Արցախի եւ Հայաստանի թանգարանները այս տարի եւս պիտի միանան Թանգարաններու միջազգային օրուան ձեռնարկներուն, որ պիտի կրէ «Գերհաղորդակցուող թանգարաններ․ նոր մօտեցումներ, նոր հասարակութիւն» խորագիրը: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի պետական-պատմաերկրագիտական թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեանը:
Ան նշած է, որ Մայիս 18-ին Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ նոր ձեռքբերուած արցախեան ձեռագործ գորգերու ցուցահանդէս, իսկ Մայիս 19-ին՝ Արցախի պետական համալսարանին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը 1918-1920 թթ.» թեմայով դասախօսութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին:
Խօսելով թանգարան եւ այցելու կապին մասին՝ տնօրէնը ըսած է, որ վերջին տարիներուն անիկա բաւական սերտացած է, որ կը հաստատէ այցելուներու մեծ հոսք ունենալը:
«Ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, թանգարանը քարոզչական առաքելութիւն կ’իրականացնէ, յատկապէս արտերկրէն ժամանածներուն համար: Շատ կարեւոր է, որ այցելուները ճիշդ եւ յստակ տեղեկութիւն ստանան մեր երկրի իրական պատմութեան մասին եւ իրենց աչքերով տեսնեն Արցախը: Ուրախալին նաեւ այն է, որ թանգարան այցելողները, ծանօթանալով մեր պատմութեան, կը փոխեն իրենց պատկերացումները թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ արցախցիներու հանդէպ, քանի որ անոնք կը տեսնեն քրիստոնէական երկրամաս մը, հայկական մշակոյթ եւ օրէ-օր զարգացող երկիր»,- մասնաւորապէս ըսած է Մ. Բալայեանը:
Նշենք, որ Թանգարաններու միջազգային օրը կը նշուի 1977 թուականէն UNESCO-ի (ՄԱԿ-ի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւն) եւ ԻԿՕՄ-ի (Թանգարաններու միջազգային խորհուրդ)-ի նախաձեռնութեամբ: