուած է Կոմիտասի կենսագրութիւնը, երկրորդ՝ «Կոմիտասը եւ իր ժամանակակիցները» սրահին մէջ՝ բոլոր այն ճամբաները, որոնցմով անցած է Վարդապետը ժամանակի գիտական միտքն ու հոգեւոր արժէքները կրող անհատականութիւններու հետ:
Երրորդ՝ «Կոմիտասի միտքը» սրահին մէջ ներկայացուած են Կոմիտասի աշխատութիւնները, անձնական օգտագործման իրերը, վկայականները: Չորրորդ՝ «Կոմիտասի բանահաւաքչական գործունէութիւնը» սրահին մէջ ներկայացուած է այն միջավայրը, ուրկէ Կոմիտասը նօթագրած է հայկական երգերը:
Հինգերորդ՝ «Երգահան Կոմիտասը» սրահին մէջ՝ իր ստեղծագործութիւնները՝ հեղինակային մեղեդիները:
Վեցերորդ՝ «Կոմիտասը եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը» սրահին մէջ ներկայացուած է հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը, որ Վարդապետի ողջ գործունէութեան էական մասը կը կազմէ:
Եօթներորդ՝ «Կոմիտասի ելոյթները» սրահին մէջ ներկայացուած է մեծ երգահանի՝ որպէս հայ երգի քարոզիչի գործունէութիւնը՝ համերգներն ու դասախօսութիւնները, որոնցմով հանդէս եկած է Փարիզի, Լոզանի, Աղեքսանդրիոյ, Թիֆլիսի, Կ. Պոլսոյ մէջ եւ այլուր։
Ութերորդ սրահ՝ «Կոմիտասէն ետք». այստեղ ներկայացուած են Կոմիտասին նուիրուած արուեստի տարբեր գործեր՝ քանդակներ ու նկարազարդումներ:
«Զ.» -Ի՞նչ կը ներկայացնէ Կոմիտասի գիտաժողով փառատօնը: Ե՞րբ տեղի կ’ունենայ անիկա:
«Ս. Յ.» – Տարուան ընթացքին մէկ անգամ տեղի կ’ունենայ միջազգային գիտաժողով-փառատօնը (մեկնարկը տրուած է 2016-ին): «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողովը տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր տարուան Սեպտեմբեր 26-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 8՝ Կոմիտասի՝ նոր եւ հին տոմարներով ծննդեան օրուան միջեւ ինկած ժամանակահատուածին։ Գիտաժողովի ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած երաժշտագէտներ կը ներկայացնեն իրենց հետազօտութիւնները, կը քննարկեն, հարցադրումներ ու նոր գաղափարներ կ’առաջարկեն։ Կը մասնակցին ոչ միայն երաժշտագէտներ, այլ նաեւ յարակից գիտաճիւղերու ներկայացուցիչներ։ Ընդհանուր թեման կ’ընդգրկէ Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութեան տարբեր ոլորտները՝ միջնադարագիտութիւն, երաժշտական բանահիւսութիւն, երաժշտահանութեան արուեստ եւ այլն։
Փառատօնի ընթացքին կը հնչեն Կոմիտասի երաժշտութիւնը, Կոմիտասի ժամանակաշրջանի երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր ազգերու միջնադարեան եւ էթնիկ երաժշտութիւնը։ Կը ծրագրենք այս տարի եւս իրականացնել նման փառատօն: Այժմ մեծ աշխատանքներ կը տարուին Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ, գիտական եւ համերգային մեծ ծրագիրներ կը նախագծեն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտասահմանի մէջ:
«Զ.» -Որո՞նք են թանգարանի բարեկամներն ու բարերարները: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
«Ս. Յ.» – Ինչպէս արդէն նշեցի, թանգարանի կառուցման ֆինանսական ծախսերը հոգացած են «Փիւնիկ» մարդկային միջոցներու զարգացման համահայկական եւ «Լոյս» հիմնադրամները, իսկ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ձեռնարկին նուիրաբերած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգին գտնուող նախկին Մշակոյթի պալատը: Որպէս ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պատկանող կառոյց, բնականաբար, սերտ համագործակցութիւն ունինք նաեւ նախարարութեան հետ:
2016-էն Միջազգային թանգարանային միութեան (ICOM) անդամ ենք, որուն անդամակցութեան առաջին իսկ տարին մեր թանգարանը մասնակցած է Միջազգային թանգարանային ժողովին եւ առաջադրուած է թեկնածութեան: Ժողովին Հայաստանէն առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէր թանգարան:
Թանգարան-հիմնարկի գիտական բաժինը կ’անդամակցի հեղինակային այնպիսի կառոյցներու, ինչպիսիք են՝ IMS-ը (Միջազգային երաժշտագիտական ընկերութիւն), ICTM-ը (Աւանդական երաժշտութեան միջազգային խորհուրդ), Մոնոտիայի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնը:
Միջազգային հարթակի վրայ համագործակցութիւն կայ այն արխիւներուն եւ հաստատութիւններուն հետ, որոնց հետ առնչուած է Կոմիտասը, գրած է կամ հրատարակուած: Սփիւռքի հետ կապերը եւս ամուր են, յատկապէս այն երկիրներուն, ուր ժամանակին ապրած ու ստեղծագործած է Կոմիտասը:
«Զ.» – Կոմիտասի երաժշտութիւնը ոճական այնպիսի անաղարտութիւն է, այնպիսի վսեմաշուք լեզու, որ դժուար է շրջանցել զայն, անհնար է չկրել անոր ազդեցութիւնը: Յիշեցնեմ, որ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը կը գտնուի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ Երեւանի Արշակունեաց 28 հասցէին վրայ:
Հեռ. + 374 11 570 570, +374 95 614622
ել. հասցէ` contact@komitasmuseum.am
Կայք էջ` www.komitasmuseum.am